ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ Է «Գ. ԿԻՎԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆ 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2013 ԼԻԶՊՈՆ.- «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը այսօր յայտարարեց դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի նշանակումը որպէս Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Լիզպոնի մէջ: Ան պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը 1 փետրուար 2013-ին: Փանոսեան իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է Լոնտոնի Տնտեսութեան եւ Քաղաքական գիտութեան դպրոցին մէջ (London School of Economics and Political Science), ուր նաեւ դասաւանդած է: Բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունի հայկական նիւթերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հայ ազգային ինքնութեան նուիրուած ու մասնագիտական ջերմ գնահատականի արժանացած հատոր մը: Ան լայն փորձառութիւն կուտակած է աւագ կառավարման մէջ, ներառեալՙ բազմամիլիոն տոլարնոց ծրագիրներու եւ միջազգային զարգացման նպաստներու (grants) պարագային: Երկար տարիներ ծառայած է որպէս Քաղաքականութեան, Ծրագիրներու եւ Ծրագրումի տնօրէնՙ Մոնթրէալ գտնուող գանատական կառավարական կազմակերպութեան մը: Աշխատած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Զարգացման ծրագրին համար: Կը խօսի անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն: «Կՙընդունիմ այս պաշտոնը խայտանքով ու խոնարհութեամբ», ըսաւ Փանոսեան: «Ասիկա Սփիւռքի ամենէն կարեւոր պաշտօններէն մէկն է: Պատրաստ եմ շարունակելու իմ նախորդներուս աշխատանքը եւ ա՛լ աւելի ամրացնել ու ընդարձակել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան գործըՙ կեդրոնացած ու համակարգուած ձեւով, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն հետ»: Մարթին Եսայեանՙ Հայկական համայնքներու բաժանմունքին պատասխանատու հոգաբարձու եւ հիմնարկութեան հիմնադիր Գալուստ Կիւլպէնկեանի թոռնորդին, ըսաւ. «Մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ ինծի, որ Դոկտ. Փանոսեանը Հայկական համայնքներու բաժանմունքին տնօրէնը նշանակուած է: Ան բացառիկ փորձառութեամբ կու գայ այս պաշտօնին եւ մեզի կը բերէ անհրաժեշտ միջազգային ու համադրական հեռանկար: Նշանակումը հետեւած է միջազգային փնտռտուքի մը, որուն ընթացքին բազմաթիւ արժանի թեկնածուներ ընդգրկուած էին»: «Ազգ»-ը շնորհավորում եւ բեղմնավոր աշխատանք է մաղթում նորանշանակ տնօրենին իր կարեւոր առաքելության մեջ: |