RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#024, 2018-06-22 > #025, 2018-06-29 > #026, 2018-07-06 > #027, 2018-07-14 > #028, 2018-07-20

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #26, 06-07-2018



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2018-07-06 11:21:14 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5011, Տպվել է` 654, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՀԱԼԷՊ, ԴԱՐՁԵԱ՛Լ ԵՒ ՄԻ՛ՇՏ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Տարուեցանք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած եւ շարունակուող յեղափոխութեան հարցերով ու մոռցանք Հալէպը: Անշուշտ չմոռցանք, պարզապէս չխօսեցանք ու չգրեցինք անոր մասին, քանի բոլորիս կիզակէտը դարձած էր յեղափոխութիւնը եւ բնականաբար կլանուած էինք անոր ամէնօրեայ զարգացումներով:

Անցնող շաբթուան ընթացքին ֆէյսպուքը ողողուեցաւ հալէպահայ երկրորդական վարժարաններու պետական պաքալորիայի քննութեանց մեր աշակերտներուն փայլուն արդիւնքներուն լուրերով: «Փայլուն» որակումը կու տամ արդարօրէն, որովհետեւ յաջողութեանց տոկոսը բարձր է, ինչպէս միշտ, առաւելՙ բարձրագոյն նիշեր ապահովողներուն թիւն ալ մեծ է, գերագոյն գնահատականին բաւական մօտ:

Այսպէս եղած է միշտ. տարիներ շարունակ երկրի ամբողջ աշակերտութեան յաջողութեան տոկոսը պաքալորիայի քննութեանց 60%-ի շուրջ եղած է, մինչ հայկական 5 երկրորդական (աւագ դպրոց) վարժարաններունը 80%-էն վեր եղած է, ի մեծ գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն բոլորիս: Իսկ իններորդ կարգի պետական քննութեանցՙ պրովէյի մեր արդիւնքները յաճախ 100% եղած են, հակառակ որ հայկական վարժարանները աւելի ծանրաբեռնուած են, որովհետեւ երկրի կրթական նախարարութեան պարտադրած ծրագիրը լրիւ գործադրելու կողքինՙ հայերէնն ու կրօնը ունին որպէս յաւելեալ դասեր:

Սակայն, այս ուրախութեան ջերմաստիճանը ակամայ կը նուազի, երբ կը տեսնենք տարուէ տարի պակսող աշակերտութեան թիւը: Այսօրուան հինգ երկրորդական վարժարաններու շրժանաւարտներուն ընդհանուր թիւը նախապատերազմեան շրջանի մէկ վարժարանի շրջանաւարտներու թիւէն ալ պակաս է, բնական համեմատութեամբ հալէպահայ բնակչութեան նուազումին: (Այստեղ կարեւոր է յիշել, որ հալէպահայ աշակետները ոչ օտար, ոչ ալ պետական վարժարաններ կը յաճախեն, ինչ որ է երեւոյթը Լիբանանի մէջ:)

Այս վիճակով ալ գոհ են մնացողները, որոնք նախկինին կրկնապատիկ ոգիով կը գործեն, պարզապէս լճացումէ փրկելու համար համայնքը եւ գաղութը ոտքի պահելու նպատակով, ատոր համար ալ անդադար հրապարակային ձեռնարկները չեն պակսիր. Տակաւին կը շարունակեն գործել ակումբները, երգչախումբերը, պարախումբերը, նուագախումբերը, թատերախումբերը: Կը գործեն սկաուտական շարժումները, մարզական խումբերը, երաժշտանոցներն ու նկարչական ուսումնարանները: Մէկ խօսքովՙ գաղութին զարկերակը առողջ է, ամէն ինչ նախկինին պէս է, որակը պահպանուած է, սակայն քանակը տուժած է, եւ ասիկաՙ պատերազմին պարտադրած հետեւանքներով:

Բոլոր անոնք, որոնք անցնող եօթը տարիներու ընթացքին սատարեցին որ գաղութը կանգուն մնայ, կրօնական, քաղաքական կազմակերպութիւններ ըլլան անոնք, թէ մշակութային ու բարեսիրական, կամՙ այլ, իսկապէս հերոսական գործ կատարեցին, մասնաւորապէս որ յաջողեցան գաղութի համերաշխութիւնն ու համագործակցութիւնը ապահովել, թէեւ այդ ալ ունեցաւ իր վերիվայրումները, բայց ցնցումները խելացիօրէն կրեցին ոմանք, որոնք կրնային հարցերը զարգացնել, ի վնաս գաղութին, եւ այս պարագային, շնորհակալութեան կարեւոր բաժին մը կ՛երթայ ի շահ համայնքի համակերպող կողմերուն:

Այս պատերազմն ալ շատ մը այլ պատերազմներու նման, անպայման իր աւարտը պիտի ունենայ ուշ, կամ կանուխ, սակայն երբ վերջնական խաղաղութիւն տիրէ, մանուկներ, որոնք պատանի դարձած պիտի ըլլան, կամ պատանիներ, որոնք երիտասարդներ դարձած պիտի ըլլան, անոնց ուղեղին մէջ անդադար պիտի չհնչէ՞ սա հարցումըՙ « Ղեկավարնե՛ր, ուսուցիչնե՛ր, տարիներով Հայրենիք հոլովեցիք, ինչո՞ւ կառչած մնացիք ձեր գաղութներուն...»:

Ո՞վ պիտի պատասխան տայ: Սերունդներ դաստիարակուեցան հայրենասիրութեամբ եւ հայրենադարձութեան երազով, իսկ երբ առիթը ներկայացաւ, ինչո՞ւ ակռաներով պաշտպանեցիք Սփիւռքը, անոր նոր դերակատարութիւն վստահելով:

Լա՞ւ ըրիք, թէ՞ վատ, ապագան ցոյց կու տայ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #26, 06-07-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ