«ԵՐԵԽԱՆ ԵՐԵԽԱՅ Է ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՐԲ ԵՐԿՐԻ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆ Է» ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, Պէյրութ Ցաւն այն է, որ անգէտ ու անդաստիարակ լինելուց այլեւս չենք ամաչում... Սօս Սարգսեան Այսօրուան իմ սիւնակին վերնագիրը արաբական ասացուածք մըն է, որ դժբախտաբար այսօր կը բնորոշէ մեր Հայրենիքի իշխանութիւնները: Անհաւատալի փնթիութիւն մը, երեխաներու յատուկ պահուածք եւ անհեթեթութեան աներեւակայելի պարագաներ կարձանագրուին մեր երկրի իշխանութեան շրջանակին մէջ, ուր կը պատահին ինքզինք յարգող երկրի մը իշխանութեան ոչ վայել երեւոյթներ: Ի տես այս իրավիճակին, այլեւս զարմանալի չէ այն, որ պատահեցաւ կամ կը պատահի մեզի Արցախէն մինչեւ Սիւնիք եւ Գեղարքունիք...: Դիւանագիտական աշխարհի կամ ոեւէ ոլորտի լուրջ դիտորդի մը համար անհաւատալի պատահար մը վերջերս տեղի ունեցաւ ՀՀ խորհրդարանին մէջ: ՀՀ Ազգային ժողով պատմական թիւրիմացութեամբ մը յայտնուած իշխող ուժը ծաղրեց չինական արտադրութիւն հանդիսացող հակաքորոնային պատուաստանիւթը, որ ի դէպ, որպէս օգնութեան ազնիւ քայլ Չինաստանը ղրկած էր Հայաստան: Վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, «քորոնան ում շունն է» նշանաւոր կործանիչ յայտարարութեան տէր Նիկոլ Փաշինեան, երբ Ազգային ժողովի ամբիոնէն ի պաշտօնէ կը խօսէր Հայաստան ներկրուած պատուաստանիւթերու մասին` քմծիծաղով առաջարկեց, որպէսզի չինական արտադրութեամբ պատուաստանիւթով պատուաստուին ԱԺ նախագահութեան անդամները (տես վիտէոն): Այս խօսքին վրայ, ժողովուրդին այսպէս կոչուած ներկայացուցիչները լիաթոք ծիծաղեցան, իսկ ժողովի նախագահութեան բազկաթոռներուն վրայ նստած իշխող ուժի անդամներ Ալեն Սիմոնեանն ու Արարատ Միրզոյեանը իրար վրայ սկսան նետել չինական պատուաստանիւթով պատուաստուելու պարտականութիւնը (տես նկարը): Այս պատահարը իրականութեան մէջ ծաղրանք է հազարամեակներու պետականութեան պատմութիւն ունեցող Չինաստանի նկատմամբ: Ան կրնայ աննկատ չանցնիլ Հայաստանի հանդէպ բարեկամաբար տրամադրուած եւ փանթուրանական վտանգին դիմաց մեզի համար շատ կարեւոր բնական դաշնակից այդ մեծ երկրին կողմէ: Աւելին, իշխող ուժի ներկայացուցիչները արդեօք ունի՞ն հոգեբանական ազդակի տարրական այն պատկերացումը, թէ իրենց այս ծաղրական վերաբերմունքէն ետք քաղաքացիները կ՛երթան պատուաստուելու չինական պատուաստով...: Ի տես նմանօրինակ երեւոյթներու կարելի է քրիստոնէավայել պահուածքով մը ըսել. «Տէր, ներէ իրենց, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ինչ կընեն» (Ղկ 23.34): Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, հայավայել ազգասիրութեամբ պէտք է դիմել Տիրոջ անիծելու բոլոր անոնք, որոնք յառաջիկայ յունիս 20-ին կրնան նպաստել այս խայտառակներուն վերարտադրութեան խորհրդարանին մէջ հետեւաբար իշխանութեան գլուխ: Նախկինը, հինը, նորը, սեւը, ճերմակը յետայսու պէտք չէ թեմա ըլլան ոեւէ մէկուն համար, երբ Հայրենիքը վտանգուած է: Նախընտարական այս սուղ շրջանին ամէն օր յայտնի կը դառնայ, թէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար կան այլընտրանքային ուժեր բոլոր ընտրողներուն ճաշակին, գաղափարներուն, հայրենիքի ապագայի իրենց տեսլականին եւ իտէալներուն յարմար: Կարեւորը այս անհեթեթութեան վերջ տալն է ամէն գնով: Ի վերջոյ դաւաճանութիւն, փնթիութիւն, անփորձութիւն, թէ երեխայական պահուածք, արդիւնքը միեւնոյնն է. մենք Հայրենիք կը կորսնցնենք, որուն առաջքը գերագոյն պատասխանատուութեամբ մը եթէ չառնենք այսօր, խաչ մեր Հայրենիքին ու մեր ազգին ալ վրայ: «Զարթօնք» |