RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#027, 2016-07-15 > #028, 2016-07-22 > #029, 2016-07-29 > #030, 2016-08-19 > #031, 2016-08-26

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #29, 29-07-2016



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2016-07-28 23:44:48 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 9969, Տպվել է` 1007, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Բոլոր տարեկիցներս վստահ եմ կը յիշեն անցեալ դարու վաթսունականներու այն շրջանը, ուր իրար ետեւ յեղաշրջումներ տեղի կ՛ունենային Սուրիոյ մէջ եւ մենք դեռ դպրոցական աշակերտներ, ի՜նչ ուրախութեամբ տունէ-տուն, բակէ-բակ կը փոխանցէինք աւետիսը, որ դարձեալ դպրոց պիտի չըլլայ, քանի որ կրակմար յայտարարուած է, ամէն կողմ փակ է եւ փողոց ելլելը արգիլուած, բացի կենսական նշանակութիւն ունեցող հիմնարկներէն եւ խանութներէն, ինչպէս փուռ շ դեղարան եւայլն:

Մեզ այնքան ալ չէր հետաքրքրեր, թէ որոնք են յեղաշրջում ընողները, կամ ի՞նչ է ուզածնին. մեզի համար մեր միօրինակ առօրեայէն դուրս գալու առիթ էր: Դռներու ճեղքերէն ու պատուհաններու վարագոյրներուն տակէն կը փորձէինք թաղը աչքէ անցընել, զինեալ մը, կամ արտակարգ բան մը տեսնելու մեծ հետաքրքրութեամբ. թէեւ մեր կողմնակի թաղերուն մէջ շատ բան ակնկալելի չէր, ինչպէս գլխաւոր փողոցներն ու պողոտաները, սակայն այս ալ ի՛ր բարիքը ունէր, քանի հսկողութիւնը աւելի թոյլ էր եւ քիչ մը ազատօրէն կրնայինք տուներէն դուրս սպրդիլ ու ընկերոջ մը տունը հաւաքուելով ժամանց մը կազմակերպել, յատկապէս թղթախաղ:

Անհոգ պատանիներ էինք եւ մասնաւոր ազդեցութիւն մը մեր վրայ չէին ունենար յեղաշրջումի ընթացքին զոհուածները, կամ ձերբակալուածները: Մակերեսային էր ամէն ինչ ու կեանքը թեթեւ էր, ի հեճուկս մեր նիւթական անձուկ վիճակներուն ու ամէնօրեայ մեր ծնողներէն լսուած յանկերգինՙ «Չկա՛յ, չե՞ս հասկնար, չկայ...»:

Այդ երանելի օրերէն հինգուկէս տասնամեակ ետք, յամի Տեառն 2016-ի յուլիսեան այս օրերուն, երբ լուրը կ՛առնեմ Երեւանի Էրեբունի թաղամասի պատահարին, որ ոստիկանատունը գարաւած են խումբ մը զինեալ հայորդիներ, պատանդ վերցուցած են քանի մը բարձրաստիճան ոստիկաններ եւ անոնցմէ մէկն ալ փոխադարձ կրակոցներուն զոհ գացած է, ամբողջ մարմնով կը ցնցուիմ:

Հալէպի պատերազմի առաջին երկու տարիներուն ցնցիչ բաներ շատ տեսայ, հարկ չկայ թուելու , կամ վերյիշելու, սակայն Հայրենիքի մէջ այս պատահարը ինչո՞ւ զիս այսքան անհանգստացուց, չեմ գիտեր, արդեօք պատճառը տարի՞քս է, որ աւելի դիւրազգաց դարձած եմ, թէ՞ քանի որ խնդրոյ առարկան հայրենիքիս է եւ հիմա ես անոր բնակիչն եմ: Կը դժուարանամ պատասխանել:

Իսկապէս կը դժուարանամ պատասխանել: Հալէպի ռմբակոծումներու պատճառաւ երբ մարդիկ կը զոհուէին, մեր առաջին հարցը կըլլարՙ «Հայ կա՞յ մէջերնին»... Մարդուն գէները ոչ միայն յիշողութիւն ունին, այլՙ թելադրութիւններ ալ կընեն ակամայ: Ու այդ թելադրութիւններուն հնազանդ, ահա՛ շաբաթ մըն է ի վեր կաղօթեմ, որ արիւն չթափի, հայը հայու արիւն չթափէ: Որքան ալ իրաւացի, կամ անիրաւ ըլլան զինեալներն ու ցուցարարները, որքան ալ օրինապահ, կամ բիրտ ըլլան ոստիկանները, թող ականջ տան իրենց գէներուն, իրենց արեան կանչին ու զիրար խնայեն:

Երջանկայիշատակ Սոս Սարգսեանին ըսածին պէսՙ «Գետը կը հոսի ու այդ ընթացքին դուրս կը նետէ մէջի կեղտերը»: Ժամանակը կը լուծէ ամէն ինչ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #29, 29-07-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ