RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#180, 2013-10-22 > #181, 2013-10-23 > #182, 2013-10-24 > #183, 2013-10-25 > #184, 2013-10-26

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #182, 24-10-2013



Մշակույթ

Տեղադրվել է` 2013-10-23 22:23:51 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1087, Տպվել է` 25, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 15

ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ ՐԱՖՖԻ ԹՈՔԱԹԼԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐԸՙ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ «ԲԵԼԱԵՎՕ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Մոսկուա -Պէյրութ

«Հայկական» Մոսկուայի արուեստի եւ գեղարուեստի ընտրանինՙ գլխաւորութեամբ Ռուսիոյ Նկարիչներու միութեան փոխնախագահ Դաւիթ Բաբայեանի, «Բելաեւօ» պետական ցուցասրահի տնօրէնուհի Մարինա Բուշուեւայի եւ արտասահմանի հարցերով տնօրէն Թովմաս Յարութիւնեանի, հոկտեմբեր 16ի երեկոյեան բացումը կատարեցին լիբանանահայ տաղանդաւոր քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ստեղծագործութիւններուն:

Իրենց հիացմունքն ու բարձր գնահատանքը Րաֆֆի Թոքաթլեանի գերիրապաշտ եւ «աւանգարտիստ» քանդակներուն հանդէպ յայտնեցինՙ Ռուսիոյ մօտ ՀՀ դեսպանի խորհրդական Մարիա Բաբայեանը: Նոյնպիսի գնահատականներով արտայայտուեցաւ Իրանի դեսպանատան մշակոյթի կցորդՙ Հիւսէյն Թապաթապային: Իսկ հռչակաւոր գերիրապաշտ գեղանկարիչՙ Դաւիթ Բաբայեան, լիբանանահայ քանդակագործին «հանդիսաւոր» կերպով ընդունեց Ռուսիոյ արուեստի ընտրանիին շարքերը...: Րաֆֆի Թոքաթլեան հրաւէրներ ստացաւ մասնակցելու գեղարուեստի շարք մը խմբային թէ անհատական իրադարձութիւններու, նաեւ Բելառուսիոյ, Ուկրանիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

Քիչ ետք, հոծ մասնակցութեամբ ռուս թէ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու եւ հայկական հեռատեսիլին, տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը:

Ողջոյնի ջերմ խօսքերով հանդէս եկան Մարինա Բուշուեւան, Թովմաս Յարութիւնեան, Մարիա Բաբայեան, Դաւիթ Բաբայեան, ազատ խօսքովՙ Ռուսաստանի հայերի միութեան ներկայացուցիչներ:

Իր հիանալի կատարողութեամբ, Մոսկուայի երաժշտանոցի տաղանդաւոր ուսանող, դաշնակահար Արմէն Մանասեան հիացուց ներկաները հայ թէ ռուս դասական երաժշտութեան վարպետներու կատարողութեամբ: Ապա, ներկաները հրաւիրուեցան վայելելու «աշնանային հիւրասիրութիւն» եւ լիբանանահայ «Բոլշոյ մասթեր» (Մեծ վարպետ) քանդակագործին եզակի ստեղծագործութիւնները, դասական երաժշտութեան ունկնդրութեամբ: Ցուցահանդէսի անթերի կազմակերպութեան մասին իրենց «մասնագիտական» ակնարկները փոխանցեցին եւ շնորհաւորեցին գեղանկարչուհի Կալինա Թիմոֆէեւան ու նկարիչ Եւկենի Ցիփուլին, հայ ու ռուսական մամուլի լրագրողներ Արման Յակոբեան եւ Իրեն Թաշճեան, «Համշեն» Երիտասարդական Միութեան նախագահ Աշոտ Տուտուքճեանը եւ փոխնախագահ Գէորգ Մխիթարեանը եւ ուրիշներ:

Բացման հանդիսութեան աւարտէն ետք, պատուոյ հիւրերն ու կազմակերպիչները միասնաբար ճաշկերոյթով նշեցին նաեւ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ծննդեան տարեդարձը: Ռուս գեղանկարիչ Եւկենի Ցիփուլին լիբանանահայ վարպետին նուիրեց պաստառ մը, որ իր խոստովանութեամբՙ ազդուած ըլլալով հայ քանդակագործին քանդակներէն, գիշերուան մը մէջ նկարած էր:

Յաջորդ օրը յետմիջօրէին, «Առասպել եւ իրականութիւն» ցուցահանդէսին երկրորդ օրը, «Բելաեւօ»ի կողքին գտնուող պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ողջակիզումՙ մարդկութեան ապագան շալկած քանդակի մը...:

Յիշեցնենքՙ որ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակները պիտի ցուցադրուին մինչեւ հոկտեմբեր 27, որմէ ետք Քրեմլինի կից «Գաստիննի դվոր» (Հիւրերու պալատ) փառաւոր համալիրին մէջ, միջազգային ցուցահանդ)էսներուն կից, որպէս նուէր Ռուսիոյ եւ արտասահմանի ընտրանիին:

Կը ծրագրուի նաեւ յետագային ցուցահանդէս մը կազմակերպել «Մանեժ»ի մէջ, որ տասնամեակներ շարունակ եղած է գեղարուեստի «մեհեան»:

Առասպելէնՙ իրականութիւն այս ցատկը Ռաֆֆի Թոքաթլեանին համար թէեւ դժուար, բայց անխուսափելի քայլ էր միջազգային քանդակագործութեան աշխարհին մէջ իր «անխախտ» տեղը ունենալու համար:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #182, 24-10-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ