ԱՐՁԱՆԱԳՈՐԾԸ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ, Փարիզ Արձանագործը՛ Արթօ Չաքմաքճեան, երկրէ երկիր ու տարիներու երկայնքին յամառ աշխատանքով ու փորձառութեամբը աշխարհի քանդակեց ձեւեր, որոնք ազատ ու արձակ տարածքներ կը բանան մեր նայուածքին համար: Խաչուած մարմինները, Պատռտուած կերպարանքները, Ժամանակին մէջէն, Միջոցին մէջէն, Կինը կոչուած գործերը եւ շատ ուրիշներ թաքուն աղէտ մը կը պատմեն, երբ կը քայքայեն նմանութեան սկզբունքը եւ կը մտնեն փոխակերպումի հոլովոյթին մէջ: Արտօ Չաքմաքճեան աւելի ծանօթ թուող մարդոց ընդմէջէն, այսինքնՙ Նարեկացիի ու Կոմիտասի կերպարներուն սեւեռեց նիւթը, քարն ու մետաղը զանցող, ու կերպադրող մտածումը: Արթօ այդ խորհուրդը պարզեց ու փառաւորեց առանց հռետորութեան, այն շօշափելի բացայայտութեամբ ու անվիճելի ճշմարտութեամբ, որ յատուկ է միայն մեծ արուեստագէտին: |