RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2017-01-13 > #002, 2017-01-20 > #003, 2017-01-27

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #1, 13-01-2017



Տեղադրվել է` 2017-01-12 23:46:23 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 77882, Տպվել է` 643, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱԲԻԿ ԶՕՐԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

1/2/1918 -Պէյրութ, 22/12/2016 - Երեւան: Եթէ 40 օր եւս ապրէր, 1/2/2017-ին ամբողջացուցած կ՛ըլլար իր կեանքի 99 տարիները:

99 տարի, համարեա՛ մէկ դար, կեանք մը հարուստ, ոչ միայն իր տարիներու համրանքով, այլ այդ տարիներու երկայնքին իր հարուստ վաստակով. վաստակ մը, որ ոչ միայն աշխատանքային, մասնագիտական հմտութեան, ձեռնհասութեան եւ աշխատասիրութեան բարենիշներով էր առլցուն, այլեւ իր իւրօրինակ նկարագրի գիծերովՙ իր ուղղամտութեան, կարգապահութեան եւ բացառիկ բծախնդրութեան բաղադրիչներով, որոնց շնորհիւ մեծապէս յարգուեցաւ, սիրուեցաւ եւ գնահատուեցաւ թէ՛ իր աշխատանքի ասպարէզին մէջ եւ թէ՛ իր միութենական գործունէութեան երկար տարիներուն ընթացքին:

Աբիկ Երուանդի Զօրեան:

Զօրեաններու գերդաստանի ոսկեայ օղակներէն մէկը, որ ագուցուած էր իր հօր Երուանդին եւ որուն ագուցուեցաւ իր զաւկինՙ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի նորագոյն օղակը:

Հայ ժողովուրդին անցած արեան ճանապարհները պատճառ եղած են, որ ոեւէ հայ չյաջողի իր գերդաստանի ակունքներուն հասնիլ, կտրել-անցնելով 19-րդ դարը, ատոր համար ինչ որ հասանելի է մեզի Զօրեան գերդաստանի մասին, անոր ակունքը կը նկատուի տրապիզոնցի մեծ վաճառական Յարութիւն Զօրեանը, որուն զաւակներն էին Աբիկն ու Երուանդը: Երուանդ զոհ կ՛երթայ Համիտեան ջարդերուն, իսկ Աբիկ կ՛ապրի, որուն զաւակըՙ Երուանդ Զօրեան, ողբ. Աբիկ Զօրեանի հայրը, 1920-ական թուականներուն եղած է Հալէպի պետութեան (ապա սուրիական պետութեան կազմին մէջ) գլխաւոր հաշուապահը եւ ելեւմտական տնօրէնութեան տնօրէնը, նուիրուած է Հալէպի հայ համայնքին, յատկապեսՙ հայ երիտասարդության: 25 տարի շարունակ Երուանդ աւագը Հալէպի ՀԲԸՄ-ի մէջ կարեւոր պաշտօններ վարած է եւ 1931-ին հիմնադրած է ՀԲԸՄ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը (ՀԵԸ):

Աբիկ Զօրեան եւ տիկինըՙ Հիլտան, շարունակած են Հալէպի հայ համայնքին ծառայելու ընտանեկան ավանդոյթըՙ մասնաւորաբար կրթական ասպարէզին մէջ:

Պեյրութի Սէն Ժոզեֆ համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը աւարտելէ յետոյ Աբիկ Զօրեան 30 տարի աշխատած է որպէս Հալէպի Ելեկտրամատակարարման եւ ջրամատակարարման ընկերութեան թեքնիք գծով տնօրէն, ապա հաստատութեան փոխ-ընդհանուր տնօրէն:

30 տարի շարուանակ դասաւանդած է Հալէպի համալսարանի Ճարտարապետութեան բաժինէն ներս «ձայն» եւ «լոյս» նիւթը: Արաբերէն լեզուով անոր հեղինակած աշախատասիրութիւնը, իբրեւ դասագիրք, առ այսօր կ՛օգտագործուի համալսարանէն ներս:

Հաւատալով մարմնական եւ մտաւոր կրթութեան, եղած է առաջնակարգ մարզիկՙ ուսումնատենչ եւ գիտութեան մարդ: Եղած է ընթերցասէր եւ տարբեր լեզուներու գիտակ:

Աւելի քան 80 տարի եղած է անդամ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան: 1939-էն ստանձնած է բազմաթիւ պաշտօններ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան Գործադրիր մարմինէն ներս: Մինչեւ 1988 եղած է ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Կրթական յանձնաժողովի երկարամեայ ատենապետը:

ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Կրթական յանձնախումի իր ատենապետութեան կողքին, ուսումնասիրած է հայկական արուեստն ու ճարտարապետութիւնը եւ հրատարակած է հայ մշակույթի ազդեցութեան վերաբերեալ երեք մենագրութիւն, որոնք արժանացած են բազմաթիւ պարգեւներու:

Աբիկ Զօրեան ուսումնասիրած է հայկական մշակոյթը եւ անոր ունեցած դերակատարութիւնը միջազգային մշակոյթին վրայ: Ֆրանսերէն լեզուով հրատարակած է «La culture Armenieՙnne, son passe՛ et son avenir» երկհատորեակը 1998 եւ 2004 թուականներուն, արժանանալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտենեցի» մրցանակին:

Նուիրուած է ՀԲԸՄ-ի ամենամեծ դպրոցինՙ Հալէպի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպենկեան կեդրոնական վարժարանին, բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով նպաստելով նոր սերունդի կրթութեան մակարդակի բարձրացման: Իր երազանքն էր, որ հայ երիտասարդները ստանան լաւ կրթութիւն իրենց մասնագիտութիւններուն մէջՙ հասնելով միջազգային բարձր դիրքերու:

Աբիկ Զօրեանի շիջումով հալէպահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքը մասնաւորապէս կը կորսնցնեն վաստակաշատ, երախտաւոր աւագ մտաւորական ղեկավար մը: Բայց եւ այնպէս, Զօրեաններու ազգանուէր աւանդոյթը կը շարունակուի վերանորոգ ճանապարհներով, յանձին դոկտ. Երուանդ Զօրեանի, որ ոչ միայն իր գերդաստանին եւ շրջապատին պատիւ կը բերէ, այլեւ դարձած է միջազգային մակարդակի վրայ հանրածանօթ գիտնական մը տեղեկատուական թեքնոլոջիի ոլորտէն ներս:

Դոկտ. Երուանդ Զօրեան իր զաւակներուն ալ փոխանցած է Զօրեան գերդաստանի ջահը, որոնք անկասկած կը շարունակեն իրենց ժառանգած աւանդոյթը, նոր օղակներ աւելցնելով ոսկեայ շղթային վրայ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #1, 13-01-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ