ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Մենք, աշխարհագարականօրէն մօտիկ ըլլալով Պաղեստինին եւ ամէն օր ապրելով պաղեստինցի ժողովուրդին ողբերգութիւնը, աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր, երբ 1965-ին մէջտեղ եկաւ «Ֆաթըհ» պաղեստինեան զինեալ պայքարի կազմակերպութիւնը, գլխաւորութեամբ Եասէր Արաֆաթի, ականջալուր եւ ականատես կ՛ըլլանք արաբ- Իսրայէլեան բախումներու: «Բախումներ» բառը չի կրնար ճշգրիտ պատկերացումը տալ առճակատումներուն, մինչեւ որ մարդ իր աչքերով չտեսնէ, թէ ի՞նչ կը կատարուի, երբ քար մը ձեռքին պաղեստինցի պատանին կը քարկոծէ իսրայէլեան զինուորական զրահապատ մեքենան, մինչ իսրայէլացի զինուորը ամենաարդիական արագահարուածը ձեռքին, քարին կը պատասխանէ փամփուշտով, երբեմն ձգախեժէ, երբեմն ալ արճիճէ: Տասնամեակներ շարունակ անոնք քարերով պայքարեցան, դիմացինները զէնքով ու ամէն ընդհարումէ ետք իսրայէլացի զինուորները գրեթէ անվնաս քաշուեցան ելման դիրքեր, մինչ պաղեստինցիները իրենց զոհուածներուն դիակները վերամբարձ, անէծքներ տեղացնելով թշնամիին հասցէին, լոզունգներով ու կոչերով թաղեցին իրենց նահատակները, իսկ ձերբակալուածները լեցուեցան իսրայէլեան բանտերը: Դեռ աչքիս առջեւն է այն քստմնելի տեսարանը, ուր քարկոծող պատանի մը բռնածՙ հրեայ զինուորը տղեկին բազուկի ոսկորները կը կոտրտէր մետաղեայ ձողով մը հարուածելով... Այսպէս կը պատասխանէին իսրայէլացիք արաբներուն, վայրագօրէն, ամենաանմարդկային ձեւերով: Հակառակ բոլոր նահատակներուն եւ թշնամիի բանտերուն մէջ հիւծուողներուն, պաղեստինցիներուն պայքարը կանգ չառաւ: Մարդիկը մեռնելէն չեն վախնար, նոյնիսկ իրենց մեռելները հարսանեկան «լիլիներով» ու կանչերով կը յուղարկաւորեն: Եւ այսպէսՙ ամբողջ 56 տարի... Բոլոր «պատժամիջոցները» զորս օգտագործեցին իսրայէլացիք, չյաջողեցան վախ սերմանել պաղեստինցի ժողովուրդին մէջ: Իսրայէլացիք հանգիստ չունէին, ու կարծեցին միակ միջոցը իրենց եւ պաղեստինեան բնակավայրերուն միջեւ պատ բարձրացնելն է: Այդ ալ ըրին, սակայն պայքարը կանգ չառաւ: Իսրայէլ իրաւունք ունէր աթոմակայան ունենալու, աշխարհի չորրորդ ուժեղագոյն բանակը ունենալու, ամենագերարդիական զէնքերն ու պաշտպանական համակարգերը ունենալու, մինչ Պաղեստինը իրաւունք չունէր բանակ ունենալու, միայնՙ ոստիկանութիւն, ամէն կենսական միջոցՙ ջուր, հոսանք, կազ... Իսրայէլի ձեռքին էին, շրջափակուած Կազան իրաւունք չունէր շնչելու առանց Իսրայէլի արտօնութեան: ՄԱԿ-ի որոշումները ոչինչ արժէք ունին, երբ ի նպաստ չեն Իսրայէլին: ՄԱԿ-ը ոչ մէկ ոյժ կը բանեցնէ իր որոշումները պարտադրելու համար: Շրջափակումը կը խեղդէ Պաղեստինը, ու անոնք ճարահատ կը դիմեն պայքարի: Պաղեստինցիներուն քարերը երբ ապարդիւն եղան, փոխարինուեցան իրենց պատրաստած հրթիռներով, որոնցմով սկսան հարուածել իսարյէլեան տարածքները, մասնաւորաբար անօրինական եւ անարդարօրէն պաղեստինեան գրաւեալ տարածքներուն վրայ նոր կառուցուող բնակատեղիները: Իսրայէլի պատասխանը անմիջական էր ու անհամեմատօրէն գերակշռող, անպայման շէնքեր քանդելով ու մարդիկ սպանելով: Այս բոլորով հանդերձ, պաղեստինցիները կը թաղէին իրենց մեռելներն ու կը շարունակէին պայքարը. ոչինչ կրնար վախցնել զիրենք ու կասեցնել իրենց պայքարը: Անցեալ շաբաթ պաղեստինցիները հարիւրաւոր հրթիռներ արձակեցին Իսրայէլի վրայ: Իսրայէլի պատասխանը եղաւ ահարկու, 6 օր շարունակ Կազայի երիզը իսրայէլեան հրետանիի ու կործանիչներու թիրախ դարձաւ, բազմայարկ շէնքեր հինայատակ քանդուեցան, 185 հոգի սպաննուեցաւ, որոնց մէջ` 40 երեխայ եւ 29 կին: Աշխարհի չորս կողմերէն դատապարտումներ տեղացին, սակայն որո՞ւ հոգը, Իսրայէլ կը շարունակէ իր վայրագ, ծաւալապաշտական ընթացքը, իսկ անկոտրում կամքով ու մահէն չվախցող պաղեստինցին ալ կը շարունակէ իր պայքարը: Իսրայէլ խոստացաւ Կազան «քարի դարին վերադարձնել...»: Արաբական պետութիւնները տեղերնէն չշարժեցան. Ամէն բան վերջանալէ ետք, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը նոր միայն մտածեց այս մասին ժողով գումարել. անօգուտ եւ անիմաստ ժողով: Հազար ամօթ աշխարհին: Ողջո՛յն հերոսական Պաղեստինին: |