RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2019-01-11 > #002, 2019-01-18 > #003, 2019-01-25 > #004, 2019-02-01 > #005, 2019-02-08

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #3, 25-01-2019



Տեղադրվել է` 2019-01-25 18:57:20 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2912, Տպվել է` 260, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՀԱԼԷՊԸ ԻՐ ՑԱՒԵՐՈՎ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Շուտով սուրիական պատերազմը կը նշէ իր ութնամեակը եւ առաց նոր ամեակներու մաղթանքի, ան կը շարունակէ նշել յաջորդն ու յաջորդները, մինչեւ որ Աստուած, աւելի ճիշդՙ պատերազմի աստուածները, կամենան վերջ տալ անոր:

Երկրորդ տարին է, որ Հալէպ ազատագրուած է ահաբեկիչներու ամէնօրեայ յարձակումներէն, սակայն, դժբախտաբար դեռ չէ ազատագրուած պատերազմի մակաբոյծներէն, չարաշահողներէն, կեղեքիչներէն: Դարձեա՛լ հոսանքի տատանում, դարձեա՛լ վառելանիւթի սակաւութիւն. կազ չկայ, մազութ չկայ: Այսինքնՙ ճաշ եփելը անկարելի է, ինչպէս նաեւ տունը տաքցնելը, յատկապէս որ այս ձմեռ սոսկալի ցուրտ է:

Ելեկտրական հոսանքի տատանումին, կամ բացակայութեան հարցը հեռու է ժողովուրդին հասանելիութենէն եւ հակազդեցութենէն, սակայն մազութն ու պիւթակազը, որ տակառիկներով ու պալոններով կը վաճառուի, վաշխառուներու ձեռքին է:

Մազութը սահմանուած է իւրաքանչիւր ընտանիքի 200 լիթրով, որ բաւելու է ամբողջ ձմրան ցուրտ եղանակին, որ անկարելի է, յատկապէս բազմանդամ ընտանիքներու պարագային: Մազութի բաժանումը վստահուած է թաղապետերուն (մուխթար), որոնք, համաձայնելով տէրերուն հետ, ձեւը գտած են կողմնակի շահեր ապահովելու, յաւելավճարներով կարգը խախտելով եւ որոշեալ քանակէն պակաս մազութ մղելով տանիքներու վրայ զետեղուած պահեստարաններ:

Կազի պալոններու պարագային ալ, իւրաքանչիւր ընտանիք հարկ է որ հերթագրուի դարձեալ թաղապետին մօտ եւ սպասէ, որ օր մը կազը հասնի: Այս պարագային ալ օրինաւոր սակով ժողովուրդին բաժնուելու յատկացուած պալոնները կը յանձնուին թաղապետին, իսկ ան, անոնց մէկ մասը մէկ կողմ դնելով, «տակից», պետութեան որոշած սակէն աւելիով կը վաճառէ:

Այս վիճակը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի, թաղապետն ու իր վերադասները ապօրինի հարստութիւն կը դիզեն, իսկ ժողովուրդը կը շարունակէ համբերել ու տոկալ: Կառավարութիւնը տեղեակ է այս վիճակէն, շատ լաւ գիտէ ինչ կ՛անցնի ու կը դառնայ, սակայն երբեմն աչք կը գոցէ, երբեմն ալ, ծայրայեղ պարագաներու, պատասխանատուները պաշտօնէ կ՛արձակէ, կամ զանոնք կը տեղափոխէ, բանը-բանէն անցնելէ ետք:

Պատերազմը շատ բաներ կը խախտէ մարդոց մէջ. յաճախ բարոյականութիւնը զոհ կ՛երթայ ընչաքաղցութեան, կաշառակերութիւնն ու ապօրինի դրամի կուտակումներու մոլուցքը վարակի պէս կը տարածուի: Նոյնն է ամէն տեղ: Յանցաւորը պատերազմն է:

Պատերազմը ու անոր «խոհարարները»... Երկու համաշխարհային պատերազմներ տեսած եւ բազմամիլիոն զոհեր տուած այս մոլորակին տէրերը, կը կարծուէր թէ խելքի կու գային եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէին յանուն խաղաղութեան, որպէսզի մէյ մըն ալ պատերազմ չտեսնէին ժողովուրդները, սակայն, ըստ իրենց, յանուն խաղաղութեան, պէտք է զինուէին ու զինէին նաեւ աշխարհի բոլոր երկիրները: Ու բանեցան զէնք ու ռազմամթերք պատրաստող գործարանները, աշխուժացան զէնքի շուկաները, եւ որպէսզի աշխույժ մնան շուկաները, երկիրներու միջեւ պատերազմներ յառաջացնող ծրագրուած գրգռութիւններ յառաջ բերուեցան ու աշխարհը վերածուեցաւ համատարած «խարուկահանդէսի»:

Ինչ փոյթ, թէ քանի երկիր աւերուեցաւ, որքան մարդ զոհուեցաւ, որքան մարդ անտուն մնաց, կամ գաղթեց: Ինչ փոյթ, թէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու վրանաքաղաքը ձիւնով ծածկուած է ու քուրջեր հագած երախաներ իրարու փաթթուած կը սառին: Ինչ փոյթ, թէ Հալէպի դպրոցներուն մէջ, վառելանիւթի բացակայութեան, աշակերտները դողալով դաս կ՛ընեն: Ինչ փոյթ, թէ տարեց կամ մանուկ, կին թէ տղամարդ այս ցուրտին, ժամերով հերթի կը կանգնին, որպէսզի կազի տակառիկ մը տուն բերեն եւ տաք ճաշ մը պատրաստեն:

Մինչդեռ փարթամ դղեակներու տաքուկ սենեակներուն մէջ կը շարունակուի «Գիշատիչներու խնճոյքը»:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #3, 25-01-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ