ԵՎՍ ՄԻ ՔԱՆԻ ԷՋ ՄԻԱՄԻՏ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ ՕՐԱԳՐԻՑ Երուանդ Գոչունեան, Մոնրէալ Յարգելի պր. Երուանդ Տէր-Խաչատրեան (գիտեմ, այդպէս չէք գրեր Դուք Ձեր ազգանունը, բայց, կը խնդրեմ, ներողամիտ եղէք այս պարագային), Ողջոյն: Ուզեցի անդրադառնալ «Նահանջը առանց երգի»ի (երանի կարենայի շեղագիր գործածել ե-գիրիս մէջ) առթիւ Ձեր խորհրդածութեան: Ինծի կը թուի թէ տարակուսանքի տեղիք չկայ այդտեղ, ոչ ալ տպագրական սխալ: Պարզապէս գործ ունինք Շահնուրի հերթական հեգնանքին հետ, ուր օտարին համար (որ... «մեծ հաւատք» ունի մեր հանդէպ) բոլորովին տարբերութիւն չըներ հայ ենք թէ թիւրք: Կարեւորը մեզ տպաւորելու իր փորձն է: «Չմոռցաւ սակայն անգամ մը եւս կրկնել» դարձուածքը ճիշդ այդ ընդգծելու մտքով է դրուած հոն: Ա. Միսաքեանէն վրիպած ըլլալ կը թուի այդ նրբերանգը: Նոյնը պատահած է 1962ի երեւանեան հրատարակութեան խմբագրին հետ: Գոնէ ես այդպէս կը կարդամ այդ տողերը: Յուսամ Ձեզ ալ կը համոզէ մեկնաբանութիւնս: Համեստօրէն Ձերդՙ Յ. Գ.-Դիտողութիւն մը: Ինչո՞ւ Շահնուրէն ու «Մարկոս Ավրելիոս կայսեր իմաստասիրական եւ խրատական թուղթերը»էն մէջբերումները դասական ուղղագրութեամբ են, սակայն Պարոնեանէնըՙ ոչ: Անշուշտ նոյն առարկութիւնը կարելի է ընել Պռոշեանի պարագային ալ, քանզի ան ալ դասական ուղղագրութեամբ գրած ու հրատարակած է իր գործերը: |