RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#031, 2017-08-25 > #032, 2017-09-01 > #033, 2017-09-08 > #034, 2017-09-15 > #035, 2017-09-22

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #33, 08-09-2017



Տեղադրվել է` 2017-09-07 22:58:32 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 12808, Տպվել է` 1820, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԲԱՐԻՔԻ ՄԸ ՄԻՒՍ ԵՐԵՍԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ճորճ եւ Ամալ Քլունի ամոլը որոշած է 2.5 միլիոն տոլար նուիրել, որպէսզի Լիբանան ապաստանած սուրիացի փախստականներու զաւակներուն համար 7 դպրոց կառուցուի, քանի որ անոնք Սուրիոյ պատերազմական վիճակին պատճառով տարիներէ ի վեր զրկուած են ուսումէ:

Լուրը կ՛ուրախացնէ անկասկած, քանի որ նպատակը բարի է եւ նուիրատուներն ալ համակրելի անձնաւորութիւններ են: Սակայն, երբ քիչ մը խորանանք հարցին մէջ, պիտի տեսնենք, որ երեւոյթով բարի ու օգտաշատ այս ձեռնարկին ետեւ լուրջ մտահոգութիւններ կան: Արդէն վեց տարիներէ ի վեր սահմանամերձ Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն թիւը, որ մէկ ու կէս միլիոնով կը գնահատուի, կը նշանակէ որ դեռ երկար պիտի մնան այդ գաղթակայաններուն մէջ եւ Սուրիոյ մէջ իրենց տուները վերադառնալու յոյսեր չկան, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ պատերազմին աւարտը դեռ մօտալուտ չէ, կամ պատերազմին հետքերը վերացնելն ու Սուրիոյ մէջ անոնց բնակավայրերը վերականգնելը դեռ տարիներ պիտի տեւէ:

Անշուշտ այս հարցին մէջ քլունիները յանցանք չունին, քանի որ ձեռնարկը պիտի իրագործուի ՄԱԿ-ի գաղթականաց գրասենեակին եւ UNICEF-ի միջոցաւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս համաշխարհային կազմակերպութիւնները գիտեն բաներ, որ հանրութիւնը չի գիտեր:

Ես կը ցաւիմ ոչ միայն սուրիացի գաղթականներու խեղճ ու կրակ վիճակին համար, որոնք անբաղձալի տարր նկատուած են լիբանանցիներուն կողմէ եւ ենթակայ են տարատեսակ թշնամական վերաբերմունքի եւ նուաստացումի, այլ կը ցաւիմ Լիբանանի համար, որ իր բնակչութեան չափ ալ գաղթականներ ընդունեց, աւելի ճիշտ կ՛ըլլայ ըսելՙ պարտադրուած ընդունեց եւ կքեցաւ անոնց բեռին տակ: Նախՙ կէս միլիոն պաղեստինցի ու հիմա ալ մէկ ու կէս միլիոն սուրիացի...

Լիբանան փոքր երկիր է, սակայն «Միջերկրականի հարսն» է ու գոհարը, բայց ակամայ միջպետական խաղերու եւ դաւերու ալ թատերաբեմ դարձած է, որոնք կ՛աղօտեն անոր փայլքը:

Վերադառնալով քլունիներու բարեսիրական այս ծրագրին, պիտի ըսէի, որ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար, եթէ այդ գումարը տրամադրուէր գաղթականներուն տուն վերադարձը իրականացնելու, քանդուած անոնց տուները վերանորոգելով եւ ապրուստի միջոցներ հայթայթելու: Խնդրոյ առարկայ գումարը մեծ բան մը չէ, սակայն տեղին ծախսուելով կրնայ կարեւոր օժանդակութիւն ըլլալ ի նպաստ սուրիացիներու վերաբնակեցման:

Հոլիվուտի հարոուստ աստղերը յաճախ բարեսիրական նուիրատուութիւններ կ՛ընեն, յատկապէս բժշկական մարզին մէջ: Սակայն քլունիներու այս ժեստը իւրօրինակ է. երեւի տիկին Քլունիիՙ լիբանանցի Ամալի առաջարկով եղած է: Թէ ի՞նչ տեսակ սերունդ պիտի դուրս գայ այդ դպրոցներէն, մօր կաթին հետ պատերազմի լեղին ծծած, վրանաքաղաքներու եւ հիւղաւաններու գռիհներուն մէջ թրծուած այդ երախաներու զանգուածէն, այդ ալ ուրիշ հարց է:

Ամէն պարագայի, թող իրականանայ իրենց երազը բազմահազար երախաներուն ուսումը ապահովելու, մինչեւ որ ժամը հնչէ ետդարձի:

Թէ ո՞վ պիտի հնչեցնէ այդ ժամը, չենք գիտեր, սակայն կը մաղթենք, որ չուշանայ անոր տուն հրաւիրող ղօղանջը:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #33, 08-09-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ