ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆ ՀՐԱՉԵԱՅ ՓՈԼԱՏԵԱՆԻ ՀԵՏ ՌԱԿ Եգիպտոսի «Արեւ» շաբաթաթերթ Կիրակի, 9 յունուար 2022-ին, ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանային, Կոկանեան Սրահի եւ «Արեւ»ի վարչութիւններէն պատուիրակութիւն մը, Գահիրէի Թեմական Ժողովի ու Կոկանեան Սրահի երկարամեայ նախկին ատենապետՙ Նուպար Սիմոնեանի ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցան Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանՙ Հրաչեայ Փոլատեանի հետ: ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետՙ տիար Հրայր Ճղալեան եւ Կոկանեան Սրահի վարչութեան ատենապետՙ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան շնորհաւորեցին մեծարգոյ դեսպանը Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան առթիւ, յաջող ու արդիւնաւէտ գործունէութեան շրջան մը մաղթելով անոր: Հանդիպման ընթացքին, մեծարգոյ դեսպանն ու պատուիրակութեան անդամները փոխադարձաբար լայնօրէն քննարկեցին դեսպանատան ու գաղութի կառոյցներուն համագործակցութիւնը հայցող տարբեր ծրագիրներ ու զանոնք իրագործելու գործնական միջոցներ: Օգտաշատ այս երկխօսութիւնը աւարտեցաւ հետագայ հանդիպումներու երկկողմ խանդավառութեամբ: |