ՄՈՍՈՒԼԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Մտածենք այս մասին Ըստ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանիՙ «2003 թուականին Մոսուլի մէջ կ՛ապրէին 380 հայ ընտանիքներ, բայց այսօր ոչ մէկ հայ մնացած է: Ամիս մը առաջ տեղի ունեցած դէպքերէն յետոյ 56 ընտանիքներ հեռացան Մոսուլէն եւ հաստատուեցան Իրաքի քրտական հատուածի տարբեր քաղաքներուն մէջ, ինչպէս Դհոք, Իրբիլ եւ սահմանային շրջանին մօտ եղող Աղաջանեան անունով յայտնի հայկական գիւղին մէջ»: Ասատուրեան սրբազան, որուն հետ նախորդ օրը կրցայ զրուցել, կը գտնուէր Դհոք եւ հոն հասած էր Իրբիլէն, ուր ներկայ եղած էր Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու նախաձեռնած մէկ ժողովին, որու աւարտին ժողովականները հաղորդագրութեամբ մը դատապարտած էին Մոսուլի մէջ կատարուած բռնադատութիւնները եւ վստահեցուցած, որ տեղահան եղած ու գաղթական դարձած բոլոր իրաքցիներուն (յատկապէս քրիստոնեայ) համար անհրաժեշտ օժանդակութիւնը պիտի տրուի: Սրբազանը նաեւ կը յայտնէր, թէ ժողովականները Քաղթէական եկեղեցւոյ Լուիս Ռուֆայէլ Առաջին Սաքո պատրիարքին գլխաւորութեամբ հանդիպեցան Քիւրտիստանի կառավարիչ Մասուդ ալ Բարզանիին հետ: Բարզանի նաեւ վստահեցուցած է, թէ իրենք կարելի բոլոր միջոցներով պիտի օժանդակեն քրիստոնեայ փախստականներուն: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ Իրաքի առաջնորդութիւնը (կեդրոնըՙ Բաղդադ) արդէն երկրորդ անգամն է, որ նիւթական նախնական օժանդակութիւններ կը տրամադրէ Մոսուլէն հեռացած հայորդիներուն: Այստեղ պէտք է նշեմ, որ Մոսուլի հայութիւնը Իրաք հաստատուած ամէնէն հին համայնքը կը նկատուի: Ըստ իրաքցի պատմաբան Սայար Քաուքաբ Ալի Ջամիլի, Մոսուլի մէջ առաջին հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1222 թուականին: Աւելի ուշ շրջանին առաջին հայ ընտանիքը, որ ոտք դրած է Մոսուլՙ 1742 թուականին Չաքմաքճեաններու ընտանիքն էր: Մինաս Չաքմաքճեանը յայտնի զինագործ էր, մետաքսի եւ ձիերու առեւտրական: Առաւելաբար Մոսուլ հաստատուած հայերը եղած են վարկ ունեցող առեւտրականներ եւ կարեւոր կապ ստեղծած են Իրաքի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններուն միջեւ: Հոն զարգացած է նաեւ համեմունքի առեւտուրը, իսկ հայերէնը հռչակուած է շրջանի երկրորդ հիմնական լեզու: Քաղաքին մէջ մեծ հռչակ ունեցած է «Ասթարճեան» անունը կրող շքեղ պալատը, որ հիմնադրուած էր Մարաշէն Մոսուլ հասատուած բժիշկ Գ. Ասթարճաենի կողմէ եւ կանգուն մնացած մինչեւ 1950ական թուականներ: Պալատը համարուած է Իրաքի այն ատենուան զբօսաշրջային կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Տոքթ. Ասթարճեան մինչեւ Պէյրութ հասատուիլը նաեւ ծաւալած է քաղաքական գործունէութիւն, 1926-ին հիմնադրելով «Իրաքի ազատականներ» կուսակցութիւնը: Իսկ 1970-ականներուն Պէյրութի մէջ հրապարակած է զանազան աշխատութիւններ, որոնցմէ ամէնէն յայտնին կարելի է համարել «Պատմութիւն արաբական գրականութեան եւ մշակոյթին» (Պէյրութ, 1970): Այժմ իսլամիստները վճռած են «Իսլամական խալիֆայութեան» օրէնքները բռնի ուժով պարտադրել: Այդ օրէնքները քաղաքը պիտի վերադարձնեն (եթէ դեռ չեն վերադարձուցած) խաւարի ժամանակներուն: Այս իրավիճակին դիմաց ու հակառակ քրիստոնեայ աշխարհին ոչ ազդու կոչերուն ու յորդորներուն կամ նոյնիսկ արդէն անիմաստ դարձած դատապարտումներուն, Մոսուլի շուրջ 15000 քրիստոնեաներէն շրջանին մէջ մնացած է հազիւ 100 անձՙ տարիքի եւ առողջական պատճառներով: Քաղաքի կարեւոր մէկ հատուածը եղած է քաղթէացիներունը ու ասորիներունը, որոնք, ըստ Աւագ Սրբազանին, նիւթական մեծ կորուստներ ունեցած են: «Հայերս ալ նիւթական մեծ կորուստներ ունեցանք», կ՛ըսէ Սրբազանը ու կը շարունակէ. «Պատկերացուցէք, որ այն ընտանիքները, որոնք Իրբիլ հասած էին դէպքերուն սկիզբը, իմանալով, որ վիճակը աւելի ապահով էՙ Մոսուլ վերադարձան: Ու երբ ծայրայեղականները փորձեցին ճնշել, անոնք ճարահատեալ ամէն ինչ լքելով նորէն հեռացան»: Մոսուլի քրիստոնեաները դժուար թէ այլեւս վերադառնան, յատկապէս այս հանգրուանին, հակառակ անոր որ, իսլամիստ տարբեր աղբիւրներ Ֆէյսբուքեան խումբերու (յատկապէս «Զահրաթ ալ Նարժըս» մէջ 21 յուլիսին յայտարարութիւն տարածած էին, թե յետայսու իրենք կ՛երաշխաւորեն քրիստոնեաներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը: Կարկինը լայն բանալով պէտք է ըսել, որ հայութիւնը սկսած Հալէպէն եւ անցնելով Սուրիոյ տարբեր քաղաքները ու հասնելով Քեսապ, Լաթաքիա եւ այսօրՙ իրաքեան Մոսուլ, նիւթական ծանր կորուստներ կրեց: Աւագ Սրբազանին բառերովՙ «Մենք երկրորդ ցեղապանութեան մը ենթարկուեցանք»: Այսօր քրտական շրջաններ հասած հայ ընտանիքները կը գտնուին ծանր պայմաններու տակ: Անոնք կարիքն ունին մարդկային ամէնէն տարրական միջոցներու: Եւ այս թեմային շուրջ մօտեցումները առհասարակ շատ մակերեսային կը թուին ըլլալ: Համահայկական օժանդակութեան տրամադրութիւններ գրեթէ չկան: Ուրեմն դատապարտումէ անդին երթալով պէտք է արձանագրել, որ այսօր Իրաքի առաջնորդ Աւագ Սրբազանին ըրածը բառին ամբողջական իմաստով հերոսութեան համազօր քայլ է:Աւագ Սրբազան այն հովիւն է, որ տէր կը կանգնի իր հօտինՙ առանց մտահոգուելու իր սեփական անձի համար: Սրբազանին հետ իմ ունեցած կարճատեւ զրոյցը բաւական լաւատեսական շեշտով կ՛աւարտէր: Սրբազանը կը հաւատար (կամ կ՛ուզէր հաւատալ), որ ՄԱԿ- ը շուտով կարեւոր հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ եւ Մոսուլի հայերուն եւ առհասարակ քրիստոնեաներուն համար ապահով պայմաններ պիտի ստեղծուին ու անոնք պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրը: Լուսանկարը Ishtar Tv.ի տնօրեն Ռազմիկ Մուրադյանի կողմից: |