ՆՈՐ ՆԵՐԳԱ՞ՂԹ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Սփիւռքի նախարարին վերջերս Սուրիա կատարած այցելութեան ընթացքին որոշ մարդոց միտքէն անցած էր անոր հարց տալ, թէ Հայաստան կը մտածէ՞ նոր ներգաղթ մը կազմակերպել: Հարցը տրուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, չեմ գիտեր, սակայն կրնամ պատկերացնել, թէ ի՜նչ նեղ կացութեան մէջ պիտի իյնար նախարարը, փորձելով պատասխանել, կամ խուսափիլ պատասխանելէ: Չեմ ուզեր քրքրել 1946-48-ի զանգուածային ներգաղթի տխուր յուշերը: 70 տարիներ անցած են այդ օրերէն եւ Հայաստանը 70 անգամ փոխուած է ու բարեփոխուած, սակայն ներգաղթ մը յաջողցնելը դեռ անհաւանական կը թուի: Անհաւանականՙ որովհետեւ այդպիսի ծրագրի մը երկու ծայրերըՙ Սփիւռքն ու Հայաստանը որքանո՞վ պատրաստ են խօսքէն ու խոստումէն դէպի գործ անցնելու ու գործնական քայլեր առնելու համար, նոյնիսկ եթէ յաճախ բեմերէն «հայրենաբաղձ» կոչեր կ՛ըլլան: Հարցը կատակ չէ, որ «հայտէ երթանք» ըսես, ճամբորդական պայուսակդ շալկես ու, հօ՛փ, Հայաստան տեղափոխուիս: Եթէ այն օրերուն սփիւռքահայութեան կարիքը ունէր Հայաստանը, մեծ պատերազմին իր կորսնցուցած քառորդ միլիոնէն աւելի երիտասարդութեան տեղը բռնելու եւ երկրին վերականգման սատարելու, երկիրը ամլացումէ փրկելու, այսօր այդպիսի հարց չկայ, սակայն այս անգամ Սփիւ՛ռքը փրկելու հարց կայ խորքին մէջ, որովհետեւ Սփիւռքի նաւը սկսած է մոլորիլ ու բեկբեկիլ եւ անհրաժեշտ է վերջնական խորտակումը կանխել, ի հեճուկս Սփիւռքի կարգ մը «տէրեր»ուն, որոնք անդադար կ՛աշխատին ջուրին երեսը պահել զայն: Սակայն ինչպէ՞ս կազմակերպել հայրենադարձութիւնը, ի՞նչ միջոցներով: Ամենաթարմ օրինակը սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստան ապաստանած հազարաւորներու տակաւ անկայուն վիճակն է, արդէն 5-6 տարիէ ի վեր, երբ երկու տասնեակ հազարի մօտ ապաստանեալներուն համար պետութիւնը չկարողացաւ լուրջ օժանդակութիւն ցուցաբերել, բնակութեան, աշխատանքի եւ ապրուստի իմաստով: Եթէ անոնց մէկ-երրորդը լքեց Հայաստանը, մէկ-երրորդը կարողութիւն ունէր, կամ յաջողեցաւ կայք հաստատել ու ինքնաբաւ դառնալ, միւս մէկ-երրորդը տակաւին կը տուայտի տան վարձք ու ապրուստի միջոցներ ապահովելու համար, որոշ բարեսիրական կազմակերպութիւններէ իր ստացած օժանդակութիւններովը հանդերձ: Այս բոլորին կողքին կայ նաեւ նոր շրջապատին, նոր կեանքին մերուելու հարցը, կրկին նախկին «աղբար» մակդիրին «արժանանալու» կասկածը, քանի որ տակաւին նորաբնակները չեն յաջողած որպէս տեղացի դիտուիլ: Եկուոր են, խորթ են ու խորթ ալ պիտի մնան, գոնէ որոշ ժամանակ: Երբ այսպէս բաներ ըսենք, յանկարծ մեզի հայրենասիրութեան դասեր տալու կ՛ելլեն, սակայն իրականութենէն բան չի փոխուիր: Ես անձեր կը ճանչնամ, որոնք աշխատանքի ընդունուած են կարգ մը հաստատութիւններէ ներս եւ գործի սկսելէն քանի մը տարի ետք տակաւին «տեղացի» չեն դարձած, այդ մէկ հատիկ սփիւռքահայը չեն կրցած մարսել հաստատութեան տեղացի պաշտօնեաները, եւ եթէ ոչ բարձրաձայն, սակայն անոր ետեւէն դժգոհութեան արտայայտութիւնները չեն պակսիր: Եթէ լուրջ ներգաղթ պիտի կազմակերպուի, հարկ է որ շատ մը հարցեր լուծուին: Հարցեր, որոնց լուծումը տարիներ կը պահանջէ եւ անշուշտ նիւթական մեծ պատասխանատուութիւն: Սփիւռքի հարուստներուն համար ներգաղթ կազմակերպելը անտեղի է, քանի որ անոնք ի վիճակի են իրենց սեփական միջոցներով տեղափոխուիլ մայր հայրենիք, եթէ կը փափաքին, իսկ միջակ ու տկար նիւթական կարողութիւն ունեցողներուն համար տեղաւորուելու, աշխատանք գտնելու եւ արժանապատիւ կեանքով մը ապրելու համար ինչ-ինչ պայմաններ պէտք է ստեղծել: Հայաստանը ե՞րբ ի վիճակի պիտի ըլլայ երկրի «սոցիալապէս անապահով» մարդոց ապահովութիւն տալու. ի վիճակի կ՛ըլլա՞յ օրին մէկը: Նախ այդ հարցը թող լուծուի, յետոյ միայն նոր կարօտեալներ բերուին դուրսէն: Խոստում տալը շատ դիւրին է (ասոր մէջ շատ վարպետ էին խորհրդային շրջանի Սփիւռք այցելող պատասխանատուները, իրենց նշանաւոր գրպանի կարմիր տետրին մէջ անպայման նշում մը ընելով, թէՙ կը տեսնէ՞ք, կ՛արձանագրեմ որ չմոռնամ): Խոստումը յարգելը ոչ միայն դժուար է, այլեւ մեծ պատասխանատուութիւն է եւ արժանապատուութեան հարց: Այնպէս որՙ կրկնելու է անկրկնելի Պ. Սեւակինՙ «Խոստանում եմ իզուր տեղը չխոստանալ»... |