ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Այց Հայ յեղափոխութեան կերտիչներէն Վահէ Արզուեանի գերեզմանին Քսանամեակ մը առաջ էր, երբ դէպի օդակայան ճամբուն վրայ, Նիւ Ճըրզիի մեր վաստակաւոր ընկերներէն մին Ֆէյրվիւէն անցած պահուն ըսաւ. «Հոս թաղուած է հայ յեղափոխութեան եզակի դէմքերէն Վահէ Արզուեանը»: Երկու տասնամեակ էր պէտք, որ Ցեղասպանութեան դարադարձին, ուխտի կարենայի երթալ անոր շիրիմին: Հաւանաբար, ՌԱԿ-ի Համապարփակ պատմութեան աշխատասիրութեանս այս օրերուն, յաճախ հանդիպելով այդ մեծ անունին, յանցաւոր ըլլալու զգացումս մղեց զիս, որ մեր տան մերձակայքը գտնուող այս գերեզմանատան մէջ հանգչող մեր ընկերոջ շիրիմը այցելէի: Մոռացութեան գիրկը նետուած անուն մը մեր ազգային յեղափոխական կեանքի այսօրուան անուններէն: Կը լսենք մեր աւանդական երեք կուսակցութիւններու անձնազոհ յեղափոխական ծանօթ ընկերներուն անունները յաճախակիօրէն, որոնց շարքին արդէն մոռցուած անուն մը սկսած է դառնալ Վահէն, աւազանի անունով Ալեքսան(դր)ը: Կեսարացի, ծնած է 1874-ին, ուսումը ստացած Կ. Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Կը մեկնի Նանս (Ֆրանսա) մասնագիտանալու երկրագործական մեքենաներու գիտութեան մէջ: Վերադարձին Կ. Պոլիս կ՛աշխատակցի «Հայրենիք»ին: 1894-95 Հնչակեան յեղափոխական գործունէութեան մասնակցող ամենէն յանդուգն երիտասարդ ուժերէն մին էր Վահէն, Արփիարեանի, Արթիւր Օհանջանեանի եւ Տիրան Քելեկեանի կողքին: Արփիարեան Փարիզ այցելութեան Չօպանեանին կը վկայակոչէ Արզուեանը որպէս կորովի ու նուիրուած յեղափոխական: Անշուշտ լայնօրէն արձանագրուած պիտի ըլլայ Արզուեանի յեղափոխական ու ազգային նուիրական կեանքը հատորաշարիս երկրորդ հատորին մէջ: Սակայն հոս կ՛ուզեմ տալ անոր կեանքին յատկանշական քանի մը երեսները: Արզուեան կ՛ունենայ կարեւոր դեր Պապը Ալիի 1895ի ցոյցին մէջ, որմէ անմիջապէս ետք Զէյթունի ապստամբութեան շրջանին ան ապստամբներուն կը հասցնէ նիւթական լայն օգնութիւն: Հայոց առաջին կոտորածէն յետոյ, Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ հայ բողոքարկու համախմբումին պարագլուխներէն ըլլալով կը ձերբակալուի ու բանտ կը տարուի: Սակայն ֆրանսական դեսպանատան միջամտութեամբ կը յաջողի ազատիլ: Պոլսոյ Հնչակեան մասնաճիւղին կողմէ կը մեկնի Լոնտոն հաշիւ պահանջելու Նազարբեկեանի կեդրոնէն, որ Զէյթունի ապստամբութեան համար հասած մեծագումար նուէրները չէր փոխանցած ապստամբներուն, ինչ որ բողոքի ալիք մը յառաջացուցած էր հնչակեան շարքերուն մօտ: Հնչակեան պառակտումը այլեւս անխուսափելի էր: Արփիարեան, Արզուեան, Տամատեան, Ռշտունի, Սուրէնեան, Բաշալեան, Սվազլը, Մկրտիչեան եւ ուրիշներ կորսնցուցած էին հաւատքը Նազարբէկի եւ կովկասահայ հնչակեան գործիչներու նկատմամբ, մանաւանդ որ արեւելահայ այդ գործիչները առաւելաբար կ՛առաջնորդուէին ընկերվարական (սոցիալիստական) իտէալներով, մինչ հայկական հարցը գերազանցապէս ազգային հարց էր, հեռու միջազգային տնտեսական զանազան վարդապետութիւններէ: Արզուեանի համար Կիլիկեան երազը կը մնար ամենակարեւոր յենարանը գալիք ազգային համընդհանուր յեղափոխական շարժումին: Հայկական պետութեան մը ստեղծումի կորիզը Արզուեան կը տեսնէր Կիլիկիոյ մէջ: Այսպէս ալ ան կը հաստատէ մնայուն եւ սիրալիր յարաբերութիւններ ֆրանսացի Փիէր Քիյեարին ու Վիքթոր Կերարին հետ: Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք, Արզուեան, որ թրքական ոստիկանութեան կողմէ փնտռուող հայն էր, գաղտնաբար կը մեկնի Կ. Պոլիս կուսակցական կազմակերպչական աշխատանք տանելու: Սակայն կը ստիպուի վերադառնալ Փարիզ: Ան կ՛ուզէր փորձ մը կատարել Սուլթան Համիտի հետ ուղղակի բանակցութեան նստելու, կարգ մը զիջումներ պահանջելով անկէ: Թէեւ «Հայ յեղափոխական կեդրոնական քոմիթէ»ն փոքր խմբակ մըն էր Արզուեանի գլխաւորութեամբ, սակայն տրուածը խոշոր անուն մըն էր: Նոյն օրերուն Արզուեան կը ստիպէր, որ դաշնակցականներն ալ մասնակից ըլլային այդ բանակցութեան: Թէեւ այդ պաշտօնապէս վերակազմեալներու նախաձեռնութիւնը չէր, սակայն Վահէն կուսակցութիւնը տեղակ կը պահէր բոլոր անցուդարձերուն: Եթէ Սուլթանը, այդ օրերուն, զիջումներու տրամադրութեան մէջ ըլլար անկեղծ, թերեւս թրքահայ ժողովուրդին ծանր պայմաններուն բերէր որոշ բարելաւում: Բանակցութեանց արդիւնքը եղաւ որոշ թիւով հայ բանտարկեալներու արձակումը: Արզուեան մեծ դեր կատարեց հայ ունեւոր դասակարգին մօտ Հայ դատի պրոպագանդի աշխատանքին եւ ասոր որպէս արդիւնք այդ մեծահարուստներէն կրցաւ նիւթական միջոցներ ապահովել. սակայն ոչ անպայմանօրէն այդ օգնութիւնը հասաւ յեղափոխականներուն, հարկ եղաւ երբեմն գործածել բիրտ միջոցներ եւ սպառնալիքներ, որոնց զոհ գացին ծանօթ ազգայիններ: Խիզախ կուսակցականն ունեցած է յաճախ տարակարծութիւններ գաղափարի իր ընկերներուն եւ յատկապէս Արփիարեանի հետ: Ժողովներու մէջ եղած է սկզբունքային եւ անդրդուելի: Մաղթած է մի՛շտ միացեալ ուժերով յառաջ տանիլ յեղափոխութիւնը, սակայն միշտ ալ դէմ յանդիման գտնուած է օրուան կուսակցական ղեկավարներու առարկութեան: Կենսական կը գտնէր Արզուեան դաշնակցականներու ու հին հնչակեաններու միացումը վերակազմեալ հնչակեաններուն, նախ վերջ դնելու համար անոնց սպառիչ ու քայքայիչ հատուածական վէճերուն, ապա ճիգերն ու ուժերը կեդրոնացնելու այն սահմանափակ, ամուր, հնարաւոր ու բեղմնաւոր ծրագրին վրայ, որ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան ծրագիրն էր եղած: Թէեւ շրջան մը հին ու նոր հնչակեանները միացան, սակայն ատիկա երկար չտեւեց Մխօ-Շահէնի եւ Գարեգին Չիթճեանի եղբայրասպան անարգ սպանութիւններուն հետեւանքով: Արզուեանի համար Կիլիկեան երազը մնաց առաջնահերթ: Իրեն միացաւ Արշակ Չօպանեանը: Ցաւալի է, որ Վեր. Հնչակեան կուսակցութիւնը, որ բարոյական մեծ ուժ կը ներկայացնէր, ոչ կրցաւ միւս հայ կուսակցութիւններուն հետ միացումը յաջողցնել, ոչ ալ ինքը գոյացնել նիւթական կարեւոր զօրութիւն մը, որպէսզի կարողանար ձեռնարկել իր էական ծրագրին գործադրութեան: Արզուեան յամառօրէն աշխատանք տարաւ այդ միացումը գոյացնելու ծրագրին: Հեռու կը մնար կուսակցական ռեքլամի համար հապճեպ սարքուած ձեռնարկներէ եւ աւելորդ քարոզչութենէ եւ ժողովուրդը ապակողմնորոշող կոչերէ: Կիլիկեան երազով ունեցաւ նաեւ հանդիպում Լորտ Պրայսի եւ անգլիացի ուրիշ քանի մը գործիչներու հետ կրելով այն տպաւորութիւնը, թէ Անգլիան որոշում տուած չէր Կիլիկիայով մասնաւորապէս զբաղելու ու ոչ ալ թրքահայ հարցը իր ուրոյն պաշտպանութեան տակ առնելու ծրագիր ունէր: Պրայս ասուհանդերձ դարձեալ, հայանպաստ դիմում կատարեց անգլիական կառավարութեան մօտ: Բայց ապարդիւն: Սպասուած Կիլիկեան ապստամբութեան երազը փուլ եկաւ անգամ մը եւս ու մնաց միայն երազ: Արզուեան զայրացած էր, պահ մը կարծած էր, թէ իր տարիներու այդ բաղձանքը մօտեցած էր. պատրաստ էր մեկնելու կռուի վայրը եւ կազմակերպելու այդ աշխատանքը: Սակայն կը սկսէր մեղադրել իր ընկերներն ու բարեկամները, սակայն անհիմն էին անոնք բոլորը: Ունեւոր հայեր թէեւ կային, բայց ծրագիրը կը պահանջէր մեծագումար դրամ: Հարուստները հաւատք չունէին, որ հայը զէնքով կրնար որեւէ արդիւնքի հասնիլ: 1916ին թէեւ Թրքահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ հայ չէր մնացած, սակայն Ազգային պատուիրակութեան եւ ֆրանսական կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած բանակցութեան արդիւնքով` Թրքահայ դատը նորէն կեանք կ՛առնէր: Կիլիկեան ինքնավարութեան մը հարցը մասնաւորապէս օրակարգի նիւթ կը դառնար: Կը կազմուէր Արեւելեան (Հայկական) Լեգէոնը ու դարձեալ հայ զինուորն ու յեղափոխականը կը մեկնէին ճակատ: Սակայն Ֆրանսայի աղիտաւոր քաղաքականութեամբ Քեմալական Թուրքիոյ կը յանձնուէր Կիլիկիան: Այլեւս յուսահատածՙ Արզուեան կը քաշուի կուսակցական պատասխանատուութիւններէն: Կը մնայ ջերմ ազգասէր մը, կը յանձնէ կտակ մը ազգային նպատակին համար: Արզուեան բացառիկ ուժ մըն էր, երկաթեայ նկարագրով, որ իր բազմաթիւ յատկութիւններուն կողքին ունէր իր թերութիւնները: Կրքոտ էր, ջղային, իր ամէն երազածը կարելի կարծող յեղափոխական մը: Ան չկրցաւ իր մէջ կուտակուած գերմարդկային ուժը յայտնաբերել: Տարիներով չարչարուեցաւ, մաքառեցաւ` առանց հասնելու երազին` մտնել Երկիր ու պատրաստել ապստամբութիւնը: Ան մեռաւ իր ժողովուրդէն հեռու, ինքնամփոփ: Ան գտած էր գոնէ մէկ մխիթարութիւն. իր կենդանութեան հաստատած էր Խորհրդային Հայաստանի արձանագրած յաջողութիւնը եւ 15 հազար տոլարի կտակ մը թողած էր օրուան վարչապետին Հայաստանի մէջ ծրագիր մը իրականացնելու համար: Չեմ գիտեր, թէ վերջին անգամ ո՛վ եկաւ շիրմաքարիդ ծունկ մը աղօթք ընելու: Դամբարանիդ վրայ կայ մէկ արձանագրութիւն միայն ԱՐԶՈՒԵԱՆ: Մեր Նիւ Եորքի ընկերներուն պարտաւորութիւնն է շուտով պատշաճ արձանագրութիւն մը դնել քու շիրիմիդ վրայ ու զայն ուխատեղի դարձնել, այնպէս ինչպէս մեր Պէյրութի ընկերները կատարեցին արմենական ընկեր Միքայէլ Նաթանեանի դամբարանին համար: |