ՄԵՐ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԹՇՆԱՄԻ՞Ն Է ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Մեր բարութիւնըՙ մեր թշնամին է: Ակամայ այս եզրակացութեան կը հանգինք, որովհետեւ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին զգացումով շարժած ենք, խիղճը եղած է մեզ կառավարողը, որուն դառնահամ պտուղները ի հեճուկս յաճախ քաղելնուս` մնացեր ենք անփոփոխ, ատած ենք չարութիւնն ու դաժանութիւնը, եւ բարութիւնը դրօշի վերածած, քալած ենք անոր առաջնորդութեամբ: Վիրաւորուած ենք, ցաւած ենք, կոտորուած ենք, սակայն տեղի չենք տուած եւ մնացած ենք բարութեան կողմնակից եւ ջատագով: Մեր ֆէտայիներուն արգիլուած էր թշնամիին կանանց, երեխաներուն ու տարեցներուն վրայ ձեռք բարձրացնելը, այդպէս ալ վարուած են, երբ թուրքն ու քիւրտը մեր կիներն ու աղջիկները կ՛առեւանգէին, կբ բռնաբարէին, չէին խնայէր ոչ ծերը, ոչ ալ մանուկը: Այդ բոլորը տեսնելով հանդերձ, մենք բարութեամբ պէտք է վարուէինք, քանի որ հայ ենք: Մեր ազգային- ազատագրական պայքարի պատմութիւնները նոր են, բաղդատած դարեր առաջ տեղի ունեցածներուն հետ, ի մասնաւորի հայոց եւ պարսիկներու եւ յոյներու անվերջանալի պատերազմներուն, ուր այնքան օրինակներ կան թշնամիին դաժանութեան եւ հայերու մարդկային վերաբերմունքին մասին. Յիշենք Արշակ թագաւորը, պարսիկ Շապուհը, Պապ թագաւորը, Վասակ Մամիկոնեանն ու որդին Մուշեղը...Մուշեղը, որ պարսկական բանակը կոտորելէ ետք, Շապուհին կանանոցը ամբողջ վերադարձուց, առանց անոնց պատուին դպչելու, նոյնիսկՙ նուէրներով: Շատ են օրինակները, ուր յաճախ հայը կը դրսեւորուի իր մարդկային յատկանիշներով: Գանք այս օրերուՙ հայ-ազերի-թուրք պատերազմին. յաղթական մեր բանակը ազերի գերիներուն հետ մարդկայնօրէն կը վարուի, նոյնիսկ վիրաւոր գերի զինուորի մը կեանքը կը փրկեն վիրահատելով ու դարմանելով, երբ ազերիներուն ձեռքը ինկած հայ գերիները տանջանքի կ՛ենթարկուին ու կը սպանուին կատղած ազերիներու եւ վարցկան ահաբեկիչներու կողմէ: Ինչո՞ւ այսպէս ենք: Ինչո՞ւ թուրքը կատղած գազանի բնոյթ ունի, մինչ մենք հակառակը: Այսպէ՞ս ստեղծուած ենք, թէ՞ պարագաները մեզ այսպիսին դարձուցած են: Կը կարծեմ որ իւրաքանչիւր ազգ իւրայատուկ բնոյթով կը յատկանշուի միւսներէն: Ինչու սելճուք, թաթար, թուրք ցեղախումբերը արիւնարբու եղած են, իրենց համար տանջանքն ու սպաննութիւնը, հրկիզումն ու թալանը յատկանիշ եղած են եւ իրենք հպարտ են, որ այդպիսին են: Անոնք իրենց չարութեան ու բրտութեան մէջ կը տեսնեն իրենց ուժը, մինչ մենքՙ բարութեան, շինարարութեան ու ներողամտութեան մէջ: Արդեօք մեր դաւանանքըՙ քրիստոնէական վարդապետութի՞ւնն է պատճառը, որ խաղաղասիրութիւն կը քարոզէ, «Թշնամիդ սիրէ անձիդ պէս...), մինչ, մովսիսականութիւնն ու իսլամը ոխակալ ու վրիժառու ենՙ «Ակն ընդ ական»... Ո՞րն է ճիշդըՙ Յիսուսի երկհազարամեայ վարդապետութի՞ւնը, թէ՞ միւսները: Ո՞րն է օգտակարը, շահող-պահողը, ազգը բազմացնողն ու տիրո՞ղը, թէ՞...: Շատեր հաւանաբար ըսեն, որ ազգն ու հայրենի հողը պահող վարդապետութիւնն է ճիշդը, իսկ մենք կ՛ըսենք, որ մե՛ր հաւատքն է ճիշդը, որ մեզ պահած է այսքան հազարամեակ, հակառակ քանիցս կոտորուելնուս: մարդ կրնա՞յ իր արիւնին դաւաճանել: Անշուշտ ասիկա կոչ չէ կրօնափոխ ըլլալու, սակայն երկհազարամեակ մը ետք պէտք չէ՞ մտածել վարուելակերպը փոխելու, կամ դիմացինին վարուելակերպը նոյնանման վարուելակերպով փոխադարձելու: Պարագաները չե՞ն թելադրեր, որ միջանկեալ տարբեր դրսեւորում մը ունենանք օրհասի պահերուն: Թող մեր եկեղեցին նոր մեկնաբանութիւն տայ Յիսուսի քարոզածներուն, նոր աշխարհի, նոր պարագաներու լոյսին տակ: Շատ չերկարենք, մասնագիտական հարցերը ձգենք մասնագէտներուն, սակայն ամէն ինչ ընենք, որ շարունակենք գոյատեւել, առանց հայրենիք ու հայրենակից կորսնցնելու: |