RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#036, 2015-10-02 > #037, 2015-10-09 > #038, 2015-10-16 > #039, 2015-10-23 > #040, 2015-10-30

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #38, 16-10-2015



Տեղադրվել է` 2015-10-15 21:53:07 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 986, Տպվել է` 8, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 4

ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ԵՎ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Յակոբ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

«Ախթամար» պարախումբի ելոյթին առթիւ

Ցեղասպանութեան դարադարձի հանդիսութիւններէն անմասն չմնաց նաեւ Նիւ Ճըրզիի «Ախթամար» պարախումբը: Օգոստոսին տուած էր իր անդրանիկ այցելութիւնը Հայաստան եւ ունեցած յաջող հիւրախաղեր: Երիտասարդ ու պարման-պարմանուհիներով կազմուած այս պարախումբը, առաւելաբար նախկին պոլսահայ ծնողներու զաւակներ, Մեծագոյն Նիւ Եորքի այլ պարախումբերու շարքին կը շարունակէ իր ուղին գրեթէ նո՛յն մակարդակով, հրամցնելով տոհմիկ ազգագրական պարարուեստը, հեռու ամերիկեան show-երու հրամցուցած խաբկանքէն:

Խմբավարն ու պարուսոյցըՙ Սիլվա Գանթարճեան-Ասատուրեան, ի՛նք ալ մաս կազմած 70ական թուականներուն Սարգիս Բասքալեանի գլխաւորութեամբ Ամերիկայի տարածքին նախաձեռնուած պարարախումբերուն: Սիլվան յամառօրէն շարունակեց սկսուած աւանդը, եւ արդէն այս պարախումբի 70ի մօտ իր անդամներով նոր սերունդին կը փոխանցէ հայկական ազգագրական պարարուեստի աւանդոյթները:

4 հոկտեմբեր 2015, կիրակի կէսօրէ ետք, հակառակ ձեռնարկներով զիրար հրմշտկող այս օրերուն, Նիւ Ճըրզիի Ֆելիշըն քոլեջի հազարի հասնող սրահը գրեթէ լեցուն էր:

«Վերածնունդ եւ Յաղթանակ» լոզունգով յայտագիրը ամբողջութեամբ հայրենասիրական պատկեր մը կը ներկայացնէր, որքա՛ն պատշաճ այս օրերու մեր ժողովուրդին զգացումներուն: Եւ այդ աւելիով կը հպարտացնէ ազգային տարբեր երազներով խմորուած Միջին Արեւելքի մայր գաղութներէն այս ափերը հաստատուած մեր սերունդին, տեսնելով պոլսահայ ծնողներէ ծնունդ առած այս նոր սերունդին ջերմեռանդութիւնը հանդէպ որքան մեր մշակութային աւանդական արժէքներուն, նոյնքա՛ն արդէն այն համատարած պահանջատիրութեան ոգիին, որ ակներեւ սկսած է դառնալ ամէնունուրեք:

Եւ այսպէս յայտագիրը կ՛ընթանայ ազգագրական պարերովՙ «Հայաստանի երգը», «Մուշ», «Յուշեր», «Ախթամար», «Մենք ենք, մեր սարերը» ... կը յուշեն մեր բռնագրաւեալ հայկական նահանգները, մեր սրբավայրերը: Եւ ինչո՞ւ չյուզուիլ:

Երկրորդ բաժինով մեր յաղթանա՛կը կը ներկայացնեն «Ուրախութեան պար»ով, «Զարթիր Լաօ»ով եւ այլ պարերով:

Յայտագրին մէջ կան երեք օտար պարերՙ բոլորն ալ մեր ժողովուրդին բարեկամ ազգերու պարերէն. ռուսական, վրացական ու յունական, ցոյց տալով մեր սերտ բարեկամութիւնը այդ ժողովուրդներուն հետ:

Երգով հանդէս եկաւ Գէորգ Արթինեանն իր նուագախումբովՙ Վիգէն Մանուշեան (դաշնամուր) եւ Արա Տինքճեան (ուտ): Գէորգ իր հայրենասիրական երգերու մեկնաբանութեամբ առաւել խանդավառեց հայրենակարօտ հանդիսատեսը: Երգեր, որոնք յօրինուած են դեռ Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, լեցունՙ կարօտով ու հայկական ոգիով, որոնք այսօր ալ կը կապեն մեզ մեր հայրենիքն ու մեր անցեալին: Երգեր, որոնք արդէն դարձած են դասական, ու հայ տուներէն ու ազգային հաւաքոյթներէն ներս մնայուն ու հաճելի երգացանկ:

Շնորհաւորելի է «Ախթամար» պարախումբի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները Զուարթ Կիւլեանի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբՙ Նուարդ Արսլանի, Թալին Չինարի, Ռիթա Խիշլեանի, Մարալ Քիլերճեանի, Ճեննի Գորօղլեանի, Թալին Բուրութի եւ Դալար Շէշէթեան-Սարաֆեանի: Նիւ Ճըրզիի պոլսահայերու Հայ տան վարչութիւնը առայժմ կը հիւրընկալէ պարախումբը կատարելու իր շաբաթօրեայ փորձերը, որուն համար յանձնախումբը անհունօրէն շնորհապարտ է:

Պարուսոյց Սիլվայի հանգուցեալ մօրՙ տիկին Մարի Գանթարճեանի ծառայութիւնը պարախումբէն ներս յիշատակուեցաւ յայտագիր-գրքոյկի մէջ: Ողբացեալը երկա՜ր տարիներ օգտակար եղած է «Ախթամարին», ստանձնելով հայկական տարազներու պատրաստման գործը:

Վերանորոգուած հայրենասիրութեամբ ու քիչ մը աւելի հայացած, ներկաները վերադարձան իրենց տուները: «Ախթամար» վստահաբար պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Նիւ Ճըրզի

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #38, 16-10-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ