ՀՐԱԲՈՒԽԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ամբողջ ամիս մը տեւած բողոքի ցոյցերը ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ հրաբուխ, որ տարիներ բանտուած անհանդուրժողութեան, բողոքի ու ատելութեան լաւան դուրս ժայթքեցուց: Մասիսները, որոնք յանգած հրաբուխներ են, վերակենդանացան, ապրեցան իրենց վերածնունդը ժողովուրդին մէջ. չէ՞ որ ամէն իսկական հայ Արարատ մը ունի իր սրտին մէջ: Մայիսի 8, որ նուիրագործուած է որպէս Շուշիի ազատագրման օր, նոր զգեստաւորում մըն ալ ունեցաւ, երբ այդ օր ազատագրուեցաւ երկրին խիղճը ու յաղթանակեց արդարութիւնը: Ասիկա, սիրոյ յաղթանակ ըլլալէ աւելի ատելութեան յաղթանակն էր: Ատելութիւնՙ տարիներ տեւած մենաշնորհութեան դէմ, անարդարութեան դէմ, փտածութեան դէմ, երկիրը թալանողներուն դէմ, իրենց պաշտօնները տարբեր անօրէն նպատակներու եւ սեփական շահի ծառայեցնողներուն դէմ: Այո՛, ժողովուրդը յաղթեց: Այդ ե՞րբ է եղած, որ ժողովուրդները չեն յաղթած եւ չեն տիրացած իրենց արդար իրաւունքներուն: Կաթսային մէջի ճաշը մէյ մը որ սկսաւ եռալ, ուրեմն ուշ կամ կանուխ անպայման կափարիչը վեր պիտի նետէ ու յորդի: Եւ յորդեցաւ: Աշխարհը զարմացաւ: Պճլիկ Հայաստան մը աշխարհին դաս տուաւ, թէ ինչպէս կ՛ըլլան անարիւն, թաւշեայ յեղափոխութիւնները, ոչ միայն սովորական թաւիշ, այլՙ ձեռագործուած ու դրուագուած երգով ու պարով, ծափով ու ծիծաղով... Մարդիկ ըսին, որ հայերուն դէմքին վրայ այսքան ծաղկուն ժպիտ չէին տեսած երբեք: Յաղթեց հայու կամքը, յաղթեց Հայաստանը, Արցախը, համայն Սփիւռքը: Աշխարհի հայութիւնը այսքան միակամ ու յանուն գերագոյն նպատակի մը, այսքան գօտեպինդ, այսքան հաւատքով լեցուն չէր եղած բնաւ: Հիմա, յաղթանակի շեփորահարութենէն ու ժողովրդային ցնծութենէն ետք, հին էջերը փակելու եւ նոր էջեր բանալու ժամանակն է: Հիմա խօսքերը գործի վերածելու ժամանակն է, եւ այս հանգրուանին ժողովուրդը իր պարտականութիւնը կատարած կարծելով, ծրագիրներուն իրականացումը նորակազմ կառավարութեան վստահելով, տուները քաշուելու եւ հանգստանալու չէ, այլ նոր վարչապետին հնչեցուցած խոստումներն ու ծրագիրները իրականացնելուն սատարելն է: Յեղափոխութիւնը ժողովրդային էր, բարենորոգումներն ալ ժողովրդային պիտի ըլլան, որպէսզի անոնց պտուղները վայելելու արդար իրաւունք ունենայ ժողովուրդը: Նիկոլ Փաշինեան իր ճառին մէջ վերջակէտեր դրաւ իւրաքանչիւր փտածութեան (կոռուպցիա) յիշատակումէն ետքՙ «Եւ ՎԵՐՋ» ըսելով: Վերջ առանձնաշնորհեալներու, վերջ ապօրինութեանց ու թալանին, վերջ անարդարութեան, վերջ պաշտօններու շահագործումին եւ այլն: Վարչապետին յիշատակած իւրաքանչիւր փտածութիւնը քայլ մըն էր երկիրը վերջնական անկումի տանող, որ յետ այսու կասեցուելու է եւ ետքայլ կատարելու է: Այնքան հաւատքով ու հաստատակամութեամբ խօսեցաւ վարչապետը, որ կասկած չձգեց, որ անոնք սոսկ խօսքեր էին, որոնցմով օրօրած են սուտ ղեկավարները իրենց ժողովուրդները: Փաշինեան քաջ մարդ է, գուցէ անփորձ ամբողջ երկիր մը ղեկավարելու, սակայն այն ոգին որ դրսեւորեց, այն անկոտրում կամքը որ ընկրկում չճանչցաւ բողոքի բոլոր օրերուն եւ նաեւ Ազգային Ժողովի դահլիճին մէջ, կասկած չի թողուր, որ Հայաստանը պատրաստ է թեւակոխելու լուսաւոր նոր շրջան մը իր պատմութեան մէջ: Հալալ է քեզի այս յաղթանակը, հայ ժողովուրդ: Բարի երթ ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ: |