ԼԵԶՈՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ Մեծ ուրախութեամբ իմացանք, որ ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի ինստիտուտի կողմէ հրատարակուած «Լեզու եւ լեզուաբանութիւն» հանդէսը իր 20րդ յոբելեանական թիւը հրատարակած է, որուն շնորհանդէսը կատարուած է անցեալ Սեպտեմբերին: Իր գիտական կուռ բովանդակութեամբ Լեզուի ինստիտուտի աւանդներուն հաւատարիմ ու հետեւորդ հանդէսը կը մնայ հայերէնագիտութեան ջահը կրող ու դէպի ապագայ տանող կարեւոր հրատարակութիւն մը, որուն համար պէտք է շնորհաւորել ինստիտուտի ղեկավարութեան ու հանդէսի գլխաւոր խմբագիր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր Վազգէն Համբարձումեանի նախաձեռնութիւնն ու տքնաջան աշխատանքը անցնող քսան տարիներուն ընթացքին: Հրաչեայ Բալոյեանի տեղեկատուութիւնը («Լեզուաբանական հանդէսի 20-րդ համարը», «Ազգ», 4 Հոկտեմբեր 2011) կը պարունակէ, սակայն, փաստական կարեւոր սխալ մը, որուն պէտք է անդրադառնալ, եթէ ոչ ի գիտութիւն հայրենի լեզուաբաններուն, որոնք վստահաբար ծանօթ են այս փաստերուն, թէկուզ եւ հարեւանցիօրէն, բայց գոնէ թերթի պարզ ընթերցողին: Խօսքը կը վերաբերի այն հաստատումին, թէ «Լեզու եւ լեզուաբանութիւն» գիտական հանդէսը է՛ «առաջին լեզուաբանական պարբերականը հայ իրականութեան մէջ»: Եթէ «հայ իրականութիւն» ըսելով պէտք է հասկնալՙ ներկայ Հայաստանին վերաբերող, նախընտրելի էր «հայաստանեան» բառը գործածելՙ նման շփոթէ խուսափելու համար, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութենէն առաջ եւ անոր գոյութեան առընթեր եղած են լեզուաբանական պարբերականներ, իսկ «հայ» բառը նաեւ կը հասկցուի «հայ ազգինՙ հայ ժողովրդին պատկանող» կամ «հայկական, հայերին պատկանող» («Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան», հայՙ յօդուած) իմաստներով: Լեզուաբանական պարբերականներուն մէջ առաջինը հայ իրականութեան առաջին հնդեւրոպագէտ-լեզուաբանինՙ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի ճիւղի անդամներէն Հ. Սերովբէ Տէրվիշեանի (1846-1892) ձեռակերտն էր ու արգասիքը: «Լեզու» հանդէսը լոյս տեսած է 1887ին եւ տեւածՙ մէկ տարի: Թէ Տէրվիշեան որքա՞ն գիտականութեամբ հրատարակած է իր 15 յօդուածները, որոնք լեցուցած են այդ հանդէսին էջերը, կարելի է դատել մեծանուն լեզուաբան Հր. Աճառեանիՙ Թէոդիկի 1914ի «Ամէնուն տարեցոյց»ի մէջ ստորագրած հետեւեալ տողերով, ուր անկեղծօրէն ընդգծած էՙ ակնարկելով Մխիթարեան եկեղեցականի «Հնդեւրոպական նախալեզու» (1885) գիրքին. «Խօսելով մասնաւորապէս իմ մասիս, իբրեւ մէկու մըՙ որ հայ լեզուաբանութիւնը իրեն սիրելի մասնաճիւղ է ընտրած, կը խոստովանիմ, որ մեծ ազդեցութիւն գործած է իմ վրաս Տէրվիշեանի գիրքը. հոն ըրած եմ իմ առաջին քայլերս, հոնկէ ստացած եմ լեզուաբանութեան մասին իմ առաջին տեղեկութիւններս: Ուստի եւ չեմ դանդաղիր Տէրվիշեանը իմ առաջին ուսուցիչս կոչելու»: Բայց եթէ Տէրվիշեանի հրատարակած ու խմբագրած կարճատեւ հանդէսը մնայուն հետք չէ ձգած հայ իրականութեան մէջ եւ այսօր միայն պատմական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, նոյնը կարելի չէ ըսել քառասուն տարի առաջՙ 1979ին խումբ մը հայերէնագէտներու կողմէ հիմնուած «Annual of Armenian Linguistics»ի մասին, որ սկսած է լոյս տեսնել 1980ինՙ Միացեալ Նահանգներու մէջ Քլիվլընտի նահանգային համալսարանի երկարամեայ դասախօս, հանգուցեալ հայերէնագէտ Ճոն Կրեփինի (1937-2016) խմբագրութեամբ: Հանդէսը քսանհինգ տարի անընդմէջ լոյս տեսած էՙ ընթերցողին մատուցելով 25 թիւ: Կրեփին անոր խմբագիրը եղած է մինչեւ 2001, որմէ ետք այդ պաշտօնը վարած է ուրիշ հայերէնագէտ մըՙ Պերթ Վոքս (այժմՙ Անգլիոյ Քեմպրիճի համալսարանի դասախօս), մինչեւ 2006: Ի դէպ, հանդէսի հիմնադիրներու շարքին էին երկու հայրենի լեզուաբաններՙ ակադ. Գէորգ Ջահուկեանը եւ բարբառագէտ Ամալիա Խաչատրեանը : Անգլերէն լեզուով լոյս տեսած այդ տարեգիրքը գիտական իր բարձր մակարդակով քաջ ծանօթ է հայ թէ օտար հայերէնագէտներուն, իսկ Կրեփինը, որ 1974-1975ի թուականներուն գիտական ստաժ կատարած էր Երեւանի մէջ, նաեւ յայտնի էր իր հայագիտական տարածուն հետաքրքրութիւններով (օրինակՙ բանաստեղծ ու գրականագէտ Վահէ Օշականի հետ միասնաբար խմբագրած է «Raft» [«Լաստ»] հայ բանաստեղծութեան տարեգիրքը 1987-1998ին): Հարիւրաւոր յօդուածներու եւ գրախօսականներու շարքին, բազմաթիւ են Կրեփինի հայկական նիւթերով հրապարակումները, իսկ գիրքերուն մէկ կարեւոր մասը նուիրուած է հայերէնագիտութեան: Յիշեցնենք, որ 1980-1990ական թուականներուն, Երեւանի մէջ հայերէնագիտական գիտաժողովներուն հետ փոխն ի փոխ, տեղի կ՚ունենային նմանօրինակ համագումարներ արտասահմանի մէջ, որոնց մէկ մասը կազմակերպուած էր Քլիվլընտի նահանգային համալսարանի հովանիին տակՙ Կրեփինի ջանքերուն շնորհիւ: Ճիշդ է, որ վերոյիշեալ տարեգիրքը հայերէնով լոյս տեսած չէ, բայց անոր աշխատակցած են նաեւ բազմաթիւ հայրենի լեզուաբաններ, իսկ հոն հրատարակուած նիւթերը յաճախ կը յիշուին մասնագիտական գրականութեան մէջ: Կը կարծենք, որ այս ճշդումը անհրաժեշտ է, մօտաւոր անցեալր եւ ժամանակակից հայերէնագիտութեան մէջ կարեւոր էջերու յիշատակումը հայախօս ընթերցողի մտքին մէջ թարմացնելու համար: |