ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՔԻՒՐՏ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Զախօ - Իրաքեան Քիւրտիստան Մուհամմատ Շամտին աղա, Հազեմ Պէկ Շամտին, Սաատ Շամտին աղա 2013 թուականին էր, Իրաքեան Քիւրտիստան առաջին այցելութեանս ընթացքին, Տհոքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կից Առաջնորդարանի հիւրասենեակին մէջ առաջին անգամ լսեցի քիւրտ մեծ հայասէր ու մարդասէր Մուհամմատ Շամտին Աղայի եւ Հազէմ Պէկ Շամտին Աղայի մասին: Տհոքի համալսարանի քրտերէն լեզուի դասախօս, Իրաքեան Քիւրտիստանի Հայոց պատմութեան գիտակ Վարդգէս Սարգիսեան պատմեց, թէ ինչպէս 1915 թուին Հայոց եւ Թուրքիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան դժնդակ օրերուն, Մուհամմատ Շամտին Աղաՙ այդ ժամանակուան Զախոյի կառավարիչը, մերժած է Իթթիհատական բորենիներուն պահանջքըՙ կոտորել իրեն յանձնուած հայ թէ այլազգի քրիստոնեայ հազարաւոր տեղահանուածներ: Աւելինՙ անոնց պատսպարելէ եւ պահպանելէ ետք, 1924 թուին օդանաւի ահաւոր արկածով նահատակուած Մուհամմատ Շամտին Աղային արժանի ժառանգըՙ Հազիմ Շամտին Պէկ, Զախոյի հայերուն կը նուիրէ տարածքՙ ուր 1924 թուին կը կառուցուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, որ այսօր ամբողջապէս կը վերակառուցուի Հունգարական կառավարութեան ու Եւրոմիութեան օժանդակութեամբ: Այս քիւրտ ազգային ու քաղաքական մեծ դէմքերը, որոնք Իրաքի Սահմանադրութեան ու Պետութեան հիմնադրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած են, Զախոյի, Հաւրէզքի, Աւզրուկի, Իշֆքենտէրի մէջ կը հիմնադրեն հայկական գիւղեր, իրենց իսկ հողային կալուածները նուիրելով անոնց: Հռոմի Քահանայապետ Պիոս ԺԱ., 24 Հոկտեմբեր 1925 թուի կոնդակով, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Գասպարիի ստորագրութեամբ, Զախոյի քիւրտ ազնուական Մուհամմատ Շամտի Աղային կը շնորհէ Ասպետաց բարձրագոյն շքանշան: Այս բոլորըՙ ինչպէս Կաթողիկէ եւ Լատին, այնպէս ալ Միջագետքի, Քիւրտիստանի, Փոքր Հայաստանի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան համար: 2021 թուին, Հոկտեմբերեան պայծառ օր մը, Հաւրէզքի գիւղապետ, հերոս Մուրատ Վարդանեանի հետ կ ուղղուինք սահմանային Զախօ քաղաքը, ուր մեզի իր ապարանքի մուտքին ջերմօրէն կ ընդունի Մուհամմատ Շամտին Աղան: Գեղեցկադէմ, հեզահամբոյր երիտասարդ մը, իր տան դուռը լայնօրէն կը բանայ եւ կը հիւրընկալուինք այն հայասէր ու մարդասէր օճախին մէջ, որուն սեփականատէրը հազարաւոր հայեր ու քրիստոնեաներ փրկած էր իթթիհական բորենիներու ճիրաններէնՙ ցեղասպանութեան օրերուն: Հիւրասենեակի ճակատին, իր ամբողջ վեհութեամբ, հայեացքը ուղղած է Մեծն Շամտին Աղային մեծադիր լուսանկարը: Այստեղ է որ գրեթէ ամէն օր, աշխարհի բոլոր ծագերէն վերապրողներու սերունդներու ներկայացուցիչները, քրիստոնեայ թէ մահմետական համայնքներու կրօնական առաջնորդները, հազարումէկ պահանջներով այցելուները գրկաբաց կ ընդունուին, կը հիւրասիրուին, եւ բաւարարուած հրաժեշտ կու տան Սաատ Շամտին Աղային: Մեզի կը փոխանցուի այդ երախտաշատ գերդաստանին մեծանուն դէմքերուն մասին արխիւային նիւթերու պատճէններ, նաեւ պատմական փաստեր, երբ եւ ինչպէս մազապուրծ հայու բեկորներ, իբրեւ երախտագիտական ժեստ կը ներկայանան Մուհամմատ Շամտին Աղային կրօնափոխ ըլլալ ու իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն: Ան կը զայրանայ եւ կը յայտնէ, թէ պէտք է ամուր մնալ իրենց այն հաւատքին վրայ, որուն համար հալածուեցան եւ կոտորուեցան: Ապա, Հռոմի Պապ Պիոս ԺԱ.ի կոնդակը, Ասպետներու շքանշանով, պատմութեան մէջ առաջին անգամ քիւրտ ղեկավարի մը պատուելու աննախընթաց երեւոյթը կը խոստանանք ոչ թէ միայն յօդուածներովՙ այլեւ յատուկ գիրքով մը անմահացնել հայ ժողովուրդի փրկիչներէնՙ Շամտին Աղաներու յիշատակը, մանաւանդ որ Իրաքի Հայոց Առաջնորդութիւնը, նախաձեռնութեամբ Աւագ Ասատուրեան Սրբազանին, 31 Օգոստոս 2021-ին, պաշտօնական նամակով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սաատ Շամտին Աղային եւ Սուլէյֆանի ցեղախումբի անդամներուն, յանձինս Մուհամմատ Շամտին Աղային եւ Հալիմ Պէկ Շամտինին, ոչ միայն հայերու կեանքը փրկելու համար Մեծ եղեռնի օրերուն, այլեւ հողամաս տրամադրելու Զախոյի մէջ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին կառուցելու 1923 թուին: Դարձեալ հանդիպելու խոստումով, վայելելով աննախընթաց հիւրասիրութիւնն ու հիւրընկալութիւնը այս եզակի գերդաստանի արժանի շառաւիղին, հրաժեշտ կու տանք Զախոյին, վերադառնալով Տհոք: |