ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՎ ԼԵՌԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Լիբանանահայ թատերագիր եւ բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի «Ծերունին եւ Լեռը» տրաման կարելի է անուանել նաեւ «Հայու Ճակատագիր», գուցէՙ «Ո՞ւր կը տանին ճամբաները», կամՙ «Խորհրդաւոր լերան կանչը» եւ այլն... Սակայն ինչ անունով ալ կոչես զայն, միեւնոյնն է, հանդիսատեսը գործին պարտադրած ծիծաղի ու յուզումի ելեւէջներուն մէջ, հոգեկան թռթիռով պիտի դիտէ ու ծափահարէ զայն: Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ ներկայացուելէ ետք, Հայաստանի ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցչութեան հրաւէրով Հալէպի Հ. Ե. Ընկերակցութեան «Ադամեան» թատերախումբը երեք ելոյթներ ունեցաւ Երեւանի Մալեան թատերասրահին մէչ, իսկ չորրորդը չորեքշաբթի օրՙ Գիւմրիի մէջ: Ատրունին արձակագիր է եւ թատերագիր, իր պատմուածքներն ու թատերական գործերը ընդհանրապէս զուարթաբանութեամբ համեմուած, հաճոյքով կը կարդացուին ու կը դիտուին: Տակաւին անցեալ տարի լոյս տեսաւ իր պատմուածքներու ծաւալուն հաւաքածոնՙ «Մեր թաղի մարդիկը» խորագիրը կրող: Իմ կարծիքով ան նաեւ սփիւռքահայ ամենաբեղուն թատերագիրն է: Ինք կը գրէ եւ իր գրածներն ալ ինք կը բեմադրէ: Շրջապատի մարդկային հաւաքականութիւնները դիտելու եւ անոր մէջ խորասուզուելու իւրայատուկ կարողութիւն ունի: Շատ լաւ գիտէ բռնել ժողովուրդին բազկերակը: Եւ անշուշտ այդ բոլորէն ետք կը հրաւիրէ ժողովուրդը, որ գայ ու ինքզինք դիտէ թատրոն կոչուած հայելիին մէջ: Չի քարոզեր, բայց անուղղակիօրէն կը թելադրէ: «Ծերունին եւ ծովը» երգիծախառն տրաման պատմութիւնն է քեսապցի ընտանիքի մը, որ ժամանակին Հայաստան ներգաղթած է ու հիմա ալ կ՛ուզէ Ամերիկա փոխադրուիլ եւ իր ճամբուն վրայ Փարիզի օդակայանի սպասասրահին մէջ է, ուր տեղի կ՛ունենան թատերգութեան բոլոր իրադարձութիւնները: Տէր եւ տիկին Չափարեանները, տիկնոջ հօր Արարատի պապի եւ իրենց զաւկինՙ Նարեկին հետ կը սպասեն թռիչքի յայտարարութեան, առանց բառ մը իսկ ֆրանսերէն իմանալու, որուն պատճառով, ամէն անգամ որ կը հնչէ բարձրախօսը, իրար կ՛անցնին հասկնալու համար, թէ ի՞նչ յայտարարուեցաւ: Իրարանցումը կը հասնի գագաթնակէտին, երբ Արարատ պապը կը կորսուի: Շեշտուած է հայու թափթփածութիւնը անոր ձեռքի առարկաներէնՙ ձեռքի պայուսակներ եւ պոխճա մը (այս օրերուն ո՞վ այդպիսի ծրարով կը ճամբորդէ, ան ալ Ամերիկա, առանց խոշոր ճամպրուկներու): Կինը իր հետ ունի վաղուց մահացած իր մօր աճիւնները կուժի մը մէջ, որուն վրայ կը դողայ, որ բան մը չպատահի: Ան նոյնիսկ կը համարձակի ամուսնոյն անդրավարտիքը պայուսակէն հանել եւ փռել նստարանին վրայ, քանի խոնաւ է (անհեթեթ աւելորդ պատկեր): Ամուսինը գիտնական է ու իր հետ ունի ձմերուկ մը, որ իր «առանց կուտի ձմերուկ» գիւտին արդիւնքն է, որ Ամերիկա պիտի տանի իր գիւտը ցուցադրելու եւ հսկայ գումարի տէր դառնալու: Քիչ մը չափազանցուած զաւեշտախառն պատկերներով կը շարունակուին իրադարձութիւնները: Արարատ պապը չի գտնուիր: Ան դիտմամբ «կորսուած» է, որպէսզի հաստատ մնայ իր փափաքին վրայ. կը մերժէ Ամերիկա երթալ ու ամէն միջոցի կը դիմէ, որ վերադառնայ իր ծննդավայր Քեսապը: Եւ այդպէս ալ կ՛ընէ, Փարիզէն կը վերադառնայ Սուրիա, ուր Դամասկոսի օդակայանին մէջ քեսապցիներ «տաւուլ-զուռնայով» զինք դիմաւորելու եկած են: Դէպքերու արագընթաց պատկերներ կը շարունակուին, ուր իրենց որդին սիրած աղջկան հետ Հայաստան կ՛երթայ երկրաշարժի զոհերուն օգնելու իր հայրենասիրական մղումին մէջ: Թատերգութեան ամբողջ միտք բանին ծննդավայրի կարօտն է, ինչպէս Ատրունի իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ, թէ ասիկա իւրաքանչիւր սփիւռքահայի պատմութիւնն է, իր մտահոգութիւններով, տագնապներով, երազներով... Դերակատարներուն մեծ մասը փորձառու ըլլալով, իրենց ուսերուն տարին մօտ երկու ժամ տեւող տրաման, սակայն չեմ կրնար չառանձնացնել գործին կորիզը կազմող Արարատ պապը (Սմբատ Երէցեան), որուն մենախօսութիւնը Քեսապի բնութեան գեղեցկութեան, անոր օդին ու հողին, անոր լերան ու ծովին մասինՙ յուզիչ է: Ան կ՛ըսէ, թէ Նոյի տապանը եթէ Արարատի վրայ չկանգնէր, անպայման Քեսապի ամենաբարձր լերանՙ Սիլտիրանի վրայ պիտի կանգնէր... Եւ իր տարերքին մէջ, իր խելահեղ պարը կը պարէՙ ոտքը գետին զարնելով, քեսապցիներուն ամենասիրելի պարերգըՙ «Կէրմիր ֆիստան հագուծ է»-ն երգելով: Ծննդավայրին հանդէպ ծերունիին սէրն ու կարօտը այս հմայիչ իրավիճակէն աւելի պատկերաւոր կարելի չէ երեւակայել: Թերացումներ կայի՞ն, անշո՛ւշտ, սակայն իր ամբողջութեան մէջ գործը «կպաւ» հանդիսատեսի սրտին: Ապրի՛ն ադամեանցիները, որոնք ոչ միայն այս գործը, այլ Սուրիոյ ութնամեայ պատերազմի ամբողջ ընթացքին յաջողութեամբ բեմ բարձրացուցին 14 թատերական գործ: |