RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#016, 2017-04-28 > #017, 2017-05-05 > #018, 2017-05-12 > #019, 2017-05-19 > #020, 2017-05-26

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #18, 12-05-2017



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2017-05-12 00:14:57 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 7759, Տպվել է` 467, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

Ի՞ՆՉ ԱՒԱԳԱՆԻ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Երանի ամէն տարի քաղաքապետարանի Աւագանիի ու քաղաքապետի ընտրութիւններ տեղի ունենան եւ քաղաքը շահի: Ընտրական մրցակցութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ընտրողները ձեւով մը կաշառելու համար, որպէս նմոյշ, որոշ բարեկարգումներ կատարուին, ինչպէս որ խորհրդարանական ընտրութեան նախօրեակին կատարուեցան, քաղաքի գլխաւոր փողոցներուն ասֆալթը կարկտնուեցաւ, հոգ չէ թէ որոշ փողոցներ փորուեցան, սակայն ասֆալթապատումը ուշացաւ եւ փոսերը մնացին, իսկ ինքնաշարժներ եւ հանրակառքերու մէջի ճամբորդները ցատկրտեցին իրենց տեղերէն, ոչ որպէս ցնծութեան եւ ուրախութեան արտայայտութիւն, այլ վարորդներուն անուշադրութեան ու մեքենան անզգոյշ վարելնուն պատճառով:

Կը կարծեմ, շարքային քաղաքացին խորհրդարանի ընտրութիւններէն աւելի հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ աւագանիի ընտրութեամբ, որովհետեւ անոնց աշխատանքի դաշտին հետ ամէնօրեայ շփումի մէջ է, քանի կ՛ապրի եւ կը գործէ Երեւանի մէջ:

Ինչ որ գիտեմ, որեւէ երկրի աւագանին կը կազմուի քաղաքի ամենապատկառելի անձնաւորութիւններէն, նկատի առնելով անոնց տարիքը, ուսման մակարդակը, բարոյականութիւնը, վաստակը, նուիրուածութիւնը... մէկ խօսքովՙ աւագանին կազմուած պիտի ըլլայ քաղաքի ամենայարգարժան մարդոցմէ: Մեր թեկնածուները ունի՞ն այդ բարեմասնութիւնները, ընտրական օրէնքը այդպիսի պայմաններ կը դնէ՞:

Ես նոր քաղաքացի եմ, դիտելու սովորութիւն ունիմ եւ կարգ մը տգեղ երեւոյթներ կամ թերութիւններ, որոնց ընտելացած կ՛ըլլայ այստեղ ծնած ու մեծցած երեւանցին, ես կը տեսնեմ ու քանիցս գրաւոր արտայայտուած եմ անոնց մասին:

Աւելորդ չեմ նկատեր կրկին անգամ զանոնք յիշեցնելը: Առաջին հերթին մուրացկանները վերանալու են քաղաքի հրապարակէն եւ գլխաւոր փողոցներէն, ասիկա Երեւանի վէրքն է, հարկ է բուժել: Երթեւեկութիւնը (տրանսպորտը) պէտք է պետականացուի, որպէսզի գործատէրերը առաւելագոյն շահու համար երթեւեկողներուն քիթէն-բերնէն չբերեն: Պէտք է բարեկարգել բակերը, ապօրինի շինութիւնները վերացնելով, շէնքերուն վերելակներն ու մուտքերը նորոգելով: Բարեկարգել գետնանցումները եւ լուսաւորել: Կանգառներուն մօտ յումպէտս զետեղուած անաշխատ ու անգործ այդ հսկայ սնտուկները, որոնք իբրեւ թէ որպէս ժամանակացոյց պիտի ծառայէին, տեղահանե՛լ, քանի տգեղ են եւ կը խափանեն փոխադրամիջոցի սպասողներուն տեսադաշտը: Հրապարակէն եւ օփերայի շրջակայքէն վերացուելու են խաղային զանազան սարքերը. անոնց տեղը այգիներն են:

Անիրաւ կերպով «սեփականացուած» տարածքներ, որոնք շահու աղբիւր դարձուցած են թիկունքնին ամուր որոշ առանձնաշնորհեալներ, հարկ է թօթափել իրենց «տէրերէն»: Քաղաքի զանազան վայրերու մէջ հանրային զուգարաններ տեղադրել:

Աչքաթող եղած կարգ մը այգիներ, ինչպէս Սունդուկեան թատրոնի այգին, բարենորոգուելու է: Այգիներուն մէջի զուգարանները անվճար ըլլալու են:

Սովորական մեքենաներուն եւ թաքսիներուն մուգացուած ապակիները վերադառնալու են իրենց թափանցիկութեան: Այսպիսի ամօթալի բան օրէնքով արգիլուած ըլլալու էր ուրիշ երկիրներու նման:

Անշուշտ կարելի է շարքը երկարել. նորընտիր կամ վերընտրուած քաղաքապետն ու աւագանին պատրա՞ստ են այս բոլորը ցուցակագրելու եւ հերթով իրականացնելու, թէ՞ պիտի մոռնան իրենց տուած խոստումներն ու բաւարարուին միայն պաշտօնին կամ դիրքին ընձեռած պատիւներով:

Երգերով ու շարք մը ձեռնարկներով Երեւանի գովքը հիւսելը բնաւ բաւարար չէ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #18, 12-05-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ