RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#014, 2021-04-16 > #015, 2021-04-23 > #016, 2021-04-30 > #017, 2021-05-07 > #018, 2021-05-14

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #16, 30-04-2021



Մշակույթ

Տեղադրվել է` 2021-04-29 22:54:58 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 433, Տպվել է` 6, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԵՎԱՆՔՆԵՐԸ

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մշակոյթի հասկացողութիւնuՙ գէթ ակադեմական մակարդակի վրայ սկսաւ, երբ Հայկազեան համալսարանի ուսանող էի: Դասացուցակին մէջ ներառուած էին չորս միջ-մշակութային նիւթերու դասապահեր: Իւրաքանչիւր դասապահին մէջ կային միջազգային մշակոյթի տարբեր բնագաւառներ եւ զանոնք ընկալելու համար համապատասխան նիւթեր: Իսկ մշակութային արժէքներու գիտակցութիւնս եւ անոնց կիրարկումը սկսաւ, երբ գործիս տարածաշրջանը տեղափոխուեցաւ Արաբական ծոցի երկիրներ:

Աւելի քան 150 տարբեր ազգութիւններ եւ մշակոյթներ պարունակող այս երկիրները դարձան «մշակութային դպրոց»: Դպրոց մը, ուր սկսայ սորվիլ, թէ մշակոյթը կ՚ընդգրկէ ամբողջ մարդկային կեանք մըՙ իր կենցաղով, արուեստով, ապրելակերպով, հաւատքով ու տակաւին: Սորվեցայ ճանչնալ ուրիշը, ուրիշները, անոնց ազգային արժէքները, ապրելակերպը եւ կենցաղը:

Ուրիշին մշակութային արժէքներուն հետ ունեցած հաղորդակցութիւններուս մէջէն սկսայ սորվիլ եւ արժեւորել իմ ազգային մշակոյթս: Սորվեցայ, թէ մշակութային արժէքներու գիտակցութիւնս ճամբայ պիտի հարթէ ուրիշներուն արժէքներուն գիտակցութիւնը: Այս փոխադարձ եւ երկկողմանի յարափերութիւններու եւ հասկացողութիւններու մէջէն համերաշխութիւն մըն է, որ կը ստեղծուի մարդկային կեանքերու մէջ:

Ընկերաբաններ մշակութային տարբերութիւններ հասկացողութիւնը կը համեմատեն բազմամշակոյթ ունեցող հաւաքականութեան մը իրականութեան հետ: Մշակութային տարբերութիւնները կը սահմանուին, երբ կան տարբեր մշակոյթներ եւ գիտակցութիւնը զանոնք ընդունելու, յարգելու, արժեւորելու, քաջալերելու եւ գնահատելու: Մարդ կը սորվի նաեւ ուրիշէն եւ անոր կեանքի փորձէն եւ արժէքներէն: Բազմամշակոյթ երեւոյթը կ՚օգնէ, որպէսզի ուրիշին տեսակէտը յարգես եւ ընդունիսՙ նոյնիսկ երբ այդ տարբեր է: Այս գործընթացքը կ՚օգնէ, որպէսզի հաւաքականութիւն մը զարգանայ եւ յառաջխաղացք արձանագրէ: Տարբեր մշակոյթներ եւ հաւաքականութիւններ կ՚օգնեն մարդկութեան մտածողութեան զարգացման:

Ահա թէ ինչու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հիմնած է Հանդուրժողութեան նախարարութիւնը: Անոր գլխաւոր նպատակն է երկրին մէջ ապրող աւելի քան 150 տարբեր մշակոյթներուն եւ ազգութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւն եւ հանդուրժողութիւն ստեղծել, զարգացնել եւ պահպանել: Այսօր այս հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է այս երկրին յառաջխաղացքին եւ բարօրութեան մէջ:

190 երկիր եւ աւելի քան 7 միլիառ բնակչութիւն կը հաշուէ աշխարհը ներկայիս: Այս պիտի ենթադրէ համաշխարհային համակարգին մէջ ստեղծուած տարբեր մշակոյթները իրենց հսկայական տարբերութիւններով եւ այլազանութիւններով: Եթէ պիտի ուզենք ստեղծել աշխարհ մը, ուր բոլորս միասին ենք, այս պիտի ենթադրէ այլազանութիւնը եւ տարբերութիւնները յարգել, ընդունիլ եւ պահպանել:

Համիտեան ջարդերէն սկսեալ եւ հասնելով Ատանայի ու 1915-ի Ցեղասպանութեան, հայը տուաւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակ, կորսնցուց մեծ հողատարածք եւ մշակութային աւանդ: Ատալեան այսպէս կը բացատրէ. «Երբ հայկական հողը դատարկուեցաւ իր ժողովուրդէն, անոր մշակութային բոլոր լծակներըՙ դպրոց, վանք, արուեստի կոթող եւ պատմական վայրերը կործանուեցան Օսմանեան կառավարութեան կողմէ: Մէկ տարուան մը ընթացքին հայը կորսնցուց իր երեքհազարամեայ պատմութեան ժառանգը: Հայը կրցաւ պահել միայն այն, որ կուգար իր հաւաքական յուշերէն: Յուշերուն մէջ կար իր լեզուն, բանաստեղծութիւնը, երգը եւ ողբերգական ճակատագիրը, իմաՙ հայուն եւ իրեն մնացած մշակոյթը»: Ատալեանի յիշատակութիւնըՙ մշակութային ցեղասպանութիւնը, մէկ մեծ եւ ցաւալի ու դժբախտ հետեւանքն է հայուն կրած այս մեծ ոճիրին: Հայը կորսնցուց: Արդեօք միայն հա՞յը: Հապա միջազգային քաղաքակրթութի՞ւնը:

Ռաֆայէլ Լեմգին կը բացատրէ. «Աշխարհը կը ներկայացուի մշակութային եւ մտաւորական ուժով մը, որուն միջոցաւ ալ ան ստեղծուած է, անոր մաս կազմած ազգային միաւորներու ներդրումովը: Այս իմաստով, ազգի գաղափարը կը հիմնուի, երբ ան կը կառուցուի համագործակցութեան մը վրայով նոյնինքն այս միաւորներու ինքնուրոյն եւ ինքնատիպ ներդրումներու միջոցաւ եւ իրենց աւանդութիւններու, մշակութային եւ լաւ զարգացած հոգեբանութիւններու մէջէն: Հետեւաբար, ազգի մը ու անոր մշակոյթի ոչնչացումը կը ստեղծէ այն իրականութիւնը, որ աշխարհ կը կորսնցնէ այդ նոյն ոչնչացուած իրականութեան ներդրումը: Այս հետեւողականութեամբ համաշխարհային քաղաքակրթութիւններ իրենց յառաջխաղացքը նուաճած են, երբ ազգային իւրայատուկ մշակոյթներու նկատմամբ եղած է յարգանք եւ գնահատանք: Այս մշակոյթին եւ անոր համաշխարհային քաղաքակրթութեան բերած նպաստը պէտք չէ համեմատել ազգային այլ տեսակի ուժի մը եւ անոր հարստութիւններու հետ»: Լեմգինի տրամաբանութիւնը եւ վերլուծումը յստակ է: Մարդկային կեանքի մէջ ակնյայտ են մշակոյթներու փոխյարափերութիւնները: Զիրար ամբողջացնող եւ զիրար շինող գործընթացք մըն է, որ կը լիցքաւորէ համաշխարհային համակարգը իր արժէքի գրաւականովը:

Հայը իր սփիւռքեան իրականութիւններուն մէջէն փորձեց վերակենդանացնել իր մշակոյթը: Հայը կերտեց «փոքրիկ Հայաստաններ»: Այս Հայաստաններուն մէջէն հայը կը շարունակէ իր նպաստը բերել համաշխարհային մշակոյթին, նոյնիսկ երբ իր պատմութեան ընթացքին ան չարժանացաւ անոր յարգանքին եւ գնահատանքին: Ասիկա հայուն ապրելու վճռակամութիւնն է, բայց նոյնքան նաեւ իր նպաստը շարունակել բերել համաշխարհային քաղաքակրթութեան:

Այսօր տակաւին կը շարունակուի մշակութային ցեղասպանութիւնը: Պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ եկեղեցիներ ու կոթողներ կ՛ոչնչանան: Նախիչեւանէն մինչեւ Ղարաբաղ-Արցախ հայկականը կը քանդուի եւ կամ կը վերածուի ալպանականի, ուլտիականի: Տակաւին կը շարունակուի սրբապղծութիւնը հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներուՙ Մակարա վանք եւ հայ աւետարանական եկեղեցիի եկեղեցաշէնքը բռնագրաւուած Կիպրոսի տարածքին:

Արդեօք որքան տեղ կը գրաւեն մշակութային ցեղասպանութիւնը եւ անոր կանխարգիլման միջոցառումները միջազգային ընտանիքներու եւ անոնց համապատասխան կառոյցներուն համար: Եթէ դրական աշխարհ մը պիտի ուզենք ստեղծել, անհրաժեշտ է յարգել եւ գիտակցիլ իւրաքանչիւրի ազգային մշակութային ժառանգը, որովհետեւ այդ պիտի նպաստէ համաշխարհային մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան յառաջխաղացքին եւ մէջտեղ պիտի բերէ համերաշխութիւն եւ հանդուրժողականութիւն:

Մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի իր ժխտական ու բացասական անդրադարձը ազգային եւ միջազգային ընդհանրական կեանքերուն վրայ: Անհրաժեշտ է, որ միջազգային ընտանիքը շատ աւելի լուրջ եւ անշահախնդիր մօտենայ այս հրատապ հարցին: Քաղաքական վարկածներէ եւ հաշուարկումներէ շատ աւելի վեր պէտք է դասել մշակութային ժառանգութիւնը եւ անհրաժեշտ միջոցառումներ որդեգրել պահպանելու համար զանոնք:

Ներհայկական եւ ազգային մակարդակներու վրայ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը եւ վերահաստատէ մշակոյթի նախարարութիւնը: Մեր ազգային մշակութային հարստութիւնը, իմաՙ փափուկ ուժը, պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի: Կարելի չէ ներկայ մարտահրաւէրները տնօրինել յանձնակատարի մակարդակով, ինչ որ է պարագան ներկայիս:

Մեհմեդ Ալի Բիրանդ, թուրք լրագրող եւ քաղաքական մեկնաբան, 1984 թուի «Միլլիեթ» թերթին մէջ կ՚ըսէ. «Հեշտ չհամարէք հայկական հարցը: Այդ ոչ Կիպրոսի խնդրին կը նմանի, ոչ ալ Եգէական կղզիներու խնդրին: Հարցին տեսանելի մասը թերեւս փոքր է, բայց անտեսանելի մասը մեծ սառնակոյտի նման է, որ իր հետ կը բերէ ուրիշ աւելի մեծ եւ կարեւոր խնդիրներ: Ասիկա մեծ հարց մըն է, որուն հաշուեցուցակը շատ ծանր կրնայ նստիլ մեր վրայ»:

«Մեր վրան» կ՚ընդգրկէ թուրքը, բայց նաեւ բոլորը: Թէ ժողովուրդի մը ոչնչացումը պիտի ունենայ իր յետադարձ եւ ժխտական անդրադարձը նոյնինքն զայն գործադրողին վրայ: ժխտական անդրադարձ իր կեանքին, մշակոյթին եւ արժանահաւատութեան վրայ, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը իր մարդկային, ընկերային, մշակութային եւ պատմական հետեւանքները ունի եւ կը շարունակէ ունենալ ազգային եւ միջազգային լծակներու եւ դիտարկումներու մէջէն:

Եթէ աշխարհ պիտի աճի, զարգանայ, եւ կերտէ համերաշխհ եւ հանդուրժող կեանք, պարտի յարգել, գիտակցիլ, ընդունիլ եւ պահել տարբեր մշակոյթները: Այլապէս աշխարհ պիտի կրէ հետեւանքները եւ պատասխանատուութիւնը:

Այս պարագայինՙ հայուն մշակութային ցեղասպանութիւնը, որ եթէ հայուն ի վնաս է, նոյնքան նաեւ աշխարհին:

Մինչ այդ պատմութիւնը կը շարունակէ վկայել, թէ մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի իր ազգային եւ միջազգային հետեւանքները:

Քուէյթ, ապրիլ 2021

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #16, 30-04-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ