ՊՈՒՄԵՐԱՆԿ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Նետուած քարը իրենց վերադարձաւ: Քար չէր, պումերանկ էր: Եւրոպայի ահաբեկչական արարքները, յատկապէս Ֆրանսայի եւ Պրիւքսէլի պայթումները տեսնելէ ետք, կը մտածեմ, որ այսքան կազմակերպուած, գերզարգացած, այսքան գերարդիական զինական ու ռազմագիտական միջոցներ ունեցող Եւրոպան ինչպէ՞ս չի յաջողիր առաջքը առնել այս ողբերգական արարքներուն ու իրար ետեւէ թիրախ դառնալով ահաբեկչութեանցՙ մեծ թիւով զոհեր կու տայ: Միակ յաջողութեամբ կատարածնին ցաւակցական ելոյթներն են պետական մարդոց, անոնց սպառնալիքներն են ահաբեկիչներու հասցէին ու շռայլուած խոստումներ ժողովուրդին, որ պիտի պայքարին ու առաջքը պիտի առնեն ահաբեկչութեան: Սգատօները, մոմավառութիւնները, ծաղկեմատուցումները, աջէն-ձախէն զօրակցութեան կոչերը, Je suis-ները եւ ասոնց նման ցուցադրական ելոյթները ո՛չ զոհուածներու պարագաներուն ցաւը կը մեղմեն, ոչ ալ յոյս կը ներշնչեն, թէ նոր պայթումներ պիտի չըլլան: Ներկայ դրութեամբ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարիլը դժուար է, ոչ միայն դժուար է, այլ գրեթէ անկարելի, որովհետեւ ոչ մէկ զատորոշիչ նշան կը կրեն անոնք, որպէսզի ճանչցուին. ոեւէ քաղաքացիի նման ինքնաշարժ կը վարեն, փողոցը կը քալեն, իրենց ձեռքերուն, կամ կրնակին վրայ պայուսակներով ու գրպանին մէջի փոքրիկ վահանիկով մը կրնան պայթեցնել որեւէ ական, մարմնի վրայ, թէ ինքնաշարժի մէջ, փողոցը, կամ որեւէ խճողուած վայր: Ամենամարզուած ու պատրաստուած ոստիկաններն անգամ ի վիճակի չեն ամէն անցնող ինքնաշարժ կանգնեցնելու եւ քննելու, կամ ամէն պայուսակ շալկողի պայուսակին պարունակութիւնը ստուգելու. միլիոնաւոր մարդիկ կը շարժին ամէն վայրկեան, նոյնչափ ալ մեքենաներ. քաղաքը անդամալուծել չըլլար: Կասկածի պարագային կրնայ քննութիւնը աւելի դիւրին ըլլալ, քանի որ թիրախը ձեւով մը սահմանափակուած կ՛ըլլայ որոշ վայրի մը, կամ որոշ մարդկանց մէջ: Պատկերացնենք, որ յաջողեցան ահաբեկիչ մը բռնել. յետոյ ի՞նչ... Ամիսներով, գուցէ տարիներով պիտի դատեն, վերջը պատիժ պիտի տան: Եթէ բանտարկութիւն է, երբ մահապատիժ չկայ, Եւրոպայի բանտերը հիւրանոցներու կը նմանին, բանտարկեալին պատիժը ծիծաղելի կը դառնայ: Նոյնիսկ եթէ մահապատիժ կայ եւ մահուան դատապարտեն, արդէն յանցաւորը մահապարտ է, ինք կ՛ուզէ մեռնիլ եւ դրախտի հաճոյքներուն արժանանալ: Կամ եթէ կը կարծուի, որ անոր պատիժը դաս կը դառնայ իր ընկերներուն եւ անոնք կը դադրեցնեն ահաբեկչութիւնը, կրկին կատակի նման ենթադրութիւն է: Ուրե՞մն: Բազմաթիւ մարդոց կեանքերը խլողն ու բազմահարիւր մարդիկ վիրաւորողին ի՞նչ արդար պատիժ, ի՞նչ պատիժ, որ հաւասար ըլլայ անոր գործած ոճիրին... Այդպիսի բան չկայ, եղած վնասը ոչ մէկ ձեւով չի հատուցուիր: Հիմա իրար անցածՙ ահաբեկչութեան դէմ համաշխարհային պայքարի կոչ կ՛ընեն, կրկնելով Ճ. Պուշի կոչը 2001-ին Նիւ Եորքի երկնաքերներու վրայ յարձակման առթիւ, որուն արդիւնքը տեսաւ աշխարհը. անվերջանալի պատերազմական վիճակ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ, ամէնօրեայ պայթումներ ու անհաշուելի զոհեր, ու գլխաւոր ահաբեկիչ Պէն Լատէնի կասկածելի սպաննութիւնը... Այսօր ալ Եւրոպան այդ ճամբան պիտի բռնէ. ի շահ որո՞ւն եւ ի վնաս որո՞ւն, յայտնի չէ: Եթէ ահաբեկիչները վերացնելու նպատակը իսկապէս լուրջ է, թող սկսին ձերբակալելով եւ դատելով անոնց զէնք, զինամթերք ու մեքենաներ հայթայթողները. այդ բոլորը երկինքէն չթափեցան մանանայի պէս: Թող սահմանները փակեն անոնց առջեւ: Նախՙ Սուրիա մտնող զինեալներու դէմ, ապա Եւրոպական սահմաններըՙ ապաստանեալ-գաղթականներու դիմակի տակ պահուած ահաբեկիչներու առջեւ: Թէ չէՙ «այս փիլաւը դեռ շատ ջուր կը վերցնէ»... |