RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#009, 2018-03-09 > #010, 2018-03-16 > #011, 2018-03-23 > #012, 2018-03-30 > #013, 2018-04-06

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #11, 23-03-2018



Տեղադրվել է` 2018-03-22 23:26:43 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 3591, Տպվել է` 416, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱՐՑԱԽ ՌՈՒՑ ԻՆՎԵՍԹՄԸՆՑ ՆՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Yerepouni-news.com

Արցախի բարգաւաճման առաքելութեամբ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւններու մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ ԱՌԻ ընկերութիւնը: Անոր ղեկավարութեան հեռատեսութիւնը, անդամներուն բծախնդրութիւնը, թափանցիկ գործունէութիւնը եւ ամենակարեւորըՙ արդիւնաւէտ աշխատանքը վարակիչ օրինակ կրնան ծառայել Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման համար ճամբայ ելած բոլոր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն:

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (Artsakh Roots Investments) ընկերութեան առաքելութիւնն է զարգացնել Արցախի հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ գիւղատնտեսութիւնը եւ բնակարանաշինութիւնը:

Ի՞նչ է Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) յաջողութեան գաղտնիքը, որ փոխշահաւէտ պայմաններ կը ստեղծէ միաժամանակ ներդրողին եւ վարկերէն օգտուող արցախցիներունՙ անսակարկ նուիրում, ծրագրաւորում եւ հաւաքական աշխատանք:

Ակնարկ մը բաւարար է համոզուելու ԱՌԻ-ի հայրենաշէն աշխատանքին: Ինը տարիներ առաջ համեմատաբար համեստ պայմաններու տակ ստեղծուած բարեսիրական այս միաւորը այսօր արդարօրէն կը հպարտանայ իր բազմապատկուած բարերարներով, ներդրողներով եւ անդամներով: Միանգամայն յստակ են անոր ծրագիրները եւ թափանցիկ:

Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018, երեկոյեան ժամը 7-ին, Լիբանանի ՀԲԸՄիութեան Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ, ի ներկայութիւն Արցախի հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի, ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամներուն եւ բարեկամներուն տեղի ունեցաւ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու 8-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը:

ԱՌԻ-ի հոգաբարձութեան անդամ Վաչէ Մելքոնեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան դիտել տուաւ, թէ շնորհիւ բաժնետէրերու ներդրումներուն եւ ամրապնդուող վստահութեան, կ՛արդիւնաւորուի ԱՌԻ -ի աշխատանքը եւ տնտեսական աճ կ՛ապահովուի Արցախի մէջ:

ԱՌԻ-ի հոգաբարձութեան անդամ Գրիգոր Տաքեսեան ընդգծեց, սովետա-ազերիական ժամանակաշրջանին տնտեսապէս լքուած Արցախը այսօր արդէն իսկ կայուն եւ արագ զարգացող պետութիւն է: Արցախին մատուցուող օժանդակութիւններուն մէջ, 2009 թուականէն սկսեալ, Արցախ Ինվեսթմընց Ռուց զանազան ծրագիրներով կը սատարէ Արցախի տնտեսական զարգացման: Գրիգոր Տաքեսեան դիտել տուաւ, թե ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը որեւէ ձեւով չէր խանգարած Արցախի պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւնները: Այս գնահատելի իրողութիւնը ԱՌԻ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները մղեց մեկնելու Արցախ եւ պետութեան հետ քննարկելու նոր ծրագիրներ. «Այդ հանդիպումներուն ընթացքին, Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան բարձր գնահատեց ԱՌԻ-ի հայրենանուէր գործունէութիւնը, ակնկալելով ապագային շարունակել այդ գործակցութիւնը», ըսաւ Գրիգոր Տաքեսեան, աւելցնելով, որ ԱՌԻ-ի հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամներ այցելած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, իսկ ներկայիս կարգ մը անդամներ գործուղուած են Աւստրալիա, որոնց նաեւ պիտի միանայ Արցախի հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանը: «Երեսուն տարի առաջ երբ սկսաւ Արցախեան շարժումը, ան երազ էր եւ հաւատք: Այսօրՙ ազատ եւ անկախ Արցախը իրականութիւն էՙ ի գին բազում զոհողութիւններու: Յառաջիկայ տարիՙ 2019-ին, ԱՌԻ-ի տասնամեակն է: Մեր փորձը մեզի կը դարձնէ աւելի ինքնավստահ եւ իրարմով գօտեպնդուած: Մեր ձայնը միացնելով պարոն Արա Յարութիւնեանին կ՛ըսենքՙ մեր հետագայ ծրագիրները նոյնպէս յաւակնոտ են: Մտադիր չենք բաւարարուելու ցարդ եղած ձեռքբերումներով: Շատ աւելի բարձր նշաձող դրած ենք մեր առջեւ», եզրակացուց Գրիգոր Տաքեսեան:

ԱՌԻ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Վահան Գասարճեան ներկայացուց 2017 տարեշրջանի ընկերութեան աշխատանքը: Իր տուեալները աւելի հնչեղ դարձնելու նպատակով, ան տեսաերիզի վրայ նախ ծանօթացուց Քաշաթաղը եւ Շահումեանը, անոնց աշխարհագրական դիրքը: Քաշաթաղի շրջանը իր մէջ կ՛ընդգրկէ նախկին Լաչինի, Ղուբաթլուի, Զանգելանի շրջանները եւ Ջեբրայիլի շրջանի մէկ մասը: Սոյն տարածութիւնը արցախեան ինքնապաշտպանութեան ուժերու վերահսկողութեան տակ անցած է 1992-1993 թուականներուն: Քաշաթաղի շրջանը ունի աւելի քան 50 համայնք: Անոր վարչական կեդրոնը Բերձոր քաղաքն է, որուն մէջէն կ՛անցնի 1990-ական թուականներուն կառուցուած Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին:

Վահան Գասարճեան յայտնեց, թէ 2009-էն մինչեւ օրս շուրջ եօթ միլիոն տոլար գնահատուող ԱՌԻ-ի ներդրումները լոկ տնտեսական ծրագիրներ չեն ծածկեր, այլեւ կը լուծեն ազգային հարցեր: Այս առիթով ան նշեց, թէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի վերաբնակեցուած շրջաններէն հազար երիտասարդ մեկնած է ճակատ, յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:

Արագ ակնարկ մը կատարելով Վահան Գասարճեան յայտնեց նաեւ, թէ 2009 թուականին 16 անդամ հաշուող Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց ընկերութիւնը այսօր կը հաշուէ 198 անդամ: Այս միջոցին կարելի եղած է 36 առ հարիւրի աճ գոյացնել Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ:

ԱՌԻ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Սիւզի Սեմերճեան համապարփակ ներկայացուց ընկերութեան նիւթական տեղեկագիրը եւ ընդհանուր հաշուեկշիռը: Յատկանշական է, որ ԱՌԻ-ն իր գործունէութիւնը սկսած է 300 հազար տոլար գումարով: Այսօր անոր դրամական շրջանառութիւնը կը հաշուէ 6, 7 միլիոն տոլար: Այս գումարին 4.900.000 տոլարըՙ գիւղատնտեսութեան հիմնադրամին (Ակրոֆոնտ) ծրագիրներուն մէջ, իսկ 1.800.000 տոլարըՙ ներդրումային հիմնադրամի գիւղաշինութեան ծրագիրի մէջ: Ան յայտնեց, թէ անցնող ութ տարիներուն ընթացքին ԱՌԻ ընկերութիւնը 1.151.300 տոլար արժողութեամբ տոկոս բաժնած է բաժնետէրերուն:

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արցախի հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց ԱՌԻ-ի կատարած աշխատանքներէն, որոնք կ՛ընդգրկեն միլիոնաւոր տոլարի ներդրումներ: Վարչապետը ուրախութիւն յայտնեց, որ տարի առ տարի կ՛աւելնայ շահառուներու եւ բաժնետէրերու թիւը: Այս երեւոյթը կը վկայէ ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը եւ վստահելիութեան մակարդակը: Ան համոզում յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին աւելի շօշափելի ձեռքբերումներ կ՛արձանագրուին, թեւակոխելով զարգացման նոր հանգրուան: Ան մաղթեց, որ աւելնայ բաժնէտերերուն քանակը, ինչպէս նաեւ հայ իրականութեան մէջ աւելի տարածել եւ բացատրել ԱՌԻ-ի նուաճումները:

Արցախի պետական նախարարը յայտնեց, թէ «Հողը նրանն է, ով այնտեղ ապրում է» կարգախօսի տակ, Աղաւնոյ գետի ափին Առիաւանը կառուցած ԱՌԻ-ն ամբողջացուցած է 150 բնակարան հաշուող գիւղի առաջին մասը: 50 ընտանիք ստացած է նորակառոյց 50 բնակարան: Այժմ սկսած է բնակարաններու շինարարութեան երկրորդ մասը:

Արա Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն, նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն:

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի հոգաբարձուներու խորհուրդը որոշած էր բնակարանաշինութեան երկրորդ մասը սկսիլ հինգ բնակարաններու պայմանագիրով: Ընդհանուր ժողովին ընթացքին այս թիւը բարձրացաւ քսանի, նկատի ունենալով շինարարական աշխատանքներուն մասնակցելու Արցախի կառավարութեան փափաքը:

Այս ուրախ առիթով, Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան եւ Արցախ Ֆոնտի ատենապետ Մելքոն Յակոբեան ստորագրեցին Առիաւանի մէջ քսան նոր բնակարաններ կառուցելու համաձայնագիրը:

Երեկոն աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:

Յիրաւի, թափանցիկ, օրինակելի եւ տիպար աշխատանք:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #11, 23-03-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ