ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 100,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը (նախագահՙ Երուանդ Ազատեան, փոխ-նախագահ Արշաւիր Կէօնճեան, ատենադպիր Յակոբ Վարդիվառեան եւ գանձապահ Մարօ Պետրոսեան) որոշեց անմիջականօրէն 100,000 ամերիկեան տոլար յատկացնել «Հայաստան» հիմնադրամ ԱՄՆ-ին, տրամադրուելու համար Արցախի ծրագիրներուն: Սոյն որոշումը կայացաւՙ նկատի ունենալով Արցախի հայութեան գոյութենական պայքարը, որ զօրաշարժի ենթարկած է համայն հայութիւնը: Մինչ այս մասնայատուկ յատկացումը կը կատարուի ի տես Արցախի հայութեան ծանր պայմաններուն, ԹՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ ֆինանսաւորել իր ընթացիկ եւ արտակարգ կրթական ու շինարարական պարտաւորութիւնները մասնաւորաբար Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Թեժ պայքարի այս օրերուն Արցախի ֆոնտին կատարուած յատկացումը կարելի եղաւ գոյացնել Միութեան սեփական աղբիւրներէն, ինչպէս նաեւ շրջանակներու, մասնաճիւղերու, անդամներու եւ բարեկամներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններէն: Ճակատագրական այս օրերը ամբողջ հայութիւնը կը դնեն աննախընթաց մարտահրաւէրներու դիմացՙ այսօր սատարելու վիրաւորներուն, մահացած զինուորներու ընտանիքներուն եւ պատմական հայրենիքին պաշտպանութեան: Գիտակից պէտք է ըլլանք, որ պատերազմի աւարտով աւելի եւս պիտի սրին կարիքները եւ աւելի ծանր պիտի դառնան մարտահրաւէրները: Հետեւաբար, խորունկ երախտագիտութիւն յայտնելով հանդերձ մեր զոհաբերող անդամներուն եւ բարերարներունՙ կ՛ուզենք այժմէն հաղորդել, որ մեր նուիրահաւաքները պիտի շարունակուին - գուցէ նաեւ աւելի բուռն թափով- մինչեւ որ փլած եկեղեցիներ չմնան Արցախի մէջ, քանդուած օճախները վերակառուցուին, վիրաւորները բուժուին եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքները ապահովութիւն գտնեն: Ցեղասպանութենէն դար մը ետք կրկին պիտի լծուի մեր ազգը վերականգման գործին: ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՎ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ, Պոստոն, Հոկտեմբեր 28, 2020 |