RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#003, 2018-01-26 > #004, 2018-02-02 > #005, 2018-02-09 > #006, 2018-02-16 > #007, 2018-02-23

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #5, 09-02-2018



Տեղադրվել է` 2018-02-08 20:37:12 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2515, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԹԷՔԷԵԱՆԻ «ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ»

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ես Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններով հմայուած մէկն եմ. կը սիրեմ, քանի որ երբ կարդամ, կը գրաւուիմ եւ կը մղուիմ կրկնելու ընթերցումս : Երբ աւելի լաւ ըմբռնելու համար երկրորդ անգամ կը կարդամ, ըմբռնումը կը վերածուի սիրոյ եւ երթալով այդ սէրը կը փոխակերպուի վայելքի, յատկապէս երբ մեկնաբանելով անոր փիլիսոփայական տողերը կը հասնիմ իր միտքերու ակունքին:

Մե՛ծ է, ըսելիք չկայ: Անտեղի կերպով զինք «Բանաստեղծութեան իշխան» չեն կոչած: Գիտէի որ բանաստեղծութեան կողքին եղած է նաեւ հրապարակագիր, հիմնած եւ խմբագրած է Գահիրէի «Արեւ»ը եւ Պէյրութի «Զարթօնք»ն ու «Շիրակ»ը, եւ անշուշտ խմբագրականներ ու յօդուածներ ստորագրած է, սակայն առիթ չէի ունեցած զանոնք կարդալու:

Առիթը ստեղծուեցաւ, երբ յունուարի 26-ին Երեւանի ՀԲԸՄիութեան յարկին տակ նշուեցաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեակը, ներկայութեամբ թերթի հիմնադիր Գոչունեան ընտանիքի շառաւիղՙ Արա Գոչունեանի (Գոչ) եւ զուգահեռ շնորհահանդէսը կատարուեցաւ թերթի տպարանէն լոյս տեսած երեք գիրքերու, որոնցմէ մին ալ Վ. Թէքէեանի հրապարակագրական յօդուածներու հատընտիր մըն էր, իսկ միւս երկուքը կը պատկանէին Ռ, Զարդարեանի եւ Երուխանի գրիչներուն:

Թէքէեանի գիրքը «Երկու դրախտները» վերնագիրը կը կրէ, որուն տակ գրուած էՙ «Ցիրուցան էջեր»: 480 էջերէ բաղկացած այս գործը կազմած, խմբագրած եւ ծանօթագրած է Սեւան Տէյիրմէնճեանը, իսկ յառաջաբանը գրած է դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը:

Գիրքը ունի երեք բաժինՙ Ա. Հրապարակագրութիւն, Բ. Գրականութիւն եւ արուեստ, Գ. Յուշեր-վկայութիւններ:

Բաժիններու անուանումներուն համեմատ, անոնց տակ ամփոփուած են բազմազան եւ բազմաբնոյթ յօդուածներՙ ազգային, քաղաքական, ընկերային, անձնական յուշեր... բոլորն ալ հետաքրքրական, իրապաշտական, վերլուծական, յաճախ զուարթաբանութեամբ համեմուած, ոչ մէկ չափազանցութիւն պարունակող, նոյնիսկ, որպէս կուսակցական, միշտ չափաւոր ու իր անունին վայել:

Թէքէեանի առինքնող գրիչին պտուղներուն ուսանելիութեան եւ անոնց առթած հաճոյքին կողքին, ահագին գիտելիքներ ու տեղեկութիւններ քաղեցի այդ օրերու եւ շրջաններու անցուդարձերուն մասին, ծանօթացայ նոր անուններու, բացայայտուեցան ու լուսաբանուեցան ինծի համար մշուշոտ շարք մը դէպքեր ու դէմքեր:

Թիւր կարծիք մը կայ, որ հրապարակագրութիւնը իսկական գրականութիւն չէ, այլՙ ժողովրդային որակումովՙ «ղազէթաճիութիւն»(*), սակայն երբ մարդ կը կարդայ մեր կարգ մը նշանաւոր խմբագիրներու յօդուածները, այն ատեն կը հասկնայ, որ անոնք ոչ միայն գրականութիւն են, այլեւ ժողովուրդը առաջնորդող, արեւելում տուող, խթանող ազդակներ են: Թէքէեան տեղ մը կ՛անդրադառնայ ասոր, երբ կ՛ըսէՙ «Գրականութիւն եւ հրապարակագրութիւն ձեռք ձեռքի տուած կը քալեն...»

Հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով կարդացուող գիրք է եւ դժուար է ընդհատել ընթերցումը: Ամէն էջի մէջ գեղեցիկ միտք մը կայ, գրաւիչ մեկնաբանութիւն, ընդգծելի տողեր, որոնք յիշարժան են: Մէջբերենք քանի մը տող.

«Մեծ ազգերու զարգացման գաղտնիքը փնտռել ու պարզելՙ ամբողջ քաղաքակրթութեան պատմութիւնը գրել կը նշանակէ, արդիական ըմբռնումով խորազննել պատմութիւնը բոլոր մեծ ազգերու կեանքին, ուր մեծ դէպքերու, աշխարհակալութեանց, նուաճումներու եւ ընկրկումներու քովն ի վեր եւ անոնցմէ առաջ, պրպտուած եւ ի լոյս դրուած այդ ազգերը կազմող ժողովուրդներուն վարքն ու բարքը, օրէնքները, ֆիզիքական, մտաւորական ու հոգեկան կեանքի պայմանները»

«Հետաքրքրական եւ բեղուն շրջան մըն է արեւմտահայ գրականութեան1890-1900-ի շրջանը, ըլլալով ծայրափակումը (aboutissemant) եւ սկզբնաւորութիւն մը միանգամայն: Անշուշտ, ինքնաբոյս չէ ան: Իր ետին ունի 15 դարերու ամբողջ գրականութիւնը եւ մասնաւորապէս անոր արեւմտահայ կոչուած ճիւղը, որմէ կը սերի անմիջականօրէն:»

«...կուսակցութիւններն ալ, աշխարհի մէջ ուրիշ շատ մը բաներու նման, ունին իրենց օգուտն ու վնասը...»

«Ժամանակ»ի հրատարակչական այս գործը իսկապէս շնորհաւորելի է, իսկ անոր մատենաշարի 5 թիւը կրող այս գիրքը կու գայ կարեւոր յաւելում մը կատարելու մեր գրականութեան գանձարանին մէջ, եւ բանաստեղծ Թէքէեանի կողքին, արձակագիր-հրապարակագիր մարդը ծանօթացնելուՙ իր ամբողջ գեղեցկութեամբ:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #5, 09-02-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ