ԲԱՆԱԳՈՂՈՒԹԻՒՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ես այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ Հայաստանի մէջ շարքային կարգ մը լրագրողներ ռուսական թերթերէն,-տպուած, կամ առցանց,- ընդօրինակելով ու թարգմանելով օրուան կամ շաբթուան հետաքրքրական նիւթերը, կը յանձնեն մեր տեղական թերթերուն, որպէս հեղինակային յօդուածներ, անոնց վերեւը կամ տակը դնելով իրենց ստորագրութիւնը, առանց ազնուութիւնն ու քաջութիւնը ունենալու աղբիւրը յիշելու: Պարզ է, որ երբեմն ճարպկօրէն բուն տպագրուածէն բաներ մը կը փոխեն, կը ջնջեն կամ կ՛աւելցնեն, որպէսզի ըրածնին բանագողութիւն չնկատուի, եւ անշուշտ յօդուածին համապատասխան ալ կը գանձեն հոնորարը: Ոեւէ անձ, որ ամէն օր կը հետեւի լուրերուն, մասնաւորաբար տպագրուած նիւթերուն, անմիջապէս կը զգայ, որ ընդօրինակուած բաներ կան, դատելով օգտագործուած բառապաշարէն, կամ ըսելաձեւերէն, թէ չէ այսքան օտար բառեր, այսքան ռուսերէն դարձուածքներ, որոնք եղածին պէս «հայացուած» են, մինչ անոնք բնաւ հայերէն չեն, ուրկէ՞ ծանրաբեռնած են մեր լեզուն: Ամենէն մատնիչը տառադարձութիւնն է: Ռուսերը յաճախ անգլերէն բառերը կը ռուսացնեն, հայերն ալ ռուսացուածը «կը հայացնեն» ու կը տեսնէք, թէ ինչ տարօրինակ բառեր կը մտնեն մեր մամուլին մէջ: Սակայն, ամենախայտառակը ռուսերէնի մէջ (հ) տառին բացակայութիւնն է, որ կը տարադարձեն (խ-ով, կամ գ-ով), հայ լրագրողներն ալ (լրագող ըսելը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար) եղածին պէս կ՛ընդօրինակեն, առանց փորձելու աղբիւրը գտնել եւ իմանալ ճիշդ հնչումը. օրինակՙ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայանը «Հմեմիմ» կը կոչուի, ռուսերը «Խմեմիմ» կ՛ըսեն, հայերն ալ նոյնը ընդօրինակելով «Խմեմիմ» կ՛ըսեն: Ուրիշ տեղ մը կը կարդանք «Խումատ Ալ դին«, որ իսկութեան մէջ «Հումաթ Ալ տին» է, այսինքն «Կրօնի պահապանները»: Իր մասնագիտութեան եւ առաքելութեան հաւատացող լրագրող մը պէտք է պրպտէ ու գտնէ վայրի կամ որեւէ յատուկ անունի իսկական հնչումը: Պատկերացուցէք ամերիկացի լրագրողներէն ոմանք, նոյնիսկ քաղաքական դէմքեր Իրաք-ը Այրաք կը հնչեն, կարծելով թէ Iraq-ին առաջին տառը (այ) պէտք է հնչուի, քանի որ անգլերէն alphabet-ին մէջ «այ» կը հնչուի: Նոյնպէս ալ Իրան անունը, որ Այրան կը կարդան (որ արաբերէն թան կը նշանակէ): Ասիկա ամօթ է, չէ՞: Լրագրութիւնը, կամ հրապարակագրութիւնը, այսօր աշխարհի ամենատարածուն գրականութիւնն է, որ ամէն օր կը վերանորոգուի եւ կը կարդացուի, կամ կ՛ունկնդրուի: Մարդիկ գիտեն լաւը վատէն զանազանել, գիտեն ճիշդը սխալէն զանազանել, այնպէս որ, մէկ-երկու կը խաբուին, յետոյ կը փորձեն այլ աղբիւրներ ու կ՛ընտրեն ամենահեղինակաւոր, ամենաճիշդ լրատուն, կամ ամենալուրջ գրիչն, եւ յստակ կը կողմնորոշուին: Եթէ քաղաքական կամ ռազմական թէժ կէտի մը մասին լրատուութիւն պիտի ընես, պէտք է ատլասը բանաս ու քարտէսը աչքէ անցընես, որպէսզի Սուրիոյ Իտլիպը չկցես Տէր Զօրին, որոնք իրարմէ հարիւրաւոր քիլօմէթր հեռու են: Եթէ քաղաքական դէմքի մը մասին պիտի գրես, բա՛ց հանրագիտարանը, կամ նոյնիսկ ձեռքի հեռախօսդ եւ Կուկըլ-ին մէջ փնտռէ ու տեղեկութիւններ քաղէ տուեալ անձին մասին, որպէսզի գրածդ իւրայատուկ ըլլայ, համոզիչ ըլլայ, սովորականէն տարբեր ըլլայ: Երբ լրագրող մը յօդուածի մը պարագային, հարցի մը կամ դէպքի մը մասին մէջբերում ընէ ու յիշէ լուրին աղբիւրը, արդարօրէն վարուած կ՛ըլլայ, իսկ եթէ աղբիւրը վաւերական անուն մըն է եւ համաշխարհային վարկ կը վայելէ, ընթերցողը անմիջապէս հաւատք կ՛ընծայէ եւ կը յարգէ յօդուածագիրը, մինչ եթէ նորաթուխ կամ անշնորհք գրիչ մըն է, ինչ ալ գրէ, երբ գրածը վստահելի, վաւերական յենակէտ չունի, ընթերցողը մէյ մըն ալ չի կարդար անոր գրածը: Հրապարակագրութիւնն ու լրագրութիւնը ամէն գրիչ բռնողի գործ չեն: |