ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ ՏԱՂԱՆԴԱՎՈՐ ԵՐԳԻՉ ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆԻ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ Յակոբ Ա. ԿԱԿՈՍԵԱՆ Խտասալիկի հրապարակման առիթով Լիբանանահայ գաղութը միշտ էլ հայտնի է եղել իր տաղանդավոր երգիչ-երգչուհիներով, որոնցից ոմանք նվաճել են անգամ միջազգային բարձունքներ, ինչպես Լուիզա Պոզապալյանը եւ Սոնա Ղազարյանը: Հայտնի անուններից են նաեւ Արփինե Փեհլիվանյանը, Ժանետ Գույումճյան-Իլանճյանը, Արա Կիրակոսյանը, Կարապետ Չատրյանը, Մարո Փարթամյանը եւ ուրիշներ: Նախորդ դարի 60-70-ականների այդ հույլի մեջ հռչակ ձեռք բերեց նաեւ հրաշալի բաս ձայնով օժտված երգիչ Գեւորգ Կակոսյանը, որը սակայն միջազգային վերելքի հենց սկզբնավորության անակնկալորեն հեռացավ կյանքիցՙ առանց հասցնելու պրոֆեսիոնալ որեւէ ձայնագրություն ունենալ: Վերջերս Մ. Նահանգներում, երգչի եղբորՙ Հակոբ Կակոսյանի եւ բարեկամների ջանքերով հրապարակվել է վաղամեռիկ երգչի 14 երգերի խտասալիկը:
Խանդավառութիւնը, այդ օրերուն, հասած էր գագաթնակէտին: Մեր տունը վերածուած էր աշխատանքային կեդրոնի մը: Իրար հրմշտկող հրաւէր-նամակներու եւ հեռագիրներու տարափը ստեղծած էր լաւատեսութեան պայծառ մթնոլորտ մը: Մեծն Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած իր երգահանդէսներուն առընթեր, համերգային մեծ շրջապտոյտով մը Գէորգը պիտի այցելէր գլխաւոր քաղաքները Միջին Արեւելքի, զոյգ Ամերիկաներու, Կանադայի, Իտալիոյ եւ Խորհրդային երկիրներու: Ձեռնարկեց այդ «մեծ շրջապտոյտի» առաջին հանգրուանին, մեկնելով Եգիպտոս: 1969, նոյեմբեր 16-ին, Գահիրէի «Նայլ Հոլին» մէջ տուաւ երգահանդէս մը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ, բայց ափսո՜ս, որ այդ համերգը հանդիսացաւ տարբախտ Գէորգի կարապի երգը: Ճակատագրի անգութ հարուածը զգետնեց զինք 25 նոյեմբեր 1969-ին, անակնկալօրէն ի յայտ եկած հիւանդութեան մը հետեւանքով, խոր սուգի մատնելով լիբանանեան երաժշտասէր հասարակութիւնը եւ արուեստի շրջանակները: Արդարեւ, Գէորգ Կակոսեան մինչեւ վերջին վայրկեան, հոգեվարքի պահերուն իսկ, շարունակեց երգել եւ երգելով ալ աւանդեց հոգին, նուիրագործելով հայ բանաստեղծինՙ Սիամանթոյի, հետեւեալ խօսքը.- «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»: Գէորգը հեռացաւ այս աշխարհէն երգելով: Իր երգը ժառանգ թողուց ու գնաց: Բայց ո՞ւր էին այդ երգերը: Արդեօք կայի՞ն որակաւոր ձայնագրութիւններ իրմէ: Հարկ էր գործի անցնիլ անմիջապէս եւ հաւաքել Գէորգին ձայնագրութիւնները: Ուստի, հեռագիրներ ղրկուեցան ամենուրեք, եւ խնդրուեցաւ որեւէ տեսակի ձայնագրութիւն, ինչպէս նաեւ թերթերու անդրադարձներ եւ գրութիւններ անմիջապէս ղրկել մեզի: Արդիւնքը չեղաւ քաջալերական: Մեզի հասած ձայնագրութիւնները կատարուած էին երաժշտասէրներու կողմէ չափազանց պարզ գործիքներով, պարզապէս անձնական ունկնդրութեան համար: Ստացուած ձայներիզներուն մէջ կային նաեւ Երեւանի Ռադիոյէն եւ Հեռատեսիլէն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Ձայնէն իր ունեցած ելոյթներուն ձայնագրութիւնները: Բայց այդ երգերը ձայնագրուած էին միաձայն, մոնօ, ուղղակի (live) ձայնասփռումի ժամանակ եւ նոյնիսկ տան մը մէջ հեռատեսիլի գործիքէն: Սկսանք դասաւորել երգերը համաձայն իրենց «ձայնագրութեան որակին»: Ամիսներու աշխատանքէ ետք ունեցանք երգացանկ մը, որ ընդամէնը կը յիշեցնէր Գէորգը: Հասաւ ժամանակըՙ գործին վերջնական ճշդումներն ու սրբագրութիւնները կատարելու Պէյրութի նշանաւոր Սթիւտիօ Պաալպէքի մէջ: Շաբաթներու յոգնեցուցիչ աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ սրբագրուած եւ մաքրուած երգացանկով մը, որուն մէջէն ընտրուած ինը երգերով պիտի պատրաստուէր Գէորգին յիշատակի ձայնապնակը: Գործը յանձնեցինք լիբանանեան Ֆլեքս ձայնապնակի ընկերութեան: Նոր բարդութիւններ խանգարեցին գործին արտադրութիւնը: Ամիսները սահեցան, մինչեւ իսկ ձայնասկաւառակ արտադրող ընկերութեան արաբախօս գործաւորները գոց սորվեցան երգերը: Ի վերջոյ, պատրաստեցին շատ մաքուր ձայնապնակ մը, բայց ընդունելի չէր, քանի որ «զտումի եւ մաքրումի» գործը մէջտեղ բերած էր նոր ձայն մը, որ Գէորգինը չէր: Սկսաւ տեսակէտներու առճակատում: Խնդիրը կնճռոտեցաւ: Ընկերութեան կողմէ առաջարկուեցաւ գործը ստուգել Պէյրութի մէջ գործող բազմաթիւ ռադիոկայաններու սթիւտիոներուն մէջ, որոնք չէին հասկնար, թէ պահանջուածը պարզապէս ամենամօտիկ վերարտադրութիւնն էր Գէորգին ձայնին, քանի որ այդ պայմաններու տակ անկարելի էր ունենալ իր ձայնին հարազատ վերարտադրութիւնը: Գէորգը դժբախտաբար չունեցաւ սթիւտոյի մասնաւոր ձայնագրութիւն իր այդքան ճոխ ու բազմազան երգացանկէն: Ան ասուպի մը նման փայլեցաւ երգարուեստի երկնակամարին վրայ, ու յանկարծ անյայտացաւ... Մի քանի ամիս ետք «Ֆլեքս» ձայնապնակի ընկերութեան մասնագէտը խնդրեց Գէորգին ձայներիզը, որպէսզի անոր բամբ ձայնին յաճախութիւնը (frequency) հաշուեն Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի աշխատանոցին մէջ: Բարեբախտաբար, այս վերջին ճշդումներուն արդիւնքը քաջալերական եղաւ: Յաջորդ առաւօտուն, մասնագէտ բարեկամներով գացինք Ջիբէյլ (Լիբանան), «Ֆլեքսի» գործարան: Մթնոլորտը ելեքտրանացած էր: Աշխատանքը դադրած էր ամբողջ գործարանին մէջ: Պաշտօնեաներն ու գործաւորները հաւաքուած էին «քաթինկի» սենեակին առջեւ: Տիրապետող լռութեան մէջ «Ֆլեքսի» ձայնի ճարտարագէտը զգուշութեամբ եւ գուրգուրանքով վերցուց պատրաստուած «մայր սկաւառակը» եւ լռութեամբ առաջնորդեց մեզ քովնտի ունկնդրութեան սրահը: Հազիւ թէ սկաւառակը սկսաւ երգելՙ ըսի. «Հիմա վերածնաւ եղբայրս Գէորգը...»: *** Անցան տարիներ եւ տասնամեակներ: Գիտութիւնը զարգացաւ եւ նորութիւններ սկսան գրաւել հրապարակը: Ձայնապնակները փոխարինուեցան խտասալիկներով եւ այլ նորութիւններով: Քայլ պահելու համար արդիականութեան հետՙ որոշեցինք խտասալիկով վերարտադրել Գէորգին երգերը: Փրկելու համար ձայներիզի վրայ եղող ձայնագրութիւնները, առաջին հերթին անհրաժեշտ էր թուայնացնել (digitize) զանոնք: Օգնութեան հասան երաժշտագէտ բարեկամներս: Կատարեցինք վերջնական զտումը գոյութիւն ունեցող ձայնագրուած երգերուն: Կրցանք փրկել նաեւ հինգ երգեր եւ աւելցնել մայր ձայնապնակի ինը երգերուն վրայՙ ամբողջացնելով երգացանկը խտասալիկին: Եւ սկսաւ երգել Գէորգ Կակոսեանը... Ան երգեց հայրենիքի եւ արտերկրի բեմերու վրայ, ռադիոյի եւ հեռատեսիլի կայաններէն, Երեւանի Օպերայէն, մինչեւ իսկ իր շունչը աւանդեց երգելով: Բայց դարձեալ երգեց իր տխուր յուղարկաւորութեան ընթացքինՙ թէ եկեղեցիին եւ թէ ալ գերեզմանատան մէջ: Յաջորդ օր, անոր անդրշիրիմեան ձայնը լսուեցաւՙ Պէյրութի «Իւնեսքոյի» սրահին մէջ, Կոմիտասի հարիւրամեակին նուիրուած հանդիսութեան, որուն գլխաւոր աստղերէն մէկը պիտի ըլլար: Ապա, շարունակեց երգել Երեւանի Ռադիոյէն, հայ երգարուեստի վարպետներու շարքին: Շնորհիւ իր ձայնապնակին, երգեց ամենուրեք, տարբեր ռադիոհաղորդումներու ընթացքին եւ տուներու եւ սրահներու մէջ: Եւ ահա այսօր, իր նոր խտասալիկով, բարձր պահելով հայ երգի եւ կատարողական արուեստի մակարդակը, տակաւին ան կ՛երգէ եւ պիտի երգէ հայ երգարուեստի վարպետներու կողքին, իր թովիչ ձայնին շքեղութեամբ, զգայուն եւ խորաթափանց մեկնաբանութեամբ: Փասատինա, յուլիս 14, 2014 |