RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#033, 2015-09-11 > #034, 2015-09-18 > #035, 2015-09-25 > #036, 2015-10-02 > #037, 2015-10-09

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #35, 25-09-2015



ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Տեղադրվել է` 2015-09-30 20:15:13 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1611, Տպվել է` 12, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 7

ՄՇՈՒՇՈՏ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՎՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Սեպտեմբերի 21-ն է, եւ ես մտատանջումով շղարշուած ուրախութիւն մը ունիմ: Դարերով երազուած անկախութիւնը մեր հայրենիքին, երբ այսօր 24 տարեկան շօշափելի իրականութիւն է, անխառն հպարտութեամբ չեմ կրնար դիմաւորել եւ այս հոգեվիճակը միմիայն իմս չէ, այլեւՙ շատ շատերու, յատկապէս սրտցաւ հայորդիներու:

Բան մը երբ չունիս, կորսնցուցած ես եւ կ՛ուզես, կ՛երազես, կը տենչաս ունենալ, հոգուով ու մտքով անոր նուիրուած կ՛ըլլաս, անոր վերադարձին կը սպասես, որպէս գերագոյն իղձ ու մտածումներու կիզակէտ: Եւ երբ վերջապէս կ՛ունենաս զայն, հրաշէկ կարօտի վայրկեանները կը ցնդին ու երազներուդ մարմնացումը կը պաղի, կը դառնայ սովորական, ապա կամաց-կամացՙ անարժէք...

Այս տողերը կը գրեմ դողացող մատներով, որովհետեւ,- Պ. Սեւակի բնութագրումով «Գայլի երախէն» փրկուած այս Պիպլիական (Սուրբգրային) հրաշք հողակտորը պահելու ի վիճակի պիտի չըլլանք, եթէ շարունակուի մեր արտագաղթն ու անտարբերութիւնը, եթէ շարունակուի թալանն ու գողութիւնը:

Չեմ ուզեր ընդհանրացնել, սակայն եւ այնպէս, չեմ ուզեր նաեւ նսեմացնել երկրին ու անոր անկախութեան սպառնացող վտանգները: Թող չըսուի թէ բոլոր երկիրներուն մէջ ալ այսպիսի բաներ կան: Գուցէ. եթէ մեծ երկիրները փոքր հարցեր կը դիմագրաւեն, մեր պարագայինՙ մեր փոքր երկիրը մեծ հարցեր կը դիմագրաւէ: Դժուար թէ գտնուի երկիր մը, որ իր պատմական հողերուն մէկ տասներորդին վրայ անկախ հայրենիք ստեղծած է, որ ահաւոր երկրաշարժ տեսած է, կէս միլիոն փախստական ընդունած է, թշնամիներով շրջապատուած է, պարտքերու մէջ թաղուած, աղքատ երկիր է, որուն քիչ ունեցածն ալ թալանի ենթակայ է, եւ որ ամէնավատն էՙ անոր բնակիչները հարիւրհազարներով կը լքեն երկիրն ու կ՛երթան Ռուսաստան կամ Ամերիկա:

Ո՞վ պիտի պահէ այս երկիրը: Առանց ժողովրդային օժանդակութեան ու սատարին, ոչ մէկ բանակ ի վիճակի է պատերազմը յաղթելու. ո՛չ մէկ: Բոլոր մեծ պատերազմներուն ու մեծ յաղթանակներուն ետին կայ ժողովուրդը:

Ո՞ւր է մեր ժողովուրդը: Եկուորներուն երեսին «Ինչո՞ւ եկաք...այստեղ ապրելու երկի՞ր է... մենք կը ձգենք ու կ՛երթանք, դուք ինչո՞ւ կու գաք...» ըսողնե՞րը պիտի պահեն այս կտոր մը հողը. թէ՞ ամէնաարդիական, թանկարժէք, սեւ «մգացուած» ապակիներու ետին թաքնուած մութ գործերու ասպետները...

Միւս կողմէ կը հիանաս մեր քաջարի սահմանապահ զինուորներուն սխրանքներով: Կը զմայլիս համբերութեամբ ու հաստատակամութեամբ ստեղծագործող մեր արուեստագէտներով, գրողներով, բեմադրիչներով, որոնք մեր դարաւոր մշակոյթի գանձանակին մէջ ամէն օր նոր լումաներ կը նետեն:

Ու տակաւինՙ յուզումնախառն ժպիտով կը նայիս դպրոց շտապող մեր նոր սերունդին: Հոգիդ կը խայտայ Բաղրամեան պողոտայի «Ոչ թալանին» վանկարկող երիտասարդներով:

Այո՛, սեւին ու մոխրագոյնին քով սպիտակը դեռ կայ ու կը մնայ:

Ձիւնասպիտակ քու վաղուանդ սիրոյնՙ կորչի՛ մշուշը:

Տօնդ շնորհաւոր, Հայաստա՛ն:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #35, 25-09-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ