ԱՆԴՐԱՆԻԿ Մ. ՔԵՇԻՇԵԱՆ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի Անդրանիկ ծնած է 1931ին, Պէյլան գիւղաքաղաքին մէջ (Ալեքսանդրեթի սանճաք, այժմ` Թուրքիա) հասանպէյլցի (Ամանոս) ծանօթ ազգային Մատթէոս աղա Քեշիշեանի յարկին տակ: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ: Անդրանիկի ծնողները, որոնք հիմնադիրը եղած են Պէյլանի եւ շրջակայքի ՀԲԸՄի մասնաճիւղերուն, ծնած օրէն իսկ Միութեան անդամ արձանագրած են զինք: Սանճաքի պարպումով, Պէյրութ հաստատուելէն ետք, 1941ին, Անդրանիկ շարունակած է իր անդամակցութիւնը եւ 1956ին ստացած է վեթերանի վկայականը: Պատանի հասակէն մասնակցած է միութենական գործունէութեանց: Շրջան մը գործած է Լիբանանահայ Վերածնունդ միութեան մէջ: 1947ին հիմնած է այս միութեան մարզական բաժինը, իսկ 1950ին` ուսանողաց բաժինը: Այնուհետեւ գործունէութիւն ծաւալած է ՀԵԸ-ի շարքերէն ներս: Եղած է պատասխանատու մարզական բաժնի 1951-54 թուականներուն, եւ կրտսերաց բաժնին` 1953ին: 1950-54 տարիներուն եղած է Լիբանանի 10 հազար մեթր վազքի ախոյեան: Այդ շրջանին եղած է «Զարթօնք» օրաթերթի մարզական բաժնի թղթակիցը եւ ապա եղած է հիմնադիրներէն «Զարթօնք-Սփոր» մարզական շաբաթաթերթին: Երիտասարդ տարիքին միացած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շարքերը: 1956էն սկսեալ, ատեն մը նուիրուած է ազգային-հասարակական եւ քաղաքական գործունէութեանց, ըլլալով ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանային եւ Թէքէեան մշակութային միութեան վարչութեանց անդամ: 1976ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով փոխադրուած է Ֆրանսա եւ առաջին օրէն հաստատուած Վալանս: Եղած է կարեւոր ուժերէն մէկը Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի ՌԱԿի շրջանակները վերակազմակերպելու աշխատանքին մէջ, տարիներով մաս կազմելով ՌԱԿ Ֆրանսայի Շրջանային վարչութեան եւ որպէս գործիչՙ ՀԲԸՄի Ֆրանսայի շրջանակին: Հիմնած է Վալանսի ՌԱԿ տեղական ակումբը: Ամուսնացած է Հերմինէ Քահքեճեանին հետ եւ բախտաւորուած չորս զաւակներովՙ Նուպար, Շահնուր, Ասպետ եւ Անդրանիկ Կրտսեր: Հերմինէն եւ բոլոր զաւակներն ալ անդամ են ՌԱԿ-ի: Նուպար ցոյց կու տայ մեծ հետաքրքրութիւն ֆրանսական քաղաքական կեանքին եւ անդամ է Վալանսի քաղաքային խորհուրդին: Անդրանիկ Քեշիշեան շրջան մը հրատարակած է խմորատիպ «Շառաջ»ը, ազատ մտածումներով, սակայն ռամկավար-ազատական ուղեգիծով ամսաթերթը: Մահացաւ Վալանսի մէջ, դեկտեմբեր 25ին: Ցաւակցութիւններ տիկնոջը եւ զաւակներուն: |