RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#033, 2016-09-09 > #034, 2016-09-16 > #035, 2016-09-23 > #036, 2016-09-30 > #037, 2016-10-07

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #35, 23-09-2016



Տեղադրվել է` 2016-09-23 13:37:44 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 6317, Տպվել է` 616, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՑՈՐԵՆՆ ՈՒ ՅԱՐԴԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Անկախութեան 25 տարիները բաւարար պէտք է ըլլային ամէն ինչ իր տեղը իյնալու համար, սակայն այդպէս չէ: Շողշողուն ցուցադրութիւններէն եւ շռնթալից ճառախօսութիւններէն անդին ի՞նչ կայ մետալին միւս երեսին վրայ: Ճիշդ պիտի չըլլա՞ր պահ մը ամփոփուիլ եւ հաշուեյարդար մը կատարել, եղածն ու չեղածը, լաւն ու վատը ծանր ու թեթեւ ընել եւ ընդհանրապէս քառորդդարեայ անկախութիւնը փորձաքարի զարնել ու ազնուօրէն պարզել ճշմարտութիւնը:

Անցնող 25 տարիներուն ընթացքին ունեցանք Հանրապետութեան երեք նախագահ, տասնեակ մը վարչապետներ եւ անհաշիւ նախարարներ. ասոնցմէ ոեւէ մէկը արժանացա՞ւ համընդհանուր ժողովրդականութեան, ժողովուրդին սիրոյն եւ յարգանքին: Անկախ երկրի մը երեք կարեւոր խորհրդանշանները արժանացա՞ն համաժողովրդային հաւանութեան. Զինանշան, օրհներգ եւ դրօշակ. իւրաքանչիւրին մասին, մասնաւորաբար առաջին երկուքին պարագային, քննադատութիւններն ու փոխելու առաջարկները դեռ կը շարունակուին:

Իսկ որ աւելի տագնապայարոյց էինՙ երկրին տնտեսական վիճակը, չարաշահումները, կաշառակերութիւնը, փտածութիւնն ու շարունակուող արտագաղթի տխուր պատկերը չունեցան լուծում:

Դեռ կարելի է երկարել շարքը թերութիւններուն, որոնց վրայ եկաւ բարդուելու զինեալ ընդվզումը «Սասնայ ծռերու» պոռթկուն միջադէպով:

Այս բոլորով հանդերձ, դարեր ամբողջ ու անցեալ դարուն տասնամեակներ երազուած ու իրականութիւն դարձած «Անկախութիւն» հասկացողութիւնը իր հմայքով պահ մը մոռցնել կու տայ ժխտական երեւոյթները, քանի ժողովուրդը կը հաւատայ, որ մնայունը անկախութիւնն է, իսկ թերութիւնները գնայուն են, ճիշդ Խաչիկ Դաշտենցի բանաստեղծութեան մեջ յիշուածին պէս «Յարդը գնում է, ցորենն է մնում»:

Սակայն ո՞վ պիտի ըլլայ այն քաջ մշակը, որ ցորենը հովին տայ, որ յարդը տանի եւ ցորենը պահէ: Ո՞վ պիտի ըլլայ այն հովիւը, որ պաշտպանէ հօտը գայլերէն ու ինք գայլ չդառնայ իր հօտին գլխուն:

Ճիշդ է որ Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքով ու միջազգային յարաբերութիւններով շատ ալ բաղձալի կացութեան մէջ չի գտնուիր, սակայն քաղաքականութիւն ըսուածը լարախաղացութիւն է, եթէ լաւ խաղցուի, շատ հարցեր կրնան չէզոքանալ յօգուտ երկրին: Մերը «Թիթանիքի» նման շոգենա՞ւ է, թէ՞ մակոյկ. երկու պարագաներուն ալ հմուտ նաւավար մը քաղաքականութեան ծովուն մէջ ժայռեր ու սառցալեռներ շրջանցել գիտնալու է:

Բաւ է որքան հպարտացանք մեր անցեալով, մեր անցեալի փառքերով: Պէտք է հասկնանք, որ պատմութեամբ բաւարարուիլ չըլլար, զայն հիմքի վերածելով նորը կառուցելու է, որ հինը շղթայուի մեր ներկային: Մեր անցեալի յաջողութիւններն ու նուաճումները բարձի վերածածՙ մեր գլուխները վրան դնելով չքնանանք, նորին մասին մտածենք, նորը կառուցելու եւ ամրապնդելու մասին մտածենք, նոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ արձանագրենք, որպէսզի իսկապէս արժանի ըլլանք հինէն մեզի հասած ջահը բարձր ու վառ պահելու:

Ունինք ատակ մարդիկ բոլոր ասպարէզներուն մէջ ալ, մայր հողը երբեք չամլանար, հողը չի դաւաճաներ, հարկ է դռները բանալ, միաւորել մեր անհատ, տարտղնուած ուժերը եւ ամրացնել քսանհինգամեայ անկախ Հայաստանը, որ դառնայ իսկական մարմնացումը ժողովուրդի երազներուն, ըլլայ ուժեղ, յաղթական, սիրուած ու գնահատուած. այն ատեն միայն, առանց դոյզն վերապահութեան, կարելի է ուրախանալ անկախութեամբ: Մենք լաւատես ենք:

Այս բոլորով հանդերձ, տօնդ շնորհաւոր, ի՛մ երկիր:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #35, 23-09-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ