ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ, Ի՞ՆՉ ՄՆԱՑ... ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Նոյնիսկ եթէ շարունակուի զինադադարը Սուրիոյ հակամարտ ուժերուն միջեւ, - բան մը, որուն գրեթէ ոչ ոք հաւատք կ՛ընծայէ,- ոչինչ պիտի փոխուի ցարդ արձանագրուած վնասուց ցուցակէն, որ ենթակայ է «ուռճանալու» նոր թուանշաններով: Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմին պատճառով երկրին տնտեսութեան վնասը կը գնահատուի 103.000.000.000 (103 միլիառ) տոլարով; Սուրիոյ կեդրոնական պահեստի վնասը 25.000.000.000 տոլարով: Քանդուած է 3.000.000 (երեք միլիոն) բնակարան: 224 հիւանդանոց: 3000 դպրոց: 1000 դպրոց պատսպարանի վերածուած է: 1485 մզկիթ եւ եկեղեցի: Մարդկային զոհերուն հաշիւը չկայ, կամ դեռ չէ հրապարակուած, ՄԱԿ-ը 225.000 կ՛ըսէ, մինչ ըսողներ կան, որ թիւը 400.000-ի շուրջ է: Երկու թիւերուն տարբերութիւնը շատ մեծ է, սակայն կարելի է միջին մը գտնել: Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց... Մնաց աւերակուած երկիր մը, ու դեռ կոտորակուած, բայց տոկացող ժողովուրդ մը: Սովորաբար թուանշանները, հարցին հետ անմիջական կապ չունեցող գիտական մարզի մարդոց համար, սառնասրտութեամբ կարդացուող տուեալներ են, բայց պարզ մահկանացուին համար, որ զգացում ունի եւ խիղճ, ահաւոր ցնցում առաջացնող ազդակներ են, յատկապէս, երբ ինք հազար թելերով կապուած է այդ աւերակոյտի ու համատարած գերեզմանատուն դառնալու վտանգին առջեւ ծառացող երկրին: Եթէ այս խօսուն թիւերը կրցան բան մը շարժել քարացած սրտերու տէր աշխարհի ղեկավարներուն եւ պատերազմի պիզնեսի մաֆիոզներուն ,- թէեւ յոյս չունիմ,- կը գոհանամ, որ դեռ չմեռած զգացումներ կան: Աշխա՛րհ, մարդի՛կ, քսանմէկերորդ դարն է, գիտական, ճարտարագիտական հսկայաքայլ յառաջդիմութեան դարն է. այս ի՞նչ կ՛ընէք, դէպի ու՞ր կը տանիք մարդկութիւնը: Ինչո՞ւ կը քանդէք պատմական-հնախօսական հսկայ հարստութիւն ունեցող երկիր մը: Ինչո՞ւ կ՛աւերէք խաղաղ բնակիչներուն տուները, Աստուծոյ անունով ինչո՞ւ կ՛աւերէք Աստուծոյ տուները: Մեղք չէ՞ Սուրիոյ նման խաղաղ, բարգաւաճ, ծաղկուն երկիր մը դժոխքի վերածելը: Եթէ ձեր պատերազմը Սուրիոյ իշխանութեան դէմ է եւ իշխանափոխութեան պայքար է, հինգ տարին հերիք չէ՞ փաստելու համար, որ ատիկա հնարաւոր չէ, հապա ինչու կ՛աւերէք երկիրը, քաշուեցէք գացէք, ձեր ուժերը փորձեցէք այնպիսի հոտած ու փտած իշխանութիւններու տակ կքած երկիրներու վրայ, որոնց իսկական գոյնը շատոնց մէջտեղ ելած է, սակայն բազմաշերտ սեւ, դեղին ու կանաչ ոսկիով պատուած ըլլալնուն, անթափանց եղած են. բայց մինչեւ ե՞րբ... Չարի իշխանութիւնը չի կրնար մշտատեւ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ Մ. Նահանգները արտօնած է, որ սատանայապաշտութեան առաջին տաճարը բացուի իր երկրին մէջ: |