ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՓԱՆՋՈՒՆԻՆԵՐ... ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ Իսկապէս անմահ է Օտեանի հերոսը, դեռ կ՛ապրի ան եւ նպատակ չունի մեռնելու: Ստեպ-ստեպ, հոս ու հոն, ան կը վերադառնայ մեզի իր աղմկոտ, արտառոց եւ նոյնքան ծիծաղելի կերպար-կերպարանքով, եւ վերստին կը գրաւէ բոլորիս ուշադրութիւնը: Եւ արդէն նպատակն ալ այդ չէ՞ միթէՙ ուշադրութիւն գրաւել: Իսկական յեղափոխականն է ան, իր անմիտ սկզբունքայնութեամբ եւ մարտնչող քանդողականութեամբ: Կարծես ուժանակ ( տինամիթ ) կլլած ըլլայՙ կը բռնկի վառօդի պէս, կը բորբոքի, կ՛ընդվզի ու կը կռուի բոլորին հետ, նոյնիսկՙ ինքզինքին: Չի հանդուրժեր այլակարծութիւնը, ողջախոհութիւնը, կարգուկանոնը, անկեղծօրէն կը զարմանայՙ երբ չեն բաժներ իր կարծիքը, ա՛լ աւելի կը զայրանայՙ երբ չեն ընդունիր իր պահանջները, չեն ենթարկուիր իրեն: Անոնցմէ մէկն է Գէորգ Եազըճեանը: Մասնագիտութեամբ պատմաբան ու բանասէր, ասպարէզովՙ հանրային գործիչ ու խմբագիր, կոչումովՙ յեղափոխական: Արդէն յեղափոխական ծնած է ան, ծառայած է անոր դպրոցական տարիքէն իսկ եւ, իմ տպաւորութեամբ, պիտի ծառայէ ընդմիշտ: Յեղափոխական կրակը իր մէջ նոր ժայթքումներ ունեցաւ անցեալ ապրիլ-մայիս ամիսներուն, երբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ թաւշեայ իշխանափոխութիւնը: Իշխանափոխութեան մըն ալ ի՛նք ձեռնարկեց, այս անգամՙ Ամենայն հայոց հայրապետին դէմ, եւ խումբ մը փանջունիկներու հետ, «մի քիչ փող ուղարկէք»ներու տեսակէն, լծուեցաւ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումին, որուն գաղափարախօսն ու խօսնակը դարձաւ անմիջապէս: Ան ունի գերագոյն փառասիրութիւն (հայաստանցիները պիտի ըսէինՙ ամբիցիա ) մըՙ գահազրկել Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, որ, ըստ իրեն եւ իր համախոհներուն, որոնց մէջ նաեւՙ Լոս Անճելըսէն անթիլիասական նախկին եկեղեցական մըՙ Ոսկան Մխիթարեան անունով, «բռնազաւթեր» է Գր. Լուսաւորիչին գահը, «պղծեր» է Մայր աթոռը, «խայտառակեր» է Հայոց եկեղեցին: Բացատրութիւն չկայՙ Գարեգին Բ կաթողիկոս որմէ՞ «բռնազաւթեր» է գահն ու եկեղեցին. յիշողութեան կորուստՙ 1995-ին երջանկայիշատակ Գարեգին Ա կաթողիկոսի համար ո՞վ եւ որմէ՞ իսկապէս բռնազաւթեց Ս. Աթոռը: Սակայն այստեղ նպատակս կաթողիկոսաբանութեամբ զբաղիլը չէ- ինձմէ շատ աւելի ձեռնհասներ զբաղած ու տակաւին ստիպուած պիտի ըլլան զբաղելու այդ եւ յարակից հարցերով: Նպատակս անդրադառնալն է մե՜ծ յեղափոխական Գ. Եազըճեանի վերջերս (մարտ 11) «անխնայ տարածել եւ կայք-էջերու մէջ տեղադրել» հրահանգով համացանցի միջոցով սփռած յօդուածին, զոր գրած է ի պատասխան մեր քոյր հրատարակութեանՙ «Պայքար» շաբաթաթերթի 10 մարտ 2019-ի խմբագրականին, որ կը կրէ «Կարգազուրկ նախկին եկեղեցականը դարձեալ գործի վրայ» վերնագիրը եւ որուն հեղինակը, թէեւ անստորագիր, Երուանդ Ազատեանն է: Չեմ ուզեր մե՜ծ յեղափոխականին միտքի բոլոր փայլատակումներուն անդրադառնալ, այլ ստորեւ պիտի փորձեմ թուարկումը կատարել անոնցմէ ոմանցՙ հակիրճ: ա) Բանակռիւներու եւ ընդհանրապէս կռիւի ժամանակ խորհուրդ չի տրուիր յարձակիլ հակառակորդի ուժեղ կողմերուն վրայ: Սաՙ որպէս սկզբունք, զոր ինծի սորվեցուցած է իմ եւ նոյնինքն Ե. Ազատեանի վարպետըՙ քաջակորով խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանը: Եազըճեան ճիշդ հակառակը կ՛ընէ. կը փորձէ յարձակիլ Ազատեանի թերեւս ամէնէն ուժեղ կողմինՙ շքեղ եւ մաքրամաքուր արեւմտահայերէնին վրայ: Առիթըՙ Ազատեանի օգտագործած «դիմազերծած» բառն է, որ կը վերաբերի Եազըճեանի պաշտպանեալներէն եւ, բնականաբար, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումի փանջունիկներէն ոմն Կարէն Պետրոսեանին: Ազատեան, ըստ Եազըճեանի, փոխարէնը պէտք էր «դիմակազերծած» բառը գործածած ըլլար: Եւ այդ «սխալը» առիթ տուած է մե՜ծ յեղափոխականին արձանագրելու. «Այսքան տարրական բանն ալ չի գիտեր Կոտալազեանը (Ե. Ազատեանի նախկին ազգանունն է:- Յ.Ա.), որ ամէն մեղքիս վրայ, նաեւ գրողի ինքնասիրահարուածութեան հոգեկան ախտէն կը տառապիՙ հեղինակած ըլլալով վաղուց աղբանոցին մէջ հանգրուանած քանի մը գիրքերՙ հայերէնի իր այս տգիտութեամբ»: Առանց մեկնաբանութեան պիտի ձգեմ վերի մէջբերումըՙ այդ պարտականութիւնը թողլով Ազատեանի գրականագիտական ու հրապարակախօսական երկերու գեղեցիկ լեզուին հիացող բազմաթիւ ընթերցողներու ուսերուն, Սփիւռք թէ Հայաստան: Պիտի չուզեմ նաեւ ենթարկուիլ Եազըճեանի խմբագրած կամ հեղինակած գիրքերուն լեզուաքերականական սխալները մատնանշելու փորձութեան: Այլ պարզապէս կ՛ուզեմ անոր աչքին գերանը ցոյց տալ իրեն իսկ: Եւ այդ գերանըՙ իր յօդուածին առաջին իսկ նախադասութեան մէջՙ « Մարդկութեան , այդ թիւինՙ մեր ազգին մէջ անպակաս եղած են զրպարտիչներն ու բանսարկուները »: Ասիկա արեւմտահայերէն չեղաւ, ոչ ալ արեւելահայերէն, որ ներգոյական հոլով կ՛առնէ (այդ թվում ), ոչ իսկ գրաբար, որ դարձեալ ներգոյականով կ՛ըլլայ ( ի թիւս ): Հիմաՙ ի՞նչ ընենք, մե՜ծ յեղափոխականին գրածները աղբանոց նետե՞նք: բ) Միշտ խօսելով Ե. Ազատեանի մասինՙ Եազըճեան կը գրէ. «Այս արարածը կուսակցութիւնը քանի մը կտորի բաժնելէ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը ծախելէ եւ գումարը գրպանելէ ետք» : Պիտի չուզեմ Ազատեանի պաշտպան փաստաբանը ըլլալ, ան պէտք ալ չունի ինծի, քանի որ Քալիֆորնիայի գերագոյն դատարանն արդէն օրերս յօգուտ ԹՄՄ-ի մերժեց ընդունիլ նոյն հարցով ներկայացուած զրպարտչական դատը: Սակայն կ՛ուզեմ Եազըճեանին ըսել, որ եթէ ինք Ամերիկա ըլլարՙ այդ խօսքերուն եւ յատկապէս «գրպանել» բառին համար դատարանը զինք ոչ թէ կը դիմակազերծէր, այլՙ կը դմակազերծէր ամբողջովին, որպէս զրպարտիչ: գ) Քիչ մը թուաբանութիւն: Մերօրեայ Փանջունին ըստ երեւոյթին շատ վիրաւորուեր է Ազատեանի այն պնդումէն, թէ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումը «քանի մը ամիս հանգստանալէ վերջ կրկին գործի անցած է» : Ո՛չ, կը յարէ մե՜ծ յեղափոխականը բարկաճայթ, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութիւնը երբեւէ չէ հանգստացած եւ հանգստանալու միտք ալ չունի» : Ու որպէս ապացոյց կը յիշեցնէ «անցեալ տարուան 15 դեկտեմբերին Վաղարշապատի մէջ ինքնաշարժներով բողոքի երթը» , ու զարմանքով հարց կ՛ուտայՙ «Կարելի՞ է անցեալ տարուան դեկտեմբերը յայտարարել մարտ ամիսէն «քանի մը ամիս» հեռու» : Արդարեւ, անխոնջ յեղափոխական, որուն համար ամօթ է հանգստանալը, թէկուզ 3 ամիս: Բայց իր զայրոյթին մէջ անիկա չ՛անդրադառնար, որ դեկտեմբեր 15-էն մինչեւ մարտ 10 իսկապէս «մի քանի ամիս» կ՛ընէ, ինչպէս գրեր էր Ազատեանը: դ) Ինչպէս տեսանքՙ Եազըճեան թուաբանութիւն չի գիտեր: Չի գիտեր նաեւ դրամամաբանութիւն, որ կրնար բարոյացուցական ըլլալ մտաւորական մարդու մը համար, եթէ այդ գումարը չվերաբերէր գործակալական վարձատրութեան: Իր հզօր թեւերուն տակ առնելով իրենց շարժման փանջունիկներէն ոմն Կարէն Պետրոսեանը, Եազըճեանը կը պնդէ, թէ ան «երբեւէ չէ եղած Քոմփաս հետազօտական կեդրոնի տնօրէն» , ինչպէս գրեր էր Ազատեանը, այլ «ընդամէնը գործակցած է այդ Կառոյցին հետ» , որուն համար ստացած է դրամաշնորհ, որուն «ընդհանուր գումարը չէ գերազանցած երկու տասնեակ հազար ամերիկեան տոլարը» ... Այլ խօսքովՙ Եազըճեանը կը կրկնէ այն, ինչ որ Ազատեանը գրած էր, ընդամէնը մէկ ուղղումով: Հոս խնդիրն այն է, որ Եազըճեանի համար այդ վարձատրութիւնը, ընդամէնը 20 հազար, յիշել իսկ չ՛արժեր: Անշուշտ, այդ գումարը բնաւ համեմատելի չէ միւս փանջունիկներու, օրինակՙ յայտնի դրամաշնորհակեր Լեւոն Բարսեղեանի մը կամ Արթուր Սաքունցի մը ստացած վարձատրութիւններուն հետ, սակայն այդ ե՞րբուընէ 20 հազարը Եազըճեանին համար եղաւ այդքան արհամարհելի, բացատրութիւն չունիմ: ե) Գէորգ Եազըճեան իր պաշտպանութեան տակ առած է նաեւ, փաստօրէն, Մայր աթոռի Կարգապահական ատեանի որոշումով եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի վաւերացմամբ կարգալոյծ հռչակուածՙ իր պնդումովՙ «շուրջ 80 օծուած հոգեւորականներ» ը: Իրեն համար բնաւ կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ համար եկեղեցական խստագոյն պատիժին են արժանացեր այդ մարդիկ: Մե՜ծ յեղափոխականին համար անոնք բոլորն ալ կարիք ունին իր պաշտանութեան, եւ անոնց շարքինՙ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ, տխրահռչակ Կիւրեղեանը: Իրեն համար բնաւ կարեւոր չէ, թէ ի՞նչն էր պատճառը անոր կարգազրկումին: Բնաւ կարեւոր չէ նաեւ այն նամակը, զոր գրած էր Կիւրեղեանը ի գիտութիւն Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր աթոռներուն, թէ իրեն վստահուած թեմը կը յայտարարէր անջատուած Մայր աթոռի ենթակայութենէն: Իսկական յեղափոխական արարքՙ արժանի նորօրեայ յեղափոխականներու ծափահարութեան: զ) Որպես փանջունիական ավանդոյթներու շարունակող, Գէորգ Եազըճեանը չէր կրնար թեւերուն տակ չառնել նաեւ Ս. Գայիանէի նախկին վանահայր եւ կարգազրկեալ վարդապետ (ներողութիւնՙ աբեղայ) Կորիւնը: «Մեր նախաձեռնութեան անդամներն ու համակիրները ,- կը գրէ Եազըճեան գլխագրելով որոշ բառեր,- ՉԵՆ ՃԱՆՉՑԱԾ ու ԵՐԲԵ՛Ք ՊԻՏԻ ՉՃԱՆՉՆԱՆ Հայր Կորիւնին կարգալուծութեան ՀԻՄՔԷՆ ԻՍԿ ԱՆՎԱՒԵՐ որոշումը» : Իրաւաբանութեան մէջ ասոր կարծեմ կ՛ըսենՙ ինքնիրաւչութիւն, այսինքն իր իրաւասութենէն դուրսՙ իրաւունքի կամայական տնօրինում: Նման, օրինակ, այն գնդապետին, որ ինչ-ինչ պատճառով զրկուած է իր կոչումէն, սակայն կը շարունակէ զինուորական ուսադիրները կրելՙ առ ոչինչ համարելով հրամանատարութեան որոշումը: Թէեւ թէ՛ կոչում տուողը, թէ՛ կոչումէն զրկողը նոյն մարմինն է: Եթէ այդպէս, հապա ինչո՞ւ խորհուրդ չտալ ժամանակակից մեր յեղափոխականներուն զգայացունց քայլ մը եւս առնելու. նկատի ունենալով կարգալոյծ աբեղային բարեմասնութիւնները եւ յատկապէս անոր թաւաբոյս մօրուքըՙ զինք հռչակել ամենայն հայոց կաթողիկոս, կարգալոյծ եղած 80-եակէն գտնել առնուազն երեք նախկին եպիսկոպոսներ եւ հանդիսաւոր օծումը կատարել, ապա «համայն հայութիւնը» հրաւիրել աջահամբոյրի: Չ՛ըլլա՞ր: Ինչո՞ւ չ՛ըլլար. մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ նախադէպերը կան: Զարեհ Ա կաթողիկոսը օծուեցաւ ընդամէնը երկու հայ եպիսկոպոսներով, Վանայ Իշխանը Աղթամարի կաթողիկոս հանեց-դրաւ առնուազն մէկ անգամ: Հա՛, մոռցայ յիշեցնելու կարեւոր բան մը եւսՙ օծման արարողութեան անպայման հրաւիրել միւս Փանջունինՙ Ոսկան Մխիթարեանը. թերեւս պզտիկ նուիրատւութիւն մըն ալ ընէ ի պայծառութիւն նոր հիմնուած կաթողիկոսական աթոռին: Այդ պարագային «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումը վերածուած կ՛ըլլայ «Նոր Հայաստան, երկու հայրապետ»ի: |