RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#006, 2017-02-17 > #007, 2017-02-24 > #008, 2017-03-03 > #009, 2017-03-10 > #010, 2017-03-17

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #8, 03-03-2017



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2017-03-02 22:17:52 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5677, Տպվել է` 489, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Որեւէ երկրի անփոխարինելի գանձը կը նկատուի երիտասարդութիւնը: Անոնք համալսարանական ուսանողնե՞ր են, թէ՞ ազատ ասպարէզի մարդիկ, բանակի մէջ զինուորնե՞ր են, թէ՞ պաշտօնեաներ... երկրի մարդո՛յժն են անկասկած, եւ ամէն երկիր իր երիտասարդութեան վրայ է որ գրաւ կը դնէ, որպէս ապագայի ղեկավարներն ու երկրի տէրերը:

Այս գիտակցութեամբ եւ հաւատքով, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու է երիտասարդութեան, հոգատարութեան առարկայ դարձնելու է, հովանաւորելու է, ինչպէս նորատունկ ծառ մը կը խնամուի, ապագային անոր շուքն ու պտուղները վայելելու համար:

Չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը կը հակառակի այս ճշմարտութեան, սակայն արդեօք ճի՞շդ կը վարուինք մենք մեր երիտասարդներուն հետ: Խօսքս, այս պարագային ընտանիքներու եւ ծնողներու մասին չէ, այլ պետութեանց մասին, եւ մասնաւորելովՙ Հայաստանի մասին:

Հայաստանի մէջ շատ լաւ կը խնամուին երախաները, սակայն պատանիներն ու երիտասարդները երբ դուրս գան ծնողական հոգատարութենէ եւ հսկողութենէ, ո՞վ պիտի հետաքրքրուի անոնցմով եւ անոնց հարցերով, եթէ ոչ պետութիւնը:

Հայաստանի մէջ երիտասարդներ կը մահանան զանազան պատճառներով. բանակին մէջ զոհ կ՛երթան պատերազմի ընթացքին,- անցեալ Ապրիլին Արցախեան պատերազմին հարիւրէ աւելի երիտասարդ զինուոր զոհ տուինք: Ամէն շաբաթ ընտանեկան կամ փողոցային կռիւներու ընթացքին երիտասարդներ կը սպաննուին զանազան միջոցներովՙ ատրճանակով, դանակով, կացինով... ասոնց վրայ կը բարդուին անձնասպանութեանց դէպքերը Քիեւեան կամուրջէն նետուելով, կամ ալ տան առաստաղէն կախուելով: Մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են, կամ դրամի հարցով, պարտքով ու տոկոսով...կամ աղջկայ հարցով, սիրային յուսախաբութեանց արդիւնք, կամ թշնամութեան եւ վրէժի հարցով, կամ թմրամոլութեան արդիւնք...

Երկրի մը մէջ, ուր երիտասարդ տղոց թուաքանակը շատ փոքր է, բաղդատած իգական սեռին, երիտասարդներուն այսօրինակ կորուստը լուրջ անդրադարձ ունենալու է: Չեմ գիտեր, այս հարցերով զբաղող մարմին մը կա՞յ. իրաւաբան, հոգեբան, ընկերաբան... մասնագետներէ կազմուած յանձնախումբ մը գոյութիւն ունի՞, քննարկելու եւ ուսումնասիրելու այս հարցերն ու լուծումներ գտնելու:

Պէտք չէ՞ խորհրդատու մարմին մը ըլլայ, որ իր խորհուրդներով օժանդակէ ոճիրներուն առաջքը առնելու, թմրամոլութեան դէմ պայքարելով, յուսահատներուն յոյս ներշնչելով...

Տեսած ենք դէպքեր, ուր առեւանգուած երիտասարդի մը ազատագրումը ողջունած են նոյնիսկ երկրի նախագահն ու վարչապետը, զինք դիմաւորելով օդակայանին մէջ. լսած ենք կորսուած համարուած կամ նահատակուած զինուորի մը դիակը վերստանալու համար թափուած անհատնում ճիգերը... Կը զգաս, որ մարդը արժէք է, նոյնիսկ մէկ անձըՙ ողջ կամ մեռած: Ուրեմն ինչո՞ւ լրջութեամբ չվարուիլ երիտասարդութեան կորուստներու հարցով: Բազմահազարներ աշխատանքի համար գացած են Ռուսաստան եւ այլուր, ինչպէ՞ս ետ բերել զիրենք, գործ ապահովել, բարւօք կեանքի պայմաններ ստեղծել, չթողուլ որ մեր աղջիկները անամուսին ու անընտանիք մնան, փորձել լուծել անլուծելի թուացող հարցերը, փրկել երիտասարդութիւնը, փրկել Հայաստանի ապագան:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #8, 03-03-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ