RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#008, 2018-03-02 > #009, 2018-03-09 > #010, 2018-03-16 > #011, 2018-03-23 > #012, 2018-03-30

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #10, 16-03-2018



Տեղադրվել է` 2018-03-19 17:42:23 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 3706, Տպվել է` 401, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՉԱՐԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Դոյլ մը սպիտակ ներկին քանի մը կաթիլ սեւ խառնէ ու պիտի տեսնես, թէ ինչպէս ճերմակը դարձաւ մոխրագոյն, ու եթէ շարունակեսՙ սեւը պիտի դառնայ տիրող: Սակայն, հակառակըՙ երբ դոյլ մը սեւ ներկին սպիտակ ներկի կաթիլներ խառնես, սեւը երկար ատեն չի գունափոխուիր: Սեւը տիրական է, իշխող:

Աշխարհի բոլոր լրատուամիջոցներուն հաղորդած լուրերուն մեծամասնութիւնը անուրախ լուրեր ենՙ պատերազմներու, սպաննութիւններու, պատուհասներու, արկածներու... Ուրախ լուրերը շատ քիչ են:

Ու մարդ կը մտածէ. արդեօք ինչո՞ւ. ինչո՞ւ բացասականն ու ժխտականը, այսինքն չարը կը շարունակէ իշխել:

Թող մէկը քառասուն տարի հաւատարիմ մնայ իր կնոջ ու օրին մէկը յանկարծ սայթաքի... այդ մէկ սխալ արարքը կու գայ ջնջելու քառասուն տարիներու հաւատարմութիւնը:

Կեանքդ ամբողջ բարեգործութեան նուիրէ, եղիր արդար եւ ուղղամիտ, ու օր մըն ալ սխալ բան մը թոյլ տուր... վե՛րջ. կը մոռցուին բոլոր լաւութիւններն ու այդ մէկ սխալը կը խառանեն ճակտիդ: Բայց, ինչո՞ւ:

Գիտենք որ այս աշխարհը հակասութիւններու վրայ հիմնուած է. ոչ միայն մեր երկիրը, այլեւ ամբողջ տիեզերքըՙ լոյս ու խաւար, տաք ու պաղ, ուժեղ ու տկար, բարձր ու ցած, ծանր ու թեթեւ, քաղցր ու լեղի... Ու եթէ յանկարծ օր մը վերանան հակասութիւնները, աշխարհն ալ կը վերանայ:

Երկու հակոտնեայ երեւոյթները իրարմով պայմանաւորուած են, այսինքն ճերմակը չի շեշտուիրՙ եթէ սեւը չըլլայ կողքին, լոյսին բարիքը չ՛ընկալուիր, եթէ խաւարը չըլլայ: Նոյնն ալՙ բարին չ՛երեւիր, եթէ չարը չըլլայ: Չէ՞ որ կ՛ըսուիՙ եթէ Յուդան չըլլար, Յիսուսը չէր աստուածանար: Յուդային չար արարքըՙ մատնութիւնն էր, որ պատճառ դարձաւ Յիսուսի ձերբակալման, չարչարանքին, խաչելութեան... որմէ ետք Ան աստուածացաւ, յարութիւն առաւ եւ երկինք համբարձաւ:

Ուզենք կամ ոչ, չարը տիրական է եւ գերիշխող, անոր համար ստեղծուած են հեքիաթները, ուր բարին կը յաղթէ չարին: Անոր համար ստեղծուած են մրցանակները, վարձատրելու համար լաւը, յաջողը, դրականը, ճիշդը, բարեգործը, եւ ոչ թէ վատը, ձախողը, ժխտականը, սխալը, չարագործը: Մարդիկ կ՛ուզեն քաջալերել բարեգործութիւնը, բայց կեանքը ոչ հեքիաթ է, ոչ ալ մրցադաշտ:

Աշխարհն ու մարդկութիւնը այսքան երկար ճամբայ կտրած են, հասած են հրաշալիքներու հաւասար գիտական նուաճումներու եւ սակայն դեռ կարելի չէ եղած չարը արմատախիլ ընել, ոչ միայն այդ, այլՙ ճիշդ հակառակը, չարին տիրակալութիւնը երթալով կ՛ընդարձակուի ու աւելի դաժան կը դառնայ:

Ո՞ւր էր Աստուած, երբ օձը կը խաբէր Եւային, երբ Ադամն ու Եւան խնձորը կ՛ուտէին եւ չարին գիրկը իյնալովՙ կ՛արտաքսուէին Դրախտէն... Դրախտը Աստուծոյ պարտէզն է, ի՞նչ գործ ունի հոն օձը:

Չխնդանք մեզի հրամցուած Ադամ-Եւայի հեքիաթին, կամ առասպելին վրայ, անոր մէջ ամբողջ մարդկութեան կեանքին գաղտնիքն ու փիլիսոփայութիւնը կայ: Երեխայ չենք, որ հեքիաթին մակերեսը կուլ տանք, քիչ մը խորանանք ու հասկնանք, որ չարը ի վերուստ ներկայ է մեր կեանքին մէջ եւ անկարելի է զայն չքացնել, սակայն կարելի է բարութեան տոզան բարձրացնելով չարին տոզան պակսեցնել, թէ չէ աշխարհը թաւալգլոր պիտի իյնայ անէութեան գիրկը:

Եւ օր մը, երբ նոր կեանք մը ծաղկի մոլորակի մը վրան, մարդիկ չըսեն թէ ժամանակին Երկիր անունով ծաղկուն մոլորակ մը եղած է, որ կործանած է իր չար տէրերուն ձեռքով, որոնք կոչուած են Թրամփ, կամ Փութին, Նաթանեահու կամ Քիմ Յոնկ Ըն, Էրտողան, կամ Ալիեւ, Պէն Լատէն, կամ ԻՊ եւ, եւ, եւ...:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #10, 16-03-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ