«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆԸ» ՈՐՈ՞ՒՆ... Յակոբ ՄԱՔԱՅԷԼԵԱՆ Կը յիշեմ մեր հայրենակիցներէն ընտանիք մը, որուն վեց զաւակներէն մէկը խուլ ու համր էր ի ծնէ: Անոր եղբայրներն ու քոյրերը, բոլորը բնական ծնունդներ էին եւ շատ բնական իրենց վարք ու բարքով, բայց այս արատաւոր տղան, մարդկային հինգ զգայարաններէն երկուքէն զրկուած, տարօրինակ չարութիւն մը ունէր փոքր տարիքէն իսկ: Մանկական չարաճճիութիւն չէր, ուղղակի չարութիւն, երբ կը հալածէր ու կը չարչարէր թաղի ընտանի կենդանիները, յատկապէսՙ կատուները, որոնցմէ մին, պոչէն կախելով, կրակի վրայ ողջ-ողջ այրած էր, ողջակիզած էր: Կ՛երեւակայեմ, որ իր ըրածէն հաճոյք կ՛առնէր, գոհացնելով թաքուն կիրք մը, մասնաւորաբար երբ ծնողքին դիտողութիւնները սաստումներէն անդին չէին անցներ, մեղքնալով իրեն, իր կազմախօսական թերութիւններուն պատճառով: Հիմա կը մտածեմ, թէ ի՞նչ էր այդ տղուն չարութեան ակունքը. վրէ՞ժ լուծել կ՛ուզէր իրեն զլացուած մարդկային ամենատարրական զգայարաններուն համար. բայց որմէ՞: Իր մէջ կուտակուած անբարբառ խօսքերը ներսը մնալով-մնալով մաղձի՞ վերածուած էին ու փողոցի անօգնական կենդանիներո՞ւն վրայ կը թափէր իր բարկութիւնը: Այս մտորումները ունեցայ, երբ դիտեցի «Ոսկէ Ծիրանի» առաջին մրցանակին տիրացած The Tribe («Ցեղախումբը») ֆիլմը մրցանակաբաշխութեան յաջորդող օրըՙ կիրակի գիշեր: Այս շարժապատկերին հերոսն ալ խուլ-համր պատանի մըն էր, որ իր նման խուլ-համրերու գիշերօթիկ դպրոցի մը աշակերտ կը դառնայ ու առաջին օրէն իսկ կը ծանօթանայ իր նոր շրջապատի թշնամական վերաբերմունքին ու բրտութեան եւ շուտով կը հասկնայ, որ գործ ունի չարագործներու խմբակի մը հետ (ցեղախումբ), որ կը զբաղի թմրանիւթերով, գողութեամբ, սեռական սանձարձակութեամբ, կաւատութեամբ, ծեծով ու խոշտանգումով: Սկիզբները, որպէս զոհ ներկայացող այս նորեկը, շուտով ոչ միայն կ՛ընտելանայ «ցեղախումբի» այլանդակութեանց ու չարագործութեանց, այլեւՙ ինքն ալ անոնց մերուելով, կը դառնայ անոնց պէս, մինչեւ իսկ կը հասնի ղեկավարի դիրքին: Ֆիլմի ամբողջ տեւողութեան քար լռութիւնն էր տիրապետողը: Բոլոր դերակատարները խուլ ու համր, ձեռքերու շարժումներով կը հաղորդակցէին ու ծպտուն իսկ չէր լսուեր. նոյնիսկ «խօսակցութեան» տողատակ թարգմանութիւնը զլացուած էր, կարծես բոլոր դիտողները ծանօթ են համրերու լեզուին: Գոնէ երաժշտութիւն մը զուգակցէր կարգ մը տեսարաններու. այդ ալ չկար: Որքան յառաջացաւ դիտումը, այնքան ճնշիչ դարձաւ մթնոլորտը դահլիճին մէջ: Անդադար կրկնուող չարագործութիւններու շղթային վրայ եկաւ աւելնալու սեռական յարաբերութեանց այնքան առարկայական ցուցադրում մը, որ հաճոյքի փոխարէն ընդվզում ու նողկանք յառաջացուց մէջս: Ամբողջ մէկ ու կէս ժամ ակռաներս սեղմած դիտելէ ետք, ալ չկարենալով շարունակել, սրահէն դուրս եկող տասնեակի մը նման ես ալ դուրս եկայ, մէջս հազիւ զսպած հարցում մը, որ ճչալով կ՛ուզէի արտայայտել դահլիճին մէջ,- ինչպէ՞ս «Ոսկէ Ծիրան» մրցանակին արժանացած է այս ֆիլմը, իր ո՞ր արժանիքին համար... Ես մասնագէտ չեմ, սակայն, ինչպէս անգլիական առածը կ՛ըսէՙ «Հաւկիթ չեմ կրնար ածել, սակայն հաւկիթին թարմն ու հոտածը կրնամ զանազանել իրարմէ», այդպէս ալ ես, կրնամ լաւ ֆիլմը վատէն զանազանել: Դատական կազմին որոշումը երբեք զիս չի հետաքրքրեր. եթէ ֆիլմը պատրաստուած է լայն հասարակութեան համար, ապա եսՙ այդ հասարակութեան մէկ անդամն եմ եւ իրաւունք ունիմ կարծիքս արտայայտելու: Կը կրկնեմ հարցումս,- իր ո՞ր արժանիքին համար մրցանակի արժանացաւ այս գործը: Ի՞նչ են գնահատանքի արժեչափերը: Նի՞ւթը: Շատ բարի, թէեւ յաճախ տեսնուած ու կարդացուած է անմեղի մը մասին, որ մեղաւորներու շրջանակին մէջ, անոնց հետ հաղորդակցելով, անոնց նման կը դառնայ: Դերակատարո՞ւմը: Բեմադրիչին յաջողութիւնը խումբ մը խուլ-համրերու դերամասեր յանձնելու ու անոնցմով գործ բեմադրելու: Գուցէ այստեղ կը կայանայ միակ դրականը: Իսկ այս առաւելութեան համար գլխաւոր մրցանա՞կ կը տրուի, թէ՞, պարզապէս, ինչպէս կոյրերու աշխարհին մէջ միականին կը թագաւորէ, այդպէս ալ երեւի մնացեալ ֆիլմերը ասկէ տկա՞ր էին: Շարժանկար մը իր ամբողջութեա՛ն մէջ կը գնահատուի, իմաՙ նիւթ, սցենար, բմադրութիւն, խաղարկութիւն, նկարահանում, լրացուցիչ ազդակներՙ երաժշտութիւն, ձայնային էֆեկտներ, զգեստաւորում, դիմայարդարում, տեսարաններու յարդարում, հնարամտութիւններ, եւ այլն: Ո՞ւր էին այս բոլորը «Ցեղախումբ»ին մէջ: Լաւագոյն շարժանկարը անհրաժեշտաբար պէտք է ունենայ այս ազդակներուն մեծամասնութիւնը: Թէեւ ազդակները անջատ-անջատ ալ կրնան արժանանալ մրցանակի: Առաջին 3 մրցանակներէն դուրս մնացած քորէացի բեմադրիչ Կիմ կի Դուկ-ի «Գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ, դարձեալ գարուն» ֆիլմը իմ համեստ կարծիքով տասը գլուխ աւելի բարձր էր «Ցեղախումբ»էն: Գեղեցիկ նիւթ, հոյակապ նկարահանում, սքանչելի երաժշտութիւն... Ափսոս: Արուեստները ընդհանրապէս անկումի մէջ են, զարիթափի վրայ. ինչպէս որ ներկայ մարդկութիւնն ալ այդ վիճակին մէջ է: Երբ կը տեսնենք թափթփած արտաքինով, չսանրուած մազերով, չածիլուած դէմքով, պատառոտած տափատով, օղերով ու թաթուներով ոչ միայն անպատասխանատու պատանիներ ու երիտասարդներ, այլեւ երբեմն դիրքեր զբաղեցնող մարդիկ, ի՞նչ պիտի ըլլայ նոյն շրջանին արտադրուած գրականութիւնն ու արուեստն ալ, տարբե՞ր պիտի ըլլայ. նոյն կենցաղին եւ ըմբռնումներուն հայելին պիտի չըլլա՞յ: Չկա՞ն բացառութիւններ. կա՛ն, անշուշտ կան եւ պիտի ըլլան, սակայն այդ բացառութիւնները ովասիսի թող չվերածուին անապատացումի գրոհին առջեւ: Երեւան |