RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#034, 2017-09-15 > #035, 2017-09-22 > #036, 2017-09-29 > #037, 2017-10-06 > #038, 2017-10-13

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #36, 29-09-2017



Տեղադրվել է` 2017-09-29 15:15:25 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 15831, Տպվել է` 2494, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԵՐԿՈՒ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հայաստանի մէջ լրջութեամբ եւ կարեւորութեամբ կը կազմակերպուէին յոբելեանական հանդիսութիւններն ու շնորհահանդէսները, այնքանՙ որ մեր նախանձը կը գրգռէին, քանի իրենք պետականութեան պայմաններու մէջ ըլլալով, ամէն ինչ արհեստավարժական մակարդակով կը կատարէին, մինչդեռ մենք, մեր գաղութներուն մէջՙ սիրողկան:

Այսօր ալ նոյնն է Հայաստանի մէջ, եթէ զանց առնենք այդպիսի հաւաքներուն խօսք առնողներուն անվերջանալի շարքը եւ ներկաներուն տակաւ նօսրացող թիւը...

Վերջերս ականջալուր եւ ականատես դարձանք Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երկու յոբելեանական միջոցառումներու, մին Պէյրութի մէջ հրատարակուող ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթՙ «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի 80-ամեակի առիթով, իսկ միւսը, դարձեալ Պէյրութ հրատարակուող Համազգայինի գրական-գեղարուեստական հանդէսՙ « ԲԱԳԻՆ»ի 55-ամեակի առիթով:

Ես երկուքին ալ աշխատակցած եմ Հալէպէն. «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի պարագայինՙ տարիներով, սակայն անոր յոբելեանը նշելու հրաւիրուած, Երեւանի Ազգային գրադարանին մէջ հաւաքուած 20-22 ներկաներուն (Ինչպէս նշած էր ԱԶԳ-ը) մէջ չէի: Հարցը հրաւէրը չէ եւ ատոր համար ալ չեմ անհանգստացած, քանի տարիներէ ի վեր դադրած եմ աշխատակցելէ այդ թերթին, սակայն ցաւեցայ այսպիսի պատուաբեր անցեալ ունեցող թերթի մը 80-ամեակը նշելու եկած ներկաներու փոքր թիւին համար: Պատճառը ինծի ծանօթ չէ, ոչ իմացայ, թէ որո՞նք կազմակերպած են, ոչ ալՙ որո՞նք խօսք առած են, սակայն, ի լուր այս տխուր երեւոյթին, իսկապէս ցաւեցայ: Ութսուն տարուան պատմութիւն ու վաստակ ունեցող սփիւռքահայ թերթ մը, անուանի խմբագիրներ ունեցող օրգանի մը հիմնադրութեան տարեդարձը Մայր հայրենիքի մէջ, այսպիսի անշուք ձեւո՞վ կը նշուի: Եւ դեռ յոյսեր կը փայփայուին, որ արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ պէտք է պահպանուի:

Երկրորդը, որուն ներկայ ըլլալու հրաւէր ստացած էի, «ԲԱԳԻՆ» հանդէսինն էր «The Club» (Ակումբ) կոչուած գինետան մէջ, ուր հաւաքուած էին յիսնեակ մը մտաւորականներ, հանդէսի սփիւռքահայ, թէ հայրենի աշխատակիցներ ու բարեկամներ: (Գինետուն բառը վիրաւորական թող չթուի, քանի այս վայրին մէջ յաճախ երգիչ-երաժիշտներ ելոյթ կ՛ունենան, սեղանիկներու շուրջ բոլորուած, բաժակ մը գինիով ունկնդիր հասարակութեան մը առջեւ:)

Գինիով երգն ու երաժշտութիւնը հասկնալի է, սակայն յարմա՞ր վայր էր յոբելեանական ձեռնարկի մը համար: Երբ ներկաները սրահի աթոռներու վրայ չեն, այլՙ սեղանիկներու շուրջ բոլորուած եւ խճողուած, անխուսափելի է, որ մարդիկ իրար հետ չխօսին եւ անշուշտՙ չաղմկեն: Բաց աստի, ճիշդ պիտի ըլլար, որ օրուան հիմնական խօսողն ու պարբերաթերթը ներկայացնողը հանդէսին նոր շրջանի, նոր խմբագրական կազմի գլխաւոր խմբագիրը ըլլար, այլ ոչ խմբագրական կազմի հայաստանցի անդամ մը, որ զարմանալիօրէն «ԲԱԳԻՆԸ» պիտակեցՙ անոր կուսակցական պատկանելիութիւնը շեշտելով... Ես տարիներէ ի վեր «Բագինի» ընթերցող եմ եւ անոր էջերուն չեմ հանդիպած որեւէ նշում այս մասին, ինչ որ բարենիշ կը նկատեմ, քանի ան զուտ գրական-գեղարուեստական անձնագիր ունի եւ հասցէագրուած է բոլոր գրականասէր ընթերցողներուն, ալ ի՞նչ անհրաժեշտութիւն կար անոր պատկանելիութիւնը յիշելու: Հայաստանցի հանդիսավարին անտեղի եւ աւելորդ մէկ շեշտադրումն էր, որ, վստահ եմ, հանդէսի իսկական տէրերը պիտի չընէին:

Յամենայն դէպս, սփիւռքահայ թերթի կամ հանդէսի տարեդարձներու նշումը Հայաստանի մէջ, ողջունելի ըլլալով հանդերձ, փափաքելի էր, որ աւելի լաւ կազմակերպուէր:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #36, 29-09-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ