RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#009, 2019-03-08 > #010, 2019-03-15 > #011, 2019-03-22 > #012, 2019-03-29 > #013, 2019-04-05

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #11, 22-03-2019



Տեղադրվել է` 2019-03-22 00:11:34 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2285, Տպվել է` 31, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Մարդիկ դրամագլուխներ կ՛օգտագործեն իրենց գործարքներուն, կամ ձեռնարկներուն համար. մէկըՙ իր դրամը, միւսըՙ իր ճարտար ձեռքերը, երրորդ մըՙ իր ձայնը, ուրիշ մը իր գիտութիւնը, եւ այսպէսՙ իւրաքանչիւրը իր ունեցած շօշափելի կամ զգալի կարողութիւններով գործի կը ձեռնարկէ, անշուշտ յաջողելու եւ դրամ շահելու համար:

Զանազան տեսակի դրամագլուխներու ծանօթ էի, սակայն ոտքի վէրքերը դրամագլուխի վերածելուն չէի հանդիպած, մինչեւ որ աչքովս տեսայ:

Խնդրոյ առարկան երիտասարդ մըն է, որ անթացուպերով կը չափէ մայթերը, կարճ տաբատին վարէն վէրքերով ծածկուած իր սրունքները ցուցադրելով: Բարձրաձայն օգնութիւն կը խնդրէ, կը մուրայ, եւ անցորդները ի տես իր «խղճալի» վիճակին, անմիջապէս ափին մէջ մանրուքներ կը դնեն:

Կը յիշեմ զինք անցեալ տարուընէ, երբ Աբովեանի հրապարակամերձ մայթերուն վրայի սրճարաններուն դիմաց կ՛երթեւեկէր ու կը մուրար: Հիմա սկսած է Մաշտոց պողոտային մայթերուն վրայ երթեւեկել, «աշխատանքային» նոյն արտաքինով ու ձեւակերպութիւններով: Այստեղ ալ մարդիկ անտարբեր չեն անցնիր ու ափին մէջ դրամներ կը դնեն:

Ես, որ մուրացող տարեց կիներուն մօտէն անտարբեր չեմ անցնիր, ձեռքս չգնաց, որ այս երիտասարդին ափին մէջ մետաղադրամ մը դնեմ: Չեմ գիտեր ինչն էր ձեռքս բռնողը. չհամոզուեցայ, սխալ բան մը տեսայ ընդհանուր պատկերին մէջ: Նախ, որ երիտասարդ է, ապա, վէրքերով ծածկուած սրունքները պատճառ չեն որ կաղայ եւ անթացուպեր գործածէ. իսկ որ ամենակարեւորն էՙ ինչո՞ւ բուժումի չի դիմեր: Անցեալ տարուընէ մինչեւ այս տարի սրունքին վէրքերը ինչո՞ւ նոյնը մնացած են... Ու ակամայ տարուեցայ մտածելու, որ շինծու բան մը կայ պատկերին մէջ: Ոտքերուն վէրքերը կեղծ չեն, մաշկային լուրջ բորբոքումի արդիւնք են, սակայն ինչո՞ւ չի դարմաներ:

Միամիտ հարցում է, չէ՞. ինչո՞ւ դարմանէ եւ զրկուի իր «դրամագլուխէն», իր շահու աղբիւրէն: «Շահու աղբիւր» ըսի եւ պատահականօրէն բերնէս դուրս չեկաւ, դիտեցի. մէկ րոպէի մէջ 4-5 հոգի ափին մէջ դրամ դրին: Վստահ եմՙ 50 դրամէն պակաս դնող չեղաւ, սակայն եթէ ըսենք, թէ իւրաքանչիւրը նուազագոյնը 20 դրամ դրաւ, ապա մարդը մէկ վայրկեանի մէջ 100 դրամ շահեցաւ, մէկ ժամուան մէջ 100 X 60, իսկ մէկ օրուան մէջ, եթէ հաշուենք որ օրական 10 ժամ կը մուրայ, ապա, ուրեմն 100 X 60 X 10... Հաշիւը դուք ըրէք ու պատրաստուեցէք ցնցուելու: Այս մարդուն ամսական եկամուտը շատ աւելի է, քան նախարարի մը աշխատավարձը:

Գործ մը, որ զուտ շահ է, ոչ աշխատատեղի վարձք, ոչ եկամտահարկ, ոչ կողմնակի ծախսեր...

Թերեւս որոշ անձեր իմ նկատողութեանս մէջ դաժանութիւն տեսնեն, սակայն լուրջ մտածողը կը հասկնայ, թէ ի՞նչ է իմ դիտարկումիս տուն տուողը: Շատ գրեցի մուրացկաններու տխուր եւ վարկաբեկիչ երեւոյթին մասին, յատկապէս երբ պառաւ կիներ են խնդրոյ առարկաներըՙ մայրեր ու մեծ մայրեր, որոնք իրենց յառաջացած տարիքին փողոցները կ՛իյնան, կամ իրենց հարազատները զիրենք փողոց կը մղեն. չէ՞ որ անոնք ալ շահաբեր դրամագլուխներ են, սակայն ոչ մէկ անդրադարձ: Իսկ այս պարագային պատկերը կրկնապատիկ տխուր ու տգեղ է, որովհետեւ այս երեւոյթին ետին պետական անհոգութիւն մը կը նկատուի, ոչ անպայման օտարի աչքին, այլ մեր աչքին ալ: Եթէ քաղաքապետարանին հոգը չէ, առողջապահութեան նախարարութեա՞ն ալ հոգը չէ այսպիսի հիւանդոտ ոտքերու տողանցքը:

Որոնք որ են այս «պիզնեսի» հովանաւորները, թող քիչ մը երկրի վարկին մասին մտածեն, երկրի արժանապատուութե՛ան, փոխանակ այդ շահերով խորովածի ու օղիի սեղաններու շուրջ բաժակ բարձրացնեն հայրենիքի կենացը:

Օփերայի տարածքի սրճարանները «ապամոնդաժելու» կողքին, «ապամոնդաժելու» է նաեւ որոշ մարդոց հոգիներուն մէջ բոյն դրած եսամոլական, շահադիտական վնասակար ծրագիրները:

Այս բոլորէն ետք, եթէ սխալած եմ իմ նկատողութիւններուս ու քննադատութիւններուս մէջ, կանխաւ, հրապարակա՛ւ ներողութիւն կը խնդրեմ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #11, 22-03-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ