ԲԱԶՄԱՇԽԱՏ ԲԺԻՇԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ Բազմաճիւղ են այս հայ հոգեբոյժին գործունեութեան ընդգրկած դաշտերը - հիմներ է հայ բժշկութիւնը ներկայացնող թանգարան, գրեր է նշանաւոր հայ աչազուրկներու կենսագրական բառարան, կազմեր է յատուկ գիրք հայ հոգեբոյժներու մասին, վերհաներ է կենսագրութիւնները բոլոր այն հայ բժիշկներուն, որոնք խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ աքսորի եւ մահուան ենթարկուած են հեռաւոր Սիպիրի սառույցներուն մէջ: Չէր բաւեր այս բոլորը, ահա ծաւալուն հատոր մը 518 էջերով, ուր հեղինակը այբբենական հիւսքով կ՛անդրադառնայ 470 այն հայ բժիշկներու կեանքին, որոնք հալածանքի ենթարկուած են գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի եւ ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Յուզմունքը քիչ էր. չարչարանքի ու մահուան դատապարտուած հայ բժիշկներու մասին է խօսքը: Այդ հատորը հեղինակը անուանած է «Օսմանյան կայսրությունում, Թուրքիայի Հանրապետությունում եւ հարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանության ենթարկված հայ բժիշկներ: Կենսագրական բառարան»: Սպառիչ աշխատանքի արդիւնք այս հատորին մէջ ներկայութիւն են չարչարանքի ենթարկուած 470 հայ բժիշկներ: Հատորին նախաբանին մէջ կը կարդանք- «Գրքում «բուժաշխատող» անվան տակ ընդգրկված են ամենատարբեր մասնագիտության բժիշկներ»: Գիտական բծախնդրութեամբ կազմուած հատոր մը, ուր կը հանդիպենք անուններու, որոնք բժշկական տիտղոսին արժանացած են եւրոպական համալսարաններու մէջ ու վերադառնալով երկիրՙ ծառայած են ոչ միայն իւրայիններուն, այլ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն ու որպէս փոխհատուցումՙ արժանացած հետապնդումի, չարչարանքի ու մահուան: Հոս վկայութիւններ կան օտար բժիշկներու կողմէ, որոնցմէ յիշենք ֆրանսացի բժիշկ ու պատմաբան Իվ Թերնոնի անունը, որ հեղինակած է երեք գիրք Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Հեղինակ մը ոճրածին ու ոճրագործ օսմանցի բժիշկները իրաւամբ կոչած է «Հիպոկրատի ապօրինի զաւակներ»: Այս հատորին մէջ կը հանդիպինք Նազարէթ Տաղաւարեանի անուան կողքին այլ հռչակուած բժիշկներու անուններուն - Ռուբէն Չիլինկիրեան (Ռ.Սեւակ), Յովսէփ Շիշմանեան (Ծերենց), Միսաք Ճեւահիրճեան, Պէննէ Թորոսեան, Վահրամ Թորգոմեան, որոնք միաժամանակ եղած են հայ գիր ու գրականութեան մարդ: Ասոնցմէ Ֆիլիփ Գունտաքճեանը իր հայրը սպաննող թուրք վիրաւորը բժշկելով վերադարձուցած է կեանքի: Այսպէս է հայ բժիշկը: Բժիշկ Արտաշէս Բաբալեանը եղած է զէնքի ու կռիւի մարդ ու բազմաշխատ բժիշկ: Բժիշկ (անասնաբոյժ) Մինաս պէյ Աւետիսեանը հեղինակ է հայերէն ու թուրքերէն բազում գիրքերու, հիմնադիր ու դասախօս դպրոցներու, վարած է շատ մը պետական պաշտօններ, որպէսզի օր մը աքսորուի Դամասկոս: Իր բժիշկ զաւակըՙ նահատակուած է: Այսպէս ապրեցան հայ բժիշկները Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Անշուշտ անմոռանալի կը մնայ մեր Ամիրտովլաթ Ամասիացինՙ բնագէտ, մատենագիր, բառարանագիր, աստղագէտ, արքունի բժիշկ վիրաբուժապետը: Լուսանկարներով ու յաւելուածներով հարուստ հրատարակութիւն մը: Պատիւ բերող հանրագիտարան մը վերջապէս: Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանը իր շուրջ կրցած է ունենալ հայ մշակոյթով հետաքրքրուողներու խմբակ մը: Այդ խմբակին անդամները ամսական պարբերականութեամբ կը հանդիպին իրարու, լուծել փորձելով շատ հարցեր: Այդ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին, 2015ի յուլիսին, ունեցայ վերոյիշեալ գիրքէն բացի դոկտ. Յարութիւն Մինասեանի հեղինակած մէկ այլ հատորըՙ «Լաւ է կոյր աչօք, քան կոյր մտօք: Անվանի կոյր հայեր: Կենսագրական բառարան», ուր հեղինակը կը խօսի 143 հայ մեծագործ կոյրերու մասին: Հետաքրքրութիւն արթնցնող գիրք մը, ուսանելի մանաւանդ: Նոյն օրը ունեցայ ուրիշ հատոր մը եւսՙ «Հայուկները» վերնագիրով, հեղինակինՙ բժիշկ Հայկ Տէր-Վարդանեանի ձեռքէն: Ուրեմն հայ բժիշկները գրականութեամբ եւս կը զբաղին: Հայ մանուկներու 1915ի ջարդին նուիրուած է այս գիրքը: Ահա ուրիշ գիրք մըն ալՙ «Շողացող ստուերներ - Առջեւում պրեմիերան է», նոյնպէս հայ բժիշկի մը գրիչէն, որ այժմ կը բնակի Միացեալ Նահանգներու մէջ, հոգեբոյժ Վարդգէս Դաւթեան: Կարճ են գիրքին պատումները, հնձուած բժիշկին առօրեայ կեանքէն: Հանդիպման ընթացքին Ռուբեն Նահատակեան երկարօրէն խօսեցաւ հայ-վրացական կապերու մասին: Ահա հայ մտաւորական մը, որ կը հետեւի վրացական մամուլինՙ բացայայտելու համար հարեւան երկրին մէջ տիրող հայ-վրացական կապերը, որոնք հեռու են ամրապինդ ըլլալէ եւ մեզ կը մղեն կշռադատ մտածումներու, մտորումներու, սակայն ոչ րոպէական եզրակացութեանց: Այս հանդիպումները լուրջ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն: Չմոռնամ ըսելու, որ հիւրընկալ բժիշկը պտղասեղան մըն ալ պատրաստած էր հանդիպման մասնակիցներուն համար: Շնորհակալութեան արժանի հանդիպում, ուր բժշկութիւնն ու մշակոյթը ընդելուած են իրարու: Երեւան, 21 օգոստոս 2015 |