ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՄԵՔԵՆԱՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Գաղտնիք չէ որ ծանուցումի գործօնը կարեւոր միջոց է ապրանք, խօսք, գաղափարախօսութիւն... մէկ խօսքովՙ տարածելու ամէն ինչ, որ մարդ կ՛ուզէ տարածել եւ գնորդ կամ համախոհ ու կողմնակից գտնել: Գովազդը այսօր ամենատարւծուն եւ ամենաշահաւէտ գործիքն է, որուն համար հսկայ ընկերութիւններ, բազմահազար գրող, նկարող, բեմադրող արուեստագէտ աշխատակիցներով շուկաները բռնած են: Միլիոններ կը յատկացուին այս «զէնքին», որովհետեւ միլիառներ կը շահին անոր ետեւէն: Արդի զէնքերուն չափ կարեւոր եւ ազդեցիկ է քարոզչութիւնը, որ շօշափելի չէ զէնքի նման, սակայն զէնքէն ոչ պակաս ազդեցութիւն ունի հրապարակի վրայ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ոլորտին եւ ռազմադաշտին մէջ: Ընտրարշաւներէն սկսեալ մինչեւ ժողովրդային ցոյցերը, բոլորն ալ իրենց արդար պահանջքին համար համակիրներ, հետեւողներ ու նեցուկ կը փնտռեն: Առանց այս գործօնին, անոնցմէ շատերը, եթէ ոչ բոլորը, ձախողութեան պիտի մատնուէին: Երբ Հայոց ցեղասպանութեան եւ մեր արդար դատին մասին ծանուցում մը ընել ուզեցին ամերիկահայերը տասնամեակներ առաջ, միջազգային ճանաչում ունեցող շաբաթաթերթ մը, այդ նպատակին մէկ էջ յատկացնելու համար մէկ միլիոն տոլար պահանջած է... Անշուշտ շատերուն յօնքերը իրենց ճակատները թռան, սակայն, երբ նկատի առնէք թէ տասը միլիոն տպաքանակ ունեցող այդ շաբաթաթերթը տասը միլիոն տուն պիտի մտնէ եւ հսկայ թիւ մը ընթերցող պիտի ունենայ եւ ահագին բարեկամ ու կողմնակից շահի, այն ատեն ծախսը կ՛արդարանայ: Ասիկա ամէն մարդ գիտէ, սակայն այս գումարը ամէն մարդ չի կրնար վճարել: Ահա՛ հոս է հարցըՙ կը շահի ան, որ դրամ ունի եւ կը կորսնցնէ ան, որ դրամ չունի: Ո՞ր նախագահը, կամ ծերակուտականը, կամ սենաթորը իր նպատակին կը հասնէր, եթէ ինք ու իր կուսակցութիւնը չդիմէին քարոզչութեան: Չերկարենք. այս օրերուն Արցախի պատերազմին լուրերը, երբ մեր հեռասփռող կայաններէն կը լսենք կամ կը դիտենք, կ՛ուրախանանք մեր յաղթանակներուն համար, իսկ երբ օտար կայաններ կը նայինք, կը տեսնենք որ անոնք ողողուած են ատրպէյճանական լուրերով եւ տեսաերիզներով, որոնք օտար դիտորդին վրայ հակառակ ազդեցութիւն կը գործեն եւ մեզ ալ յուսախաբ կ՛ընեն: Յայտնի է, որ Ատրպէյճանը ահագին գումար թափած է իր քարոզչութիւնը ընել տալու համար: Մեր լրատուակայանները ամէն օր եւ օրը քանի մը անգամ ցոյց կու տան պատերազմի ընթացքը եւ թիւերով թշնամիին կրած վնասները, որոնք կրնան ամենաահարկու պատերազմող կողմերը զարմացնել: Անոնց կողքին կը հաղորդեն մեր նահատակներուն թիւն ու անոնց անունները: Թշնամին այդպիսի բան չ՛ըներ, եւ իր կաշառած լրագրողները, երբ օտար հեռատեսիլի կայաններ կ՛ուղարկեն իրենց տեղեկատուութիւնը, կողմնակալութիւնը յստակ կ՛ըլլայ: Բնաւ չեն խօսիր իրենց մեծաթիւ վնասներուն մասին, ընդհակառակըՙ ցոյց կու տան միայն հայերուն «անարդարօրէն» գրաւած «ատրպէյճանական տարածքներուն ազատագրումին» համար պայքարող ազերի զինուորներուն «սխրագործութիւնները»: Օտար կայանները երկու կողմերն ալ լրագրող ուղարկած կ՛ըլլան, անոնց արձանագրածներէն կը սփռեն այն միայն, որ իրենց եւ իրենց գրպաններուն հաճելի եւ օգտակար է: Քարոզչութեան յատկացուած հսկայ գումարները ի զուր վատնուած միլիոններ չեն: Անոնք հանրային կարծիք կը ձեւաւորեն, որուն շատ պէտք ունինք մենք: Աննախադէպ էր ամբողջ աշխարհի հայութեան միահամուռ ոտքի կանգնիլն ու մայրաքաղաքները ցնցելը իրենց ցոյցերով ու կոչերով, հոյակապ էր, մենք ուրախացանք ու հպարտացանք, աշխարհը տեսաւ եւ զարմացաւ, սակայն ի՞նչ շահեցանք գործնականապէս, բացի «կռիւը պէտք է դադրի» օդը նետուած խօսքերէն, կամՙ որոշ երկիրներու կողմէ խօսքով Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող արտայայտութիւններէ, կամՙ քանի մը քաղաքներու Արցախի անկախութիւնը ճանչնալէն:: Իմ կարծիքով, նոյնիսկ եթէ մենք Ատրպէյճանի չափ հարուստ չենք եւ այդքան միլիոններ չենք կրնար յատկացնել մեր քարոզչութեան, աւելի նպաստաւոր կ՛ըլլայ մէկ հատ հրասայլ պակաս գնել եւ անոր դրամով ծանուցում յաջողցնել: Այս օրերուն, դժբախտաբար, արդարութիւնը դրամով կը գնուի: |