ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Դարձեալ կ՛անդրադառնամ այս երեւոյթին ուրախութեամբ, յուզումով, մտահոգութեամբ, այո՛, չեմ կրնար չանդրադառնալ: Դիմատետրի (ֆէյսպուք) մէջ, իրար ետեւէ տեղադրուած են Հալէպի երկրորդական վարժարաններու պաքալորիայի պետական քննութեանց յաջողած աշակերտներու անուանացանկերը, իւրաքանչիւր անուան կողքին ալ յիշուած են անոնց հաւաքած նիշերը: Յաջողութեանց տոկոսը բարձր է, ինչպէս միշտ, ինչպէս նախապատերազմեան տարիներուն: Ոչինչ փոխած է պատերազմը մեր հայ աշակերտներու ջանասէր աշխատանքէն, ո՛չ ելեկտրականութեան բացակայութիւնը, ո՛չ վառելանիւթի պատճառով ջերմութեան բացակայութիւնը, ո՛չ ալ սննդատեսակներու նուազումը աննախընթաց սղաճի պատճառով: Միակ փոխուած բանը աշակերտութեան թիւն է, որ պակսած է, շա՛տ պակսած, նախկինին քառորդը մնացած, երբեմն աւելի՛ նուազ: Որակէն բան չէ փոխուած, սակայն քանակը տուժած է: Պարզ է, հալէպահայութեան նախապատերազմեան բնակչութեան քառորդը մնացած է, որուն հետ ուրիշ բաներ ալ նոյն համեմատութեամբ նուազած են: Պատերազմի մէջ մեծցած այս սերունդը դժուար ճանապարհ կտրեց մինչեւ յաջողութիւն, սակայն դժուարութիւնները զիրենք յուսալքումի առաջնորդելու փոխարէն կոփեցին զիրենք ու դարձուցին աւելի՛ ինքնավստահ, աւելի՛ զօրաւոր կամքով ու ոգիով եւ աւելի՛ դիմացկունՙ կեանքի դժուարութիւնները դիմակայելու համար: Իսկ անոնց ծնողնե՞րը... հերոսներ չե՞ն անոնք, որ տարատեսակ զրկանքներ կրելով հանդերձ, երբեմն հայու անձնական հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը մէկ կողմ դրած, բարեսիրական կեդրոնները ափ առին, պարզապէս նուազագոյն կենսամակարդակ մը ապահովելու եւ իրենց զաւակները ուսումէ չզրկելու համար: Կը պատկերացնեմ այդ ծնողներուն հոգեկան ցնծութիւնը ի տես իրենց զաւակներուն յաջողութեանց: Անոնք մոռցան իրենց բոլոր զրկանքները, քանի որ վարձատրուեցան իրենց զաւակներուն յաջողութեամբ: Այս խանդավառութենէն ետք կու գայ լրջանալու պահը, որ իր հետ կը բերէ ապագայի բազմաթիւ մտահոգութիւններ: Փառք Սուրիոյ, որ համալսարանական ուսումը երկրի բոլոր համալսարաններուն մէջ ձրի է (ինչպէս ձրի է ուսումը նախակրթարանէն մինչեւ միջնակարգ ու երկրորդական բոլոր պետական վարժարաններուն մէջ): Անշուշտ համալսարանական տղան կամ աղջիկը մանկական ու պատանեկան տարիքէն տարբեր կարիքներ ունին. ծնողները անոնց ալ պիտի հասնին: Սակայն ինչպէ՞ս: Ծնողքի եկամուտո՞վ, երբ անհատական գործերը փայլուն ըլլալէ շատ հեռու են, իսկ եթէ պաշտօնեայ են, ապա անոնց ամսական աշխատավարձը 20-30 տոլարի սահմանները չ՛անցնիր: Պետութիւնը տակաւին վերջերս հացի ու վառելանիւթի գիները եռապատկեց, սակայն անոնց զուգահեռ պաշտօնեաներուն ամսականները 50%-ով աւելցուց, այնպէս որ, ըստ պետական հաղորդագրութեան, ոեւէ պաշտօնեայի ամսականը նուազագոյն 22 տոլար ըլլայ: 22 $...??? Արեւմտեան կողմն աշխարհի մէջ ապրողներ, կատակ չկարծէ՛ք, իրական է, եւ Սուրիան բնաւ ամօթի սիւնին չգամէք, որովհետեւ այս բոլորին պատճառը Արեւմուտքն է եւ մեր կողմերու անոնց գործակիցները, որոնք տասը տարիէ ի վեր կը քանդեն Սուրիան, ուր մեղր ու կարագ կը հոսէր պատերազմէն առաջ, ուր ամէն մարդ ինքնաբաւ էր, շուկաները լեցուն ամէն տեսակի բարիքներով, առատ ու աժան, անգործութիւն չկար, ապահովութիւնըՙ բացառիկ: Իսրայէլի սիրոյն ինչի՞ վերածեցիք այս երկիրը: Հիմա կը մտածեմ. մեր այս շրջանաւարտներն ալ ձեւով մը եթէ աւարտեն իրենց համալսարանական ուսումը եւ վկայուին, ի՞նչ պիտի աշխատին, այս պայմաններուն մէջ ո՞ւր գործ պիտի գտնեն, որ ընտանիք կազմեն ու բարւօք կեանք մը ապահովեն: Կը շնորհաւորեմ ձեզ, սիրելի շրջանաւարտներ, կը խնդակցիմ ձեր ծնողներուն, վարձքը կատար մեր կրթական մշակներուն: Կամենալըՙ կարենալ է, օրերը յղի են անակնկալներով: Չյուսահատիք. գլուխները բարձր դիմաւորեցէք ապագան: Բարին ընդ ձեզ: Խմբ. կողմից.- Ավելորդ չէ ընթերցողին տեղեկացնել, որ մեր հեղինակը ոչ միայն թատերական գործիչ է, այլեւ ուսուցիչ: Հալեպում նա որպես տնօրեն աշխատել է ՀԲԸՄիության Լազար Նաճարյան-Գալուստ Գյուլբենկյան համբավավոր դպրոցում, իսկ Հայաստան տեղափոխվելուց հետո էլ շարունակում է մնալ ուսուցիչ: |