RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#021, 2017-06-02 > #022, 2017-06-09 > #023, 2017-06-16 > #024, 2017-06-23 > #025, 2017-06-30

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 16-06-2017



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2017-06-15 22:16:02 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 11583, Տպվել է` 1052, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՄԱՆՐՈՒՔՆԵՐ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Յաճախ մեծ բաներու մասին խօսուած ատեն նկատի չենք առներ մանր բաները, նշանակութիւն չտալով անոնց: Սակայն, կան այն տեսակի մանրուք բաներ, որոնք երբեմն կարեւոր դեր կը կատարեն: Օրինակՙ հսկայ մեքենայի մը կազմին զանազան մասերուն կիցՙ պտուտակները չեն երեւիր, թէեւ որոշ պտուտակ մը կրնայ ամբողջ մեքենայի մը ճակատագրին հետ խաղալ:

Ընդհանրապէս մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւեն քաղաքական, տնտեսական, ազգային, մշակութային, ապրուստի, կամ այլ մեծ իրադարձութիւններ, ատոր համար ալ թերթերն ու միւս լրատուական միջոցները ողողուած կ՛ըլլան անոնցմով:

Պետական անձնաւորութիւն մը անտառի ծառերը հատեր է ու անոնց տեղ առանձնատուն կը կառուցէ... Օ՜... գայթակղութիւն... բերնէ-բերան կը տարածուի, կը խօսին, կը քննադատեն, վախ-վախ կ՛ըսեն, մարդուն թշնամիները առիթ կը գտնեն զինք լաւ մը խաչելու, մինչեւ որ նոր հարց մը հրապարակը գրաւէ եւ մետիան կրկին աշխուժանայ:

Մինչդեռ Խորենացիէն-Տիգրան Մեծ տանող, Մ. Մկրտիչեանի անունով կնքուած բանուկ նեղլիկ թաղին մէջ ամիսներէ ի վեր ասֆալթը քանդուած է եւ երկու փոս բացուած, որոնք կեղտաջուրով լեցուած են ու անուշադիր վարորդները ճամբեզրէն քալող անցորդները կը «կ՛օծեն» այդ կեղտաջուրով: Հերաքրքրականը այն է, որ այդ թաղին մէջ հիւրանոց կայ, պետական հիմնարկներ ու ճաշատուներ կան, բայց... մանրուք է, որո՞ւ հոգը: Մե՜ծ հարցերը ձգած, մանր բաներով ո՞վ պիտի զբաղի:

Ընտրութիւններ, շահող-պարտուող, իրարանցում, աթոռներու բաժանում... բոլորին կեդրոնացումը հոն է, ուր, դարձեալ շնորհաւորող, քննադատող, գովերգող, բողոքող, պոռացող- կանչող, յաղթանակը ռեստորաններու մէջ տօնող... Այս թոհուբոհին մէջ ո՞վ պիտի տեսնէ Մաշտոցի պողոտային կից, Միսաք Մանուշեանի պուրակի դաշնամուրը, կամՙ ինչ որ մնացեր է անկէ:

Երեք տարի առաջ, երբ նոր եկած էի Հայաստան, տեսայ տեղադրուած նոր դաշնամուրը եւ անցորդներէն ոմանց նուագելը անոր վրայՙ ուղղակի հիացայ, ըսիՙ պռաւօ Հայաստան, պռաւօ քաղաքապետարան, ասիկա իսկապէս զարգացման ճչացող գրաւական է: Տարի մը չանցած, անոր ստեղներէն մի քանին «թռած» էին, քանի մը ամիս ետք առջեւի աթոռակը կոտրած էր, անցեալ տարի ստեղները տեղահան եղած էին, այս տարի դաշնամուրը լրիւ մերկացած է, երեսի փայտէ դռնակները չկան... անշուշտ ամռան տաք եղանակին պատճառով չէ որ մերկացած է:

Հիմա կը մտածեմ. քաղաքապե՛տ, լաւ ըրած ես տեղադրած ես դաշնամուրը, սակայն ո՞ւր է հոգատարը, այս պուրակը պահակ չունի՞, մարդիկ ինչ ուզեն կ՛ընե՞ն այստեղ: Իսկ, քանդուած խեղճ դաշնամուրը հնարաւոր չէ՞ր նորոգել, թէ՞ դիտումանւոր կերպով այդպէս ձգած էք, որ մարդիկ տեսնեն ու ամօթանք տան վանտալներուն. բայց չէ՞ք մտածեր որ մարդիկ ձեզի ալ կրնան ամօթանք տալ, որ անտարբեր մնացեր էք: Ես գրաւի կու գամ, որ այս «չփլախ» դաշնամուրի հետ կատարուածի մասին քաղաքապետը կամ քաղաքապետարանի աւագանիի անդամները լուր իսկ չունին եւ հաւանաբար տեղն իսկ չեն գիտեր: Կրկնե՛մ. Միսաք Մանուշեանի անուան պուրակ: Արդեօք տեղը գիտնալ-չգիտնալէն զատ կը ճանչնա՞ն անուան տէրը:

Ամէն անցնելուս կը տեսնեմ երախաներ, որոնք կեցած կը դիտեն երբեմնի ձայնաւոր գործիքը, որ հիմա լռեր է ու մորթուած, մաշկահան-մսազերծ կենդանիի մը կմախքին նմանՙ անոր ներքին մետաղեայ լարերը կ՛երեւին: Հաւանաբար գալ տարի այդ լարերն ալ կը թռին, քանի պղինձէ են ու պղինձի եւ պրոնզի գողերը, ինչպէս արձաններու մասեր կը տանին ու կը վաճառեն որպէս ջարդոն, այնպէս ալ ասոր լարերը կը տանին, եւ անշուշտ անցորդներն ու երեխաները կը շարունակեն զարմացած դիտել աւերակ դարձած դաշնամուրը:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 16-06-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ