RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#024, 2014-08-22 > #025, 2014-08-29 > #026, 2014-09-05 > #027, 2014-09-12 > #028, 2014-09-19

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #26, 05-09-2014



ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Տեղադրվել է` 2014-09-04 21:46:53 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2944, Տպվել է` 9, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 2

ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՇԱՀՆՈՒՐԷՆ ԵՒ ՉՕՊԱՆԵԱՆԷՆ

Վահէ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ

Երեւանեան օրերուս ընթերցումներս եղան «ԱԶԳ» օրաթերթն ու ապա շաբաթաթերթը: 18 յուլիս 2014 «Ազգ մշակոյթի» Դ. էջին վրայ կար «Շահան Շահնուրի մէկ յօդուածին հետքերով» գրութիւն մը, հեղինակՙ Սագօ Արեան: Այս գրութեանս մղում տուող տեղեկութեան պատճառը այն է, որ ես ալ տրամադրութեանս տակ ունիմ Շահնուրի մէկ նամակը, տեսէք նկարը:

Այս նամակի բնագիրը կը գտնուի Հալէպ, հին ժամանակներու դասընկերոջս հաւաքածոյին մէջ, իմ ունեցածս քսերոքս պատճէնն է, զոր տարիներէ ի վեր մէկ կողմ դրած էի: Վերոյիշեալ առիթով խթան ստացայ հրապարակելու: Անցած ժամանակներուն, կարգ մը պրպտումներս օգուտ չտուին, ճանչցող չգտայ նամակի հասցէատիրոջ մասին, միայն վերջերս հալէպահայ պրն Յակոբ Միքայէլեանը վկայեց, որ պարոն Եղիա Նազարեանը Պէյրութի հանրածանօթ Էլի Նազարեանն է, Եղիան Էլի-ի հայկական ձեւն է: Այս մէկը չէի գիտեր: Նամակի նիւթ կազմող Շահնուրի կենսագրութինը կը կարծեմ թէ օրին, 1947-ին, լոյս տեսած է «Անի» հանդէսին մէջ: Ափսոս հնարաւորութիւն չունիմ տեսնելու եւ վկայելու, բայց վստահ եմ, որովհետեւ յիշատակուած անձը, պրն. Գերսամ Ահարոնյան, խիստ պարտաճանաչ եւ պատասխանատու անձնաւորութիւն էր, ռամկավար կուսակցապետ, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրապետ:

Ուշադրութիւնս գրաւեց նաեւ նամակին ստորագրութիւնըՙ «Շահնուր Քէրէսթէճեան»: Կը կարծէի, որ «Շահան» է մեծահամբաւ գրողի առաջին անունը եւ իբր գրական կեղծանուն աւելացած է «Շահնուր»ը: Մինչդեռ աւելցածը «Շահան»ը եղած էՙ կազմելով Շահան Շահնուրի փառաւոր, հանրաճանաչ ստորագրութիւնը իր նշանաւոր գիրքերուն, յատկապէս «Նահանջը առանց երգի» վէպին:

Այս առթիւ կ՛ուզեմ բացայայտել, որ նոյն աղբիւրէն ունիմ ֆրանսահայ նշանաւոր գրող, խմբագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ Արշակ Չօպանեանի մէկ նամակը (տես նկարը) անընթեռնելի ձեռագիրով, 1951 թուագրեալ: Հետեւաբար հարկ համարեցի արտագրել եւ իբրեւ նկար ցոյց տալ զայն:

Նամակը ուղղղուած է հալէպահայ ծանօթ պրն. Կարապետ Ճուհարեանին, նշանաւոր ուսուցիչ: Պատիւ ունիմ յայտնելու, թէ պրն. Ճուհարեանը եղած է ուսուցիչս Հալէպի Մարաշի Ազգային կեդրոնական վարժարանի (նախակրթարանի) աւարտական տարիս: Պրն. Ճուհարեանը (բնիկ արաբկիրցի) Հ.Բ.Ը.Մ-ի Հ.Ե.Ը.-ի քարտուղարը եղած է այդ տարիներուն եւ մշակութային յանձնախմբի ղեկավար կազմակերպիչը:

Նուաստս ծանօթ չեմ Արշակ Չօպանեանի «Բամբասանք» պիէսին: Եթէ պրպտենքՙ հաւանաբար կը գտնենք օրինակ մը, քանի որ լոյս տեսած է ան: Ուշագրաւ է, որ Չօպանեան մեծ գրողն ու հասարակական գործիչը կը յուսայ, որ Հալէպի մէջ թատերասէրներու խումբ մը ներկայացնէ պիէսը եւ հասոյթէն բաժին ունենայ նաեւ ինքը: Աստուած իմ, ինչ դառն օրեր ապրած են արեւմտահայ գրողները, Մեծ եղեռնեն ազատուողները:

Հալէպ-Երեւան

Խմբ. կողմից

* Ճշտենքՙ Նազարյան նշանավոր տոհմից Եղիա-Էլի Նազարյանը Հալեպից է, երկար տարիներ ծառայել է ՀԲԸՄիության տեղի մասնաճյուղում, որպես վարիչ-քարտուղար շրջանային հաձնաժողովի, միաժամանակ աշխատակցելով ՀԲԸՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի մամուլին, հատկապես «Զարթօնք» օրաթերթին:

* Շ. Շահնուրի նամակում Եղիա անունը գրված է «Եղիայ», որը սխալ է: Կանոնակարգված դասական ուղղագրության մեջ ա-ով ավարտվող հատուկ անունները յ չեն ընդունում, թեեւ կան անհատական շեղումներ, ինչպես «Արայ» եւայլն, որոնք ընդունելի չեն:

* «Անի» ամսագրի հիմնադիր խմբագիրն է բանաստեղծ Վահե-Վահյանը: Գերսամ Ահարոնյանը եղել է խմբագրական կազմի անդամ:


Սիրելի պարոն

Եղիայ Նազարեան,

Ստացայ ձեր 30 դեկտ. թուակիրը, եւ խորին շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ այն բարի մաղթանքներուն համար զոր ինծի կը մատուցանէք Նոր տարուայ առթիւ:

Ես ալ իմ կարգիս կը մաղթեմ որ 1947ը ձեզ համար ըլլայ բարօրութեան եւ երջանկութեան տարի մը, այս բառերուն ճշմարիտ իմաստով:

Ճիշդ է թէ Պէյրութէն գրասէր եւ գրագէտ անձ մը, պրն Գերսամ Ահարոնեան, ինծի գրած էր թէ տեղեակ է որ ձեր մօտ կը գտնուի իմ մէկ կենսագրութիւնս, եւ խնդրած էր, որ թոյլատրեմ անոր հրատարակութիւնը «Անի» կոչուող հանդէսի մը մէջ: Սիրով տուի խնդրուած արտօնութիւինը, եւ իրեն առաջարկեցի որ ձեզի դիմէ:

Կը տեսնեմ որ համակարծիք եք եւ պատրաստակամ: Արդարեւ կը գրէի հետեւեալը. «Ձեր կենսագրութեան հրատարակութեան մէջ ոեւէ անպատեհութիւն չեմ տեսներ, եթէ դուք կը փափաքիք»:

Ուրեմն բարութիւն ունեցէք, կ՛աղաչեմ, այդ կենսագրութեան մէկ հաւատարիմ ընդօրինակութիւնը ղրկելու ուղղակի ի՛մ հասցէիս: Ես պէտք եղածը կը տնօրինեմ:

Յայտնելով իմ անկեղծ շնորհակալութիւնս, կը խնդրեմ որ հաւատաք բարեկամական լաւագոյն զգացումներուս:

Ջերմ բարեւներովՙ

ՇԱՀՆՈՒՐ ՔԵՐԷՍԹԷՃԵԱՆ


Վիէն, 27 օգոստ. 1951

Սիրելի Պ. Ճուհարեան

Վերջապէս աւարտեցաւ իմ «Բամբասանք» տիտղոսով թատրերգութեանս տպագրութիւնը, զոր կարողացայ իրագործել շնորհիւ Ձեր ակումբի սարքած յոբելեանական հանգանակութեան, որուն արդիւնքը հաճած էիք ինծի ղրկել: Այսօր ձեզի կը ղրկեմ օրինակ մը:

Ժամանակաւորապէս կը գտնուիմ Ֆրանսայի այս գաւառական քաղաքին մէջ, ուր հիւր եմ ամսէ մը ի վեր հայ բարեկամ ընտանիքի մը. լաւ հանգչեցայ հոս եւ գրական աշխատութիւն մը վերջացուցի: 6-7 օրէն կը դառնամ Փարիզ, ուր հասցէս միշտ նոյնն է: Ուրախ պիտի ըլլայի եթէ հոդ Հալէպ թատերասէրներու խումբ մը կազմելով այս թատերախաղին խնամեալ ներկայացում մը սարքէիք: Եթէ ներկայացումը տեղի ունենայ եւ հասոյթ մը գոյանայ, կը յուսամ, որ անկից մաս մը իբր հեղինակի իրաւունք կը ղրկէք ինծի:

Թոփալեան քիչ թիւով օրինակներ ղրկեր է ինծի այս գրքոյկէն: Եթէ աւելի բազմաթիւ օրինակներ ունենայի տրամադրելի, գոնէ 2 օրինակ եւս ղրկէի ձեզի իբր նուէր ձեր յանձնախումբի գլխաւոր անդամներուն: Գրեցէք ինծի Փարիզի հասցէիս թէ, քանի օրինակ նուէր ղրկելու եմ ձեր յանձնախումբին եւ ո՞ր անդամներուն:

Անգամ մը եւս յայտնելով ձեր յանձնախումբին բոլոր անդամներուն իմ սրտագին շնորհակալութիւններս, կը խնդրեմ որ ընդունիք սիրալիր բարեւներս:

Ա. Չօպանեան

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #26, 05-09-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ