ԵՕԹ ԳԼԽԱՆԻ ՀՐԷՇԸՙ ԿԱՇԱՌՔԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Երեւանեան թերթէ մը կը մէջբերեմ «...աշխատանքի ընդունուելու համար... կաշառք տալու պատրուակով պահանջել է 500 ԱՄՆ դոլար»... Շարունակութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ կաշառքը ստացող անձը, որ իւրացուցած է գումարը առանց խոստացածը կատարելու, ձերբակալուած է, ինչպէս նաեւ ձերբակալուած է կաշառք տուողը: Գործի ընդունուելու համարՙ կաշառք... Տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ լսեցի ծանօթի մը պատմածը, թէ բժշկութիւն աւարտած իր աղջիկէն հիւանդանոցի մը մէջ աշխատանքի ընդունուելու համար 5000 ԱՄՆ տոլար պահանջուած է, չհաւատացի, կարծելով որ հեքիաթային չափազանցութիւն է: Սակայն ուրիշ անգամներ ալ երբ լսեցի եւ հաստատուեցաւ լուրը, զարմանքս զայրոյթի վերածուեցաւ. ի՞նչ կը նշանակէ գործ գտնելու համար կաշառք վճարել, ան ալ շատ սովորական աշխատավարձի մը սիրոյն, որ 200 տոլարը չ՛անցնիր, այսինքն համալսարանաւարտ մը գալիք իր 3-4 տարուան ստանալիք աշխատավարձը կանխիկ պիտի վճարէ, որպէսզի յաջորդ տարիներուն կարենայ օգտուիլ այդ ամսականէն եւ իր ու իր ընտանիքին կարիքները հոգալ: Փաստօրէն մի քանի տարի ձրի պիտի աշխատի... Անցեալները թաքսիի վարորդի մը հետ կը խօսէի եւ ի միջի այլոց, երբ յիշեցի որ ուսուցիչ եմ, ըսաւ որ իր աղջիկն ալ մանկավարժ է, սակայն դեռ անգործ է, քանի որ ուսուցչութեան պաշտօնի ընդունուելու համար իրմէ 1000 տոլար պահանջած են... Կաշառքը երեւի սովորական երեւոյթ է շատ երկիրներու մէջ, երբեմն ուղղակի դրամով, երբեմն քօղարկուած, երբեմն ալ տարբեր տեսակի նուէրներով: Տասնամեակներ առաջ Խորհրդային Հայաստան ուսանելու եկած արտասահմանցիներ, յաճախ ոսկեղէնով մը, կամ շիշ մը քոնիաքով կը կաշառէին իրենց դասախօսները, ոչ անպայման անյաջողութիւնը յաջողութեան վերածելու, այլ պարզապէս գոհացնելու համար դասախօսը, որ քննութեան լաւ պատասխանող ուսանողին իսկ կրնար ձախողեցնել, եթէ տուեալ անձը ձեռքերը պարապ ներկայացած ըլլար քննութեան: Անշուշտ բացառութիւններ ալ եղած են, անաչառ դասախօսներ եւ ուսանողներ, սակայն կաշառատուութիւնը բացառիկ երեւոյթ մը չէ եղած: Հասկնալի է. կա՛մ ընչաքաղցութենէ մղուած, կա՛մ մարդոց ստացած աշխատավարձը անբաւարար եղած է եւ ակամայ այդ անազնիւ միջոցին դիմած են եւ դժբախտաբար այս վիճակին իբրեւ հետեւանք, թացն ու չորը միասին քշուած են, սակայն արտասահմանի մէջ այդ ուսանողները, արդէն շրջանաւարտ եղած, երբ գործի ասպարէզ նետուած են, շրջան մը ետք ժողովրդային մաղէն անցած են ոմանք, ոմանք ալ մնացած են... մաղին մէջ: Ժողովուրդին հետ գործ ունեցողը ի վերջոյ գոյնը դուրս կու տայ: Անցեալին, Հայաստանի համալսարաններու դասախօսներն ու տնօրէնները հաշիւ չեն ըրած, որ իրենց կեղծ գնահատականները ոչ միայն կը գունաթափին, այլեւ Հայաստանի վարկին հետ կը խաղան, եւ պատահեցաւ որ կեղծ վկայականներով ասպարէզ իջնողները պատճառ դարձան որ մարդիկ թերահաւատ դառնան Հայաստանի համալսարաններէն վկայուողներուն նկատմամբ: - Ո՞ւր ուսաներ է: - Հայաստան: - Վազ անցիր... - Բայց կ՛ըսեն շատ լաւ է: - Վրաս գրէ, չեմ հաւատար: Ասիկա անցեալին ընթացիկ երեւոյթ էր: Շատ բան փոխուած է այս օրերուն, դէպի վատթարը: Հայաստանի անկախութեան ու յառաջդիմութեան հետ, սա եօթ գլխանի հրէշին գլուխները կտրող պիտի չըլլա՞յ: |