RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#023, 2014-08-01 > #024, 2014-08-22 > #025, 2014-08-29 > #026, 2014-09-05 > #027, 2014-09-12

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #25, 29-08-2014



ՄԵԾԱՎԱՍՏԱԿ

Տեղադրվել է` 2014-08-28 21:32:45 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1632, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

ՀԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌՅԱՆ

Օգոստոսի 6-ին, Լոս Անջելեսի իր բնակարանում, 101 տարեկան հասակում մահկանացուն է կնքել բազմավաստակ ուսուցիչ եւ կրթական գործի կազմակերպիչ, նախկինում ԹՄՄիության Բեյրութի Վ. Թեքեյան վարժարանի բազմամյա տնօրեն Երվանդ Պապայանը, ափսոսանքի զգացումներով համակելով աշխարհով մեկ սփռված իր հազարավոր սաներին եւ ընկերներին:

Ստորեւՙ հանգուցյալ կրթական գործչի հարուստ կենսագրությունից հատկանշական հանգրվաններ:


Ծնած է մայիս 25, 1913ին Այնթէպ: Զաւակն է Ներսէս Ա. քահանայ եւ երիցուհի Նեկտար Պապայաններու: Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան եւ Հայկազեան վարժարաններուն մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը` Հալէպի Ֆրանսական Լիսէ Վէյգանի մէջ, աւարտելով 1933ին: Կիլիկեան վարժարանին որպէս ուսուցիչ ծառայած է 1933-1940 տարիներուն, իսկ որպէս տնօրէն` 1940էն մինչեւ 1953:

Հիմնադիրներէն է Հալէպի Միութեան Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան, որուն ատենապետը եղած է հիմնուած տարինՙ 1935ին: Հիմնադիրներէն եղած է նաեւ Հալէպի առաջին մշակութային հայ երիտասարդական միութեան` «Արեգ» անունով:

Պապայեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն «Սասունցի Դաւիթ» զօրասիւնի հանգանակութեան աշխատանքներուն, Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ Զարեհ Սրբազանի հովանաւորութեամբ: Մաս կազմած է Հայ դատի հետապնդումին համար կազմուած Ազգային խորհուրդին եւ այդ հանգամանքով մասնակցած է Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս) մէջ գումարուած խորհրդաժողովին որպէս սուրիահայութեան ներկայացուցիչ ու այդ առթիւ այցելած է Գահիրէ, Երուսաղէմ, Հայֆա, Եաֆա, Թել Աւիւ եւ Պէյրութ:

Կրթական հասարակական կեանքը Լիբանանի մէջ

Ընտանեօք Պէյրութ փոխադրուած են 1953ին: Երուանդ Պապայեան ամուսնացած է Ռոզին Գապաքեանի հետ եւ բախտաւորուած` երեք զաւակներով. Սիլվա, Ներսէս եւ Արա: Բարեբախտութիւն եղաւ Պապայեանի համար իր զաւակները տեսնելու ազգային հասարակական կեանքէն ներս: Այսպէս դուստրը` Սիլվան, որպէս կրթական մշակ բերաւ իր ծառայութիւնը մեր կրթական կեանքէն ներս, Ներսէս, շրջան մը մաս կազմեց Պոստոն հրատարակուող ՌԱԿ «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, իսկ Արան բոլորանուէր ծառայութիւն կը բերէ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի եւ անոր թատերական շարժումներուն: Ներսէս եւ Արա հաւատաւոր անդամներն են Ռ. Ա. Կուսակցութեան: Իսկ Ներսէսի շնորհալի դուստրը` Թալին կը շարունակէ պահել ընտանեկան ազգային աւանդոյթները` ծառայելով հայ մամուլին ու բեմին:

Ե. Պապայեան 1953-54ին հետեւած է Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտութեան եւ արեւելեան դպրութեան դասընթացքներուն եւ ստացած է համալսարանական վկայական: 1961ին մանկավարժական ճիւղին մէջ մասնագիտանալու համար դասընթացներու հետեւած է Centre International d՛Etudes Pedagogiques համալսարանին մէջ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան միջնորդութեամբ:

Թէքէեան վարժարանի տնօրէն

Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին ծառայած է որպէս տնօրէն 32 տարի, սկսելով Պէյրութ փոխադրութեան օրէն` 1953ին:

1967-1971 տարիներուն վարած է ատենապետութիւնը Պէյրութի Թէքէեան մշակութային միութեան: Այդ չորս տարիներուն կազմակերպուած են համազգային առումով բարձրորակ մշակութային եւ յոբելենական հանդիսութիւններ, փառատօներ, որոնք որակ մը եւս աւելցուցին այլապէս հարուստ լիբանանահայ մշակութային տարեգրութեան էջերուն: Իր օրով եւս հայրենի մտաւորականներ ու մշակութային գործիչներ այցելեցին Լիբանան եւ հայրենասիրութեամբ խանդավառեցին, արդէն իսկ Հայ Սփիւռքի սիրտն ու միտքը նկատուող` լիբանանահայ գաղութը:

1970ին Վահան Թէքէեանի մահուան 25ամեակին առիթով դասախօսութիւններով առաջին անգամ այցելած է Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի նախաձեռնութեամբ: Տեղւոյն ԹՄՄի մասնաճիւղերու հրաւէրով ու օգնութեամբ կազմակերպած է նուիրահաւաք Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի շինութեան եւ Վահան Թէքէեան վարժարանի կարօտեալ սաներու օգտին:

Մա՛նաւանդ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը եղած է սրտամօտիկ կրթական հաստատութիւնը ամերիկահայ մեր շրջանակին համար: Նախ վարժարանի հողի գնման ու ապա` վարժարանի շինութեան համար նախաձեռնութեամբ Անդրանիկ Լ. Փոլատեանին կազմուած են Վահան Թէքէեան վարժարանի Օժանդակ մարմիններ Նիւ Եորք, Պոստոն ու Ֆրեզնօ: Մեծագումար նուիրատուութիւններ հանգանակուած են կրթանուէր ազգայիններէ ու նաեւ` ամերիկաբնակ ռամկավար ազատականներէ: Պապայեանին համար հեշտ եղաւ նուիրահաւաքի աշխատանքը տանիլ, որովհետեւ արդէն այդ ուղղութեամբ աշխատանքի գետինը պատրաստ էր ու պարարտ:

Ազգային-հասարակական կեանքին մէջ

1972ին, Ամերիկաբնակ Այնթէպցիներու կեդրոնական վարչութեան որպէս ներկայացուցիչ` կատարած է Հայաստանի «Նոր Այնթէպ» աւանի վարագոյրի եւ ժանեակի գործարանին հիմնարկէքը: 1974ին, ՀԲԸՄի եւ ԹՄՄի ներկայացուցիչի հանգամանքով այցելած է Հարաւային Ամերիկա, ուր գաղութը նոր զարթօնք մը սկսած էր ապրիլ, շնորհիւ գաղափարապաշտ նոր սերունդի մը` Նահապետ Նահապետեանի, Աւետիս Պարսամեանի, Աւետիս Նալպանտեանի, Օշին Մոստիչեանի, Մարտիրոս Մոմճեանի, Հայկ Շահինեանի, որոնք կարճ ժամանակուան ընթացքին կազմակերպեցին համայնքներու հայրենասիրական աշխատանքները, հիմնելով Բարեգործականի եւ Թէքէեանի դպրոցներ ու երիտասարդական ու մշակութային կեդրոններ ու «Սարդարապատ» շաբաթաթերթը:

Պապայեան հրապարակային դասախօսութիւններու կողքին բացումը կատարած է Պուէնոս Այրէսի «Մարի Մանուկեան» եւ Մոնթեվիտէոյի «Նուպարեան» վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ Արշակ Չօպանեան մշակութային կեդրոնին, որ աւելի ուշ վերանուանուեցաւ` Թէքէեան մշակութային միութիւն:

Ծառայութիւնը Ռամկավար ազատական կուսակցութենէն ներս

Նախ քան ՌԱԿի շարքերը իր միանալը, երիտասարդական օրերուն ան խանդավառուած էր սոցիալ-դեմոկրատ գաղափարախօսութեամբ եւ արձանագրուած` Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերը: Սակայն, տարիներու հասունութիւնը զինք մղած են առաջնորդուիլ աւելի ազատական ռամկավարական դաւանանքով, ու աւելի ուշ, մանաւանդ Պէյրութ հաստատուելէն ետք. Պապայեան թեքած է ՌԱԿին ու անդամակցած անոր շարքերուն: Ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ: Սակայն բեմը մնացած է անոր ամենէն լայն ծառայութեան դաշտը եւ սրտամօտիկը: Որպէս քաջ ատենախօս, բեմբասաց, պատգամաբեր ու ճառախօս հմայած է իր ունկնդիրները, զանոնք կապելով մեր հայրենասիրական որդեգրած ուղեգիծին:

ՌԱԿի յիսնամեակին առթիւ, հրաւիրուած է խօսելու Գահիրէ, ապրիլ 6, 1972ին:

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն ամենածանր շրջանին, 1977-1978ին, վարած է ատենապետութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Շրջանային վարչութեան:

1976ին Լիբանանի աղէտեալներուն համար նուիրահաւաք կազմակերպած է Երուանդ Ակիշեանի հետ Միջին Արեւելեան երկիրներ այցելութեամբ: Արաբական ծոց, Պարսկաստան, Եգիպտոս եւ Յորդանան կատարուած նուիրահաւաքի աշխատանքները կու տան չակնկալուած դրական արդիւնքներ: Նոյնպէս, այդ օրերուն, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը դարձած էր մարդասիրական կեդրոն ամէ՛ն լիբանանցիի, քրիստնեայ թէ մահմետական եւ ամէն հայու համար: Դարձած էր պահեստանոց, դարձած էր ապաստանարան եւ ՌԱԿի երիտասարդական կազմերու համար զինուորական մարզումի հաւաքավայր եւ հայկական թաղերու հերթապահութեան կեդրոն, սերտօրէն գործակցելով ՌԱԿ մարտական ուժերու հրամանատար Զօհրապ Քեշիշեանին հետ:

Մաս կազմած է Լիբանանահայութեան վերականգնումի կեդրոնական մարմնին:

Կը հաստատուի Լոս Անճելըս

1986ին կը հաստատուի վերջնականապէս Լոս Անճելըս, ֆիզիքապէս մօտ ըլլալու համար իր զաւակներուն` Սիլվային ու Արային: 1987-1993ին ստանձնած է ԹՄՄի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը: Իսկ 1994-1997ին վարիչի պաշտօնը` ԹՄՄի «Շիրակ» գրական շրջանակին:

1988էն սկսեալ, Պապայեան տիկնոջ` Ռոզինին հետ, երեք անգամ այցելած է Աւստրալիա ՀԲԸՄի եւ ԹՄՄի կողմէ հրաւիրուելով: Յաջողցուցած է Սիտնիի ՀԲԸՄի «Ալեքսանդր» վարժարանի կառուցումը, որուն պաշտօնական բացումին ներկայ եղած է որպէս Ալեք Մանուկեանին անձնական ներկայացուցիչ:

Յոբելեաններ եւ գնահատանքի շքանշաններ

Կրթական հասարակական գործունէութեան 50ամեայ յոբելեանը տօնուած է Պէյրութի մէջ յունիս 19, 1983ին, եւ Լոս Անճելըսի մէջՙ յունիս 13, 1989ին:

1983ին, Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իրեն շնորհած է «Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ» շքանշան յատուկ կոնդակով, Լիբանանի Կրթական նախարարութիւնը զինք պարգեւատրած է Արժանեաց, իսկ Սին-էլ-Ֆիլի (Պէյրութի արուարձաններէն) քաղաքապետութիւնն ու Վահան Թէքէեան վարժարանըՙ ոսկեայ կրծքանշաններով:

Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն Պատուոյ գիրով պարգեւատրած է, մեր ազգային գործիչ ընկերը, իսկ 1989ին յոբելեարը ստացած է գնահատագիրներ Ալեք Մանուկեանէն, Գալիֆորնիոյ կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանէն, Կլենտէյլի եւ Փասատինայի քաղաքապետներէն, ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութենէն, Կիլիկեան Բարեգործական Միութենէն, Լոս Անճելըսի Հայ այնթապցիներու մշակութային միութենէն: Նոյն առիթով Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի նորակառոյց Տատեան դպրոցաշէնքին ուսուցչարանը կոչուած է «Երուանդ եւ Ռոզին Պապայեաններ»ու անունով:

1992ին, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի 40ամեակին եւ 2003ին 50ամեակին առիթներով Պապայեանները հրաւիրուած են Պէյրութ: 2003ին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը իրեն շնորհած է Ս. Մեսրոպ շքանշանը, իսկ կրթական նախարարութիւնը երկրորդ գնահատանքի շքանշան մը:

1991ի Հոկտեմբերին հրաւիրուած է Երեւան, ներկայ գտնուելու իր հեղինակած «Յիշատակներու արահետներով» գիրքի շնորհահանդէսին:

Մաշտոց Գոլէճը կազմակերպած է նաեւ, համագաղութային մեծարանքի երեկոյ մը, Պապայեանի ծննդեան 90 եւ վաստակի 70 ամեայ զոյգ յոբելեաններուն առիթով, Առաջնորդարանի սրահին մէջ, յունիս 13, 2004ին:

Իսկ ծննդեան դարադարձը արժանավայել շուքով տօնուեցաւ Պըրպէնքի հայոց առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Այս առթիւ, Լա Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը կոչուեցաւ «Երուանդ Պապայեան շաբաթօրեայ վարժարան»:

Պապայեան ՌԱԿի ղեկավարութենէն ամենէն աւելի բախտաւորը եղաւ. յիշատակուած ու մեծարուած անդամը եղած է իր ողջութեան: Դժբախտաբար, իր գործակիցներէն շատեր չունեցան այդ բախտաւորութիւնը իրենց կենդանութեան մեծարուելու ...նոյնիսկ` մահուընէ ետք: Անոնց ճակատագիրը տարբեր էր տնօրինուած:

Աշխատասիրութիւնները

Հրատարակած է աշխարհագրութեան դասագիրքերու շարք մը, Օննիկ Սարգիսեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի գործակցութեամբ, 1961-1963: Աշխատակցած է «Արարատ», «Պայքար», «Արեւ», «Նոր Օր», «Սարդարապատ» եւ այլ թերթերու ու յատկապէս «Զարթօնք»ին, որուն հաւատարիմ աշխատակիցը եղած է երկար տարիներ, անոր էջերուն մէջ ստորագրելով ազգային, կրթա-դաստիարակչական բազմաթիւ յօդուածներ, ճանապարհորդական տպաւորութիւններ, կուսակցական, ազգային ու կրօնական անձնաւորութիւններու մասին դիմաստուերներ: Իր ստորագրած յօդուածները պատուաւոր տեղ գրաւած են «Զարթօնք»ի հրատարակած գրեթէ բոլոր բացառիկ համարներուն մէջ:

Ունի հրատարակած գիրքեր. «Ժողովուրդին եւ հայրենիքին հետ», 1983, «Պատմութիւն ՀԲԸՄի» (դասագիրք), 1989, «Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Գ. հատոր, 1994, «Յիշատակներու արահետներով», 1998:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #25, 29-08-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ