ՀԻՆԵՐՆ ՈՒ ՆՈՐԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ (Թատերականացուած ակնարկ) Արար առաջին. - (Ուրախ): Հայաստանի համալսարանները ամէն տարի շրջանաւարտներու հոյլ մը կը յանձնեն հայրենիքին, որպէսզի անոնք գործի ասպարէզ նետուելով, կարողանան ինքնուրոյն ոտքի կանգնիլ, ընտանիք կազմել եւ մասնակցիլ երկրի յառաջդիմութեան ու վերելքին: Արար երկրորդ. - (Ուրախ, մտահոգ): Վկայականները իրենց ձեռքին, անոնք կը տօնեն իրենց տարիներու աշխատանքի արգասիքը եւ հաստատակամ ու ժպտուն դէմքերով կը սկսին գործ փնտռելՙ ամենադժուար գտանելի բանը այս երկրին մէջ, ուր թափուր աշխատատեղեր չկան, կամՙ կան, սակայն մէկ աշխատատեղի համար քառասունմէկ դիմորդ կ՛ունենան ու բախտը կը ժպտի անոր, որ վկայականի կողքին ունի նաեւ այլ օժանդակ ազդակներ: Արար երրորդ. - (Ողբերգաերգիծական): Կը մտնես նախարարութիւններ, պետական գրասենեակներ, հաստատութիւններ ու կը տեսնես, որ շատ մը բաներ նորոգուած են ու արդիականացած, բացի աշխատակազմէն: Պաշտօնեաներուն մեծ մասը, մասնաւորաբար կանացի մարզը, որոնք միշտ գերակշռող են, խորհրդային շրջանէն ժառանգուած տատիկներ են, ծանրախոհ, ծանրադէմ, ծանրամարմին, որոնք իրենց տակի աթոռն իսկ չեն փոխած ու միասին անցած են նոր շրջան: Այո, անոնք տասնամեակներու ընթացքին փորձառութիւն ձեռք ձգած են, սակայն անփոխարինելի չեն, յատկապէս որ ներկայի ճարտարագիտութիւնը (տեխնիկան) իրենց համար չէ, ոչ ալ իրենքՙ անոր համար ու յարմար: Արար չորրորդ. - (երգիծաողբերգական): Հանգստեան կոչուելու թեկնածու այս կանայք ինչո՞ւ տակաւին կառչած կը մնան իրենց աթոռներուն, երբ դուրսը նոր գիտելիքներով զինուած նոր սերունդ կայ պատրաստ աշխատելու: Պետութիւնը ինչո՞ւ չի պարտադրեր, որ հանգստեան կոչուելու տարիքին հասածները աշխատանքէն ազատուին եւ երթան վայելեն իրենց հանգիստը: Արար հինգերորդ. - (Մելոտրամաթիք): Պետութեան տուած նիհարիկ թոշակով ինչպէ՞ս ապրին: Պետութիւնը այնքան մը ամսական թոշակ տալու չէ,՞ որմով կարելի ըլլայ արժանապատիւ ապրիլ: Եթէ այս պատճառով պետութիւնը անկարող պիտի ըլլայ բաւարար թոշակ տրամադրել եւ անոնք ալ ստիպուած պիտի շարունակեն աշխատիլ ու նոր շրջանաւարտներն ալ անգործ պիտի մնան, այս երկիրը այս ձեւով ո՞ւր կը հասնի: Արար վեցերորդ. - (Վախազդեցիկ): Վերջապէս այս երկիրը պիտի հասնի՞ բարօրութեան սահմաններուն, թէ՞ պիտի շարունակէ ամուլ խոստումներով օրօրել իր զաւակները: (Ծօ, քեզի ինչ, պիտի ըսէ մէկը, դո՞ւն մնացիր դատապաշտպանութիւն ընող, արդարութիւն պահանջող: Քեզի ինչ, ժողովուրդը գլուխը կախ, իր ճակատագրին հետ հաշտուած, ձայն չի հաներ ու կ՛աղօթէ որ ասկէ վատը չպատահի: Իրաւունք չունի՞ն մարդիկ զիս քննադատելու, որՙ «կո՞յր ես, ինչ ես, անդադար սե՞ւը կը տեսնես, նայիր, տե՛ս, պողոտաներէն ու փողոցներէն վարար գետի պէս հոսող շքեղ մեքենաները, բարձունքներուն վրայ թարած դղեակները, ռեստորաններուն մէջ տոլար թափող «բարեկեցիկները»... Կը տեսնեմ, անշու՛շտ կը տեսնեմ այդ բոլորը ու աւելի կը տխրիմ, որ այդ վայելքները ժողովուրդին միայն մէկ տասնորդին բաժին կ՛իյնան: ( Ֆինալ ).- Բեմ կը հրաւիրուին տատիկները իրենց սեփականացուցած աթոռներով. ժողովուրդը կը ծափահարէ. քուլիսներուն մէջ երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ իրենց վկայականները ջահերու վերածածՙ մութին մէջ բեմադրիչը կը փնտռեն: |