RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#024, 2018-06-22 > #025, 2018-06-29 > #026, 2018-07-06 > #027, 2018-07-14 > #028, 2018-07-20

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #26, 06-07-2018



ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՎ ՄԵՆՔ

Տեղադրվել է` 2018-07-06 11:21:14 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5080, Տպվել է` 641, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

ԵՐՎԱՆԴ ԱԶԱՏՅԱՆ, Դետրոյթ, ԱՄՆ

Թուրքիա քաղաքական կարեւոր ոյժ դարձած է Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ, եւ հետեւաբար աշխարհի մեծերը համապատասխան կերպով կը հետեւին անոր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան զարգացումներուն:

Նախագահ Ռեճէպ Թայյիպ Էրտողան, 16 տարիներու միահեծան իշխանութենէն վերջ կը մտածէր աւելի ամրապնդել իր այդ իշխանութիւնը եւ յաղթականօրէն դիմաւորել 2023 թուականը, որ պիտի նշէ Թուրքիայի հանրապետութեան հարիւրամեակը: Արդէն ինք այսօր Թուրքիոյ ամենէն երկարակեաց իշխանաւորն է, որ 2023 թուականին հանդէս պիտի գայ իբրեւ երկրորդ Աթաթիւրք: Թէեւ այս օրերուն իր ընտրապայքարին մէջ կ՛օգտագործէ Աթաթիւրքի նկարը, մէկ կողմէն քանդելով անոր սկզբունքներն ու ժառանգութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Աթաթիւրք յատկապէս հանրապետական Թուրքիան մօտեցուցած էր Եւրոպայի, քաղաքականութիւնն ալ անջատելով կրօնքէն: Էրտողանի ընթացքը ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կ՛արշաւէ, խառնելով կրօնքը քաղաքականութեան եւ ոտնակոխելով այն մասնակի ժողովրդավարութիւնը զոր Թուրքիա ձեռք ձգած էր Աթաթիւրքի սկզբունքներով:

Որովհետեւ Էրտողանի համար կրօնքը ոչ միսյն իր քաղաքական նժոյգն է Թուրքիան դէպի միջնադար առաջնորդելու զինք, այլ ան իր գլխաւոր խաղաքարտն է սիւննի աշխարհին առաջնորդութեան յաւակնելու, քանի Արեւմուտքը եւ յատկապէս Ամերիկան, Ցուրտ պատերազմի վախճանէն ի վեր յաջողեցան Միջին Արեւելքի հակամարտութիւնները գունաւորելու կրօնական հատուածականութեամբ:

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած էին յաջորդ տարուան համար: Սակայն, քանի Էրտողանի AKP կուսակցութիւնը յաջողած էր հանրաքուէով անցնիլ նախագահական վարչաձեւի, Էրտողան հոտառութիւնը ունեցաւ փութացնելու այդ ընտրութիւնները, որովհետեւ իր ստեղծած տնտեսական յաջողութիւնները սկսած էին սահիլ իր ոտքին տակէն. թրքական լիրան վերջին քանի մը տարիներուն իր արժէքը կորսնցուցած էր 55 տոկոսով եւ կը շարունակէր իր անկումը: Նոյնպէս դրամաճումը (inflation) հասած էր անհակակշռելի մակարդակի մը: Հետեւաբար տնտեսական անբարենպաստ ազդակները կրնային շուտով վերածուիլ ժողովրդային դժգոհութեան եւ ընդվզումի:

Ուրեմն, նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացան միեւնոյն օրը` յունիս 24ին: Թուրքիոյ տեղական թէ եւրոպական շրջանակներու նախատեսութիւնները արդէն համոզուած էին, որ Էրտողան պիտի չկրնար անցնիլ 50 տոկոսի մակարդակը եւ պարտաւորուած պիտի ըլլար երթալու երկրորդ փուլիՙ յուլիս 18-ին ընդդիմադիր (CHP) Մուհարրէմ Ինճէի դէմ: Անգլիական քաղաքական ազդեցիկ շաբաթաթերթը` The Economist, թուելով Էրտողանի քաղաքական եւ տնտեսական սխալները կը պնդէր, թէ Էրտողան պէտք չէ շահի ընտրութիւնները, որպէսզի շրջադարձ մը կատարուի Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Սակայն, այդ նախատեսութիւնը չարդարացաւ, եւ Էրտողան ընտրութիւնը շահեցաւ առաջին իսկ փուլովՙ հաւաքելով գրեթէ 53 տոկոս, իր հակառակորդին` Ինճէի 31 տոկոսին դիմաց: Բայց, Էրտողանի վճռական յաղթանակը չկրկնուեցաւ իր կուսակցութեան պարագային, որ նոյնիսկ նահանջ մը կրեցՙ նախորդ ընտրութեան բաղդատմամբ 2 միլիոն ձայն կորսնցնելով: Այսօր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը (AKP) 600 անդամ ունեցող խորհրդարանէն ներս պիտի ներկայանայ 295 ձայնով. թէեւ Տէօվլէթ Պահճելիի Ազգայնական շարժում (MHP) կուսակցութեան հետ կրնայ մեծամասնութիւն գոյացնել:

Էրտողանի եւ իր կուսակցութեան համար դիւրին չեղաւ այս յաջողութիւնը ձեռք ձգել: Ան 2016ի պետական հարուածէն ի վեր 160,000 անձեր բանտարկած է. երկրին մէջ յայտարարած է Արտակարգ դրութիւն երկիրը կառավարելով նախագահական հրովարտակներով: Միւս կողմէՙ ուղղակի կամ անուղղակի պետականացուած են բոլոր լրատուամիջոցները: Երբ Էրտողան անսահման ժամանակով կը վարէր իր ընտրարշաւը` Մուհարրէմ Ինճէի հեռուստատեսային ելոյթները խիստ սահմանափակուած էին: Իսկ Քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահըՙ Սալահետտին Տեմիրթաշը , որ նոյնպէս թեկնածու էր նախագահութեան պաշտօնին, ոչ մէկ միջոց ունեցաւ հեռուստատեսութեամբ ընտրարշաւի, որովհետեւ ան շինծու ամբաստանութիւններով բանտը կը գտնուի. հակառակ այդ իրողութեան ան 8 տոկոսէն աւելի ձայն ապահովեց, իսկ իր կուսակցութիւնը` «Ժողովուրդներու Ընկերվարական Տեմոքրաթիք» կուսակցութիւնը հատեց 10 տոկոսի սահմանը, 11.7 տոկոս բերելով եւ ընտրելով 67 երեսփոխան:

Ամբողջ երկրի տարածքին, յատկապէս Արեւելքի քրտական շրջաններուն մէջ, ժողովուրդը սարսափի մթնոլորտին մէջ էր: Կարօ Փայլան, որ քրտամէտ կուսակցութեան ցանկով վերընտրուեցաւ, այս սարսափի մթնոլորտին պատճառաւ վէճի մէջ մտած էր ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոսյլուի հետ, որ սպառնացած էր քրտական շրջաններու եւ յատկապէս Աղրըի մէջ «քարը քարին վրայ չթողուլ», ինչպէս աւելի կանուխ բանակը ըրած էր «Սուրի, Նուսէյպինի եւ Ճիզրէի մէջ»:

Կարօ Փայլան պատասխանած էր, որ իր կուսակցութիւնը, իր մեծութեամբ երկրին երրորդ կուսակցութիւնը` նման վերաբերումի կ՚արժանանայ -«եթէ պետութեան նախարարը իր մաֆիոզ բերանով նման սպառնալիք մը կ՛ընէ մեզի, ապա ասիկա երկիր չէ, այլ` մաֆիա»:

Ի դէպ Արամ Աթէշեան սրբազանը, որ պետութեան կողմէ բռնօրէն նստած է պատրիարքական աթոռին, լորձնաշուրթն շնորհաւորական մը յղած է Էրտողանի յաղթանակին առիթով -ինչ որ հասկնալի պարտադրանք մըն է: Միւս կողմէ շնորհաւորած է Մարգար Եսայեանը, որ ընտրուած է նախագահին կուսակցութեան ցանկէն, իսկ անարգական հաղորդագրութիւն մըն ալ հրատարակած է Կարօ Փայլանի դէմ, պատրիարքական պաշտօնաթուղթով, ճիշդ ընտրութեան նախօրէին:

Էրտողան իր ընտրական յաղթանակի հաւաքին յայտարարեց, թէ «Ասիկա 81 միլիոն թուրքերու յաղթանակն է մեզ քննադատող Եւրոպայի դիմաց»: Թէեւ ինք իրաւունք չունի այդ 81 միլիոնին մէջ հաշուելու քրտական տարրը, որ կը կազմէ այդ թիւին առնուազն 20 միլիոնը: Միւս կողմէ, այս յաջողութիւնը ան բնութագրած է իբրեւ յառաջխաղացք դէպի ռամկավարացում, «որ Թուրքիան պիտի մօտեցնէ Եւրոպային». մինչդեռ Էրտողան բեւեռացնող, բաժանարար քաղաքական դէմք մըն է իր երկրին մէջ եւ իր երկրէն դուրս: Ան հրապարակաւ ճակատելով եւրոպական պետութեանց դէմՙ յաջողեցաւ անոնց ընդդիմութիւնը զօրացնել Եւրոպական Միութեան նկատմամբ Թուրքիոյ յաւակնութեանց. բնականաբար իր ընտրութիւնը շնորհաւորեցին նախագահեր Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին. բայց յատկանշական էր Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի պատգամը, որ շնորհաւորական մը ըլլալէ աւելի յորդոր մըն էրՙ Թուրքիոյ մէջ վերահաստատելու դեմոկրատական սկզբունքները: Արդարեւ, Էրտողանի վարած քաղաքականութեան հետեւանքով այսօր Գերմանիա, Հոլանտա, Աւստրիա եւ Ֆրանսա կ՛ընդդիմանան Թուրքիոյ անդամակցութեան: Իսկ Յունաստանը, որ ամէն պատճառ ունի Թուրքիոյ անդամակցութեան ընդդիմանալու -թէ անցեալի արիւնալի պատմութեան եւ թէ ալ այսօրուան Կիպրոսի անլուծելի խնդրով -աւելի յեղյեղուկ եւ անսկզբունք քաղաքականութիւն մը կը դրսեւորէ յաճախ:

Էրտողանի այս յաղթանակը` յաղթանակն էր նոյնինք Թուրքիոյՙ բայց ինքն իր դէմ: Ասիկա յաղթանակ մըն էր բեւեռացնելու թուրք հասարակութիւնը, մոլեռանդ կրօնամոլները հակադրելով Թուրքիոյ եւրոպականացած հատուածին, որուն գլխաւոր դէմքերը կա՛մ բանտերն են եւ կա՛մ հեռացած են երկրէն: Այս բեւեռացումը արդիւնքը չէ անգիտակից քաղաքականութեան մը. Էրտողան, իր քաղաքական զգայարանքով գիտէ թէ ազատութիւն բաղձացող ժողովրդավար տարրերը կարելի չէ կառավարել միապետական միջոցներով: Հետեւաբար անոնց հեռացումը երկրէն կորուստ մըն է Թուրքիոյ համար, սակայն նպաստ մը` Էրտողանի քաղաքականութեան: Ինք գիտէ, թէ դէպի միջնադար նայող զանգուածը, ոգեկոչելով իսլամի ամենէն նախնական տարրերը, կարելի է աւելի հեշտ կառավարել եւ երաշխաւորել այսպիսի ընտրական յաղթանակներ:

Անքարայի եւ Մոսկուայի մերձեցումը որքան մտահոգութիւն կը պատճառէ Արեւմուտքին, նոյնքան եւ աւելի մտահոգութիւն պէտք է պատճառէ Հայաստանին, նկատի ունենալով հայ-ռուսական յարաբերութեանց զգայուն վիճակը: Սովետական Միութեան փլուզումէն ի վեր փոխուած է աշխարհի քաղաքական դրուածքը, միջազգային բազմաբեւեռ յարաբերութեանց պատճառով. անցեալին սեւ ու սպիտակ էր աշխարհի քաղաքականութիւնը. իսկ այն երկիրները, որոնք կ՛ուզէին մնալ գորշ գօտիի մը մէջ, կազմած էին չէզոք զանգուած մը` Հնդկաստանէն եւ Ինտոնեզիայէն` Եգիպտոս եւ անկէ Եուկոսլավիա. մնացեալները դասաւորուած էին կա՛մ Սովետի կողմը, կա՛մ Ամերիկայի:

Այսօր դադրած է այդ զանգուածային դիրքորոշումը քաղաքականութեան մէջ: Մանրուած է քաղաքականութիւնը. այսօր երկիրները կը յարաբերին իրարու հետ մանր քաղաքականութեամբ (mini-politics), թելադրուած սեփական շահերէ: Այսպէս. Եւրոպան կը մասնակցի Ամերիկայի կողմէ Ռուսաստանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն, միւս կողմէ առեւտուր կ՛ընէ Մոսկուայի հետ, որովհետեւ ուժանիւթերու հարցով կախեալ է անկէ: Ամերիկա մաքսային պատերազմ կը յայտարարէ Չինաստանի դէմ, սակայն այս վերջինը, Ամերիկայի սիրոյն, կը պարտադրէ Հիւսիսային Քորէային նստելու բանակցութեան սեղանին: Որեւէ վայրէ աւելի Սուրիոյ մէջ կը դրսեւորուի շահերու բախումներու եւ գործակցութեանց այս մանրուած քաղաքականութիւնը:

Այս լպրծուն իրավիճակին մէջ շատ արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն կը վարէ Էրտողան: Մէկ կողմէ կը վարկաբեկէ իսրայէլեան քաղաքականութիւնը պաղեստիցիներու նկատմամբ անոր բռնարարքներուն համար, իսլամական աշխարհի ղեկավարի փառապսակը վաստկելու, միւս կողմէ, ներքին համաձայնութեամբ, կը շարունակէ գործակցիլ նոյն Իսրայէլի հետ, ռազմական եւ առեւտրական մարզերէ ներս: Արդէն այդ ներքին գործակցութիւնը չխանգարելու ամենէն խորհրդանշական արարքը Իսրայէլի կողմէ անտեսումն էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, որ արդէն բերուած էր խորհրդարանի քուէարկութեան: Նաթանիահու ամէն անարգանք Թուրքիոյ կողմէ կ՛ընդունի եւ կը հասկնայ անոր տարողութիւնը. սակայն գիտէ նաեւ, որ Ցեղասպանութեան հարցով կրնայ Էրտողան անցնիլ Ռուպիկոնը:

Էրտողանի օրով աւելի սերտացած է յարաբերութիւնը Անքարայի եւ Պաքուի միջեւ: Նոյնիսկ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յաւակնի Ատրպէյճանը ներկայացնել միջազգային ատեաններու առջեւ: Նախիջեւանի վերջին շրջանների ռազմականացումը նախաձեռնութիւնն է Անքարայի: Արդէն թուրք սպաներ կայք հաստատած էին այնտեղ. վերջերս տեղակայուած են նաեւ ռազմական օդանաւեր: Դժուար չէ կռահել, թէ որո՞ւ դէմ կրնան գործածուիլ այդ ռազմամիջոցները: Այդ պատճառաւ ալ Ալիեւ աւելի սաստկացուցած է գրգռութիւնները Հայաստան-Նախիջեւան սահմանին վրայ:

Ասիկա պարզ ազդանշան մըն է Թուրքիոյ կողմէ, որ բախումի մը պարագային, այս անգամ, Ատրպէյճան բացայայտօրէն առանձին պիտի չմնայ: Իսկ ի՜նչ կրնայ ըլլալ մեր ռազմական դաշնակիցին` Ռուսաստանի դիրքորոշումը` կարելի չէ նախատեսել:

Նախ Ռուսաստան լիովին չէ իւրացուցած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» անդրադարձը: Միւս կողմէ Թուրքիոյ նման ՆԱԹՕ-ի հսկայ ոյժի մը յարումը Ռուսաստանին քաղաքական անգնահատելի պարգեւ մըն է Ռուսաստանին` Արցախի ճակատագրին հետ բաղդատած:

Էրտողան իր այս յաջողութեամբ ոգեւորուած կրնայ դիմել ոեւէ միջազգային արկածախնդրութեան, քանի հաշուած է աշխարհի քաղաքական ոյժերուն հանդուրժողութեան չափը:

Էրտողան իր այս ներքին յաղթանակը պիտի փորձէ վերածել քաղաքական արտաքին յաղթանակներու:

Մաղթենք որ գոնէ չսկսի Արցախէն:

«Պայքար», 01.07.18

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #26, 06-07-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ