RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#027, 2020-09-04 > #028, 2020-09-11 > #029, 2020-09-18 > #030, 2020-09-25 > #031, 2020-10-02

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #29, 18-09-2020



Տեղադրվել է` 2020-09-17 22:19:56 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1328, Տպվել է` 5, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Կէս ժամ տարբերութեամբ երկու տեսարաններ ուշադրութիւնս գրաւեցին. Հիւսիսային պողոտայի վրայ երկու ոստիկան անդիմակ աղջիկ մը կանգնեցուցին, ես դանդաղեցուցի քայլերս, որպէսզի տեսնեմ թէ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք: Աղջիկը ձեռքի պայուսակէն թուղթ մը հանեց եւ ցոյց տուաւ ոստիկաններուն: Հետեւցուցի, որ բժշկական արտօնագիր առած է դիմակ չկրելու համար: Անցայ առաջ, դիմացէս եկող երկու պատանիներուն զգուշացուցի, որ ոստիկան կայ, լաւ կ՛ըլլայ որ դիմակնին տեղադրեն: Անմիջապէս դիմակները գրաւեցին իրենց տեղերը, մինՙ կզակին տակէն վեր բարձրացնելով, միւսը թեւին անցուցածը դէմքին անցընելով:

Այս պատանիները հաւանաբար տան մէջ, թէ դպրոցին, այսքան արագ չեն ենթարկուիր հրահանգի, կամ թելադրութեան մը, սակայն, ոստիկան բառը մոգական ազդեցութիւն ունենալովՙ պարտադրեց որ ենթարկուին օրէնքին եւ տուգանքէ զերծ մնան:

Ոստիկան... Polis, որ յունարէն քաղաք կը նշանակէ, ի՞նչ կապ ունի մեր ոստիկանին հետ, ինչու շատ մը երկիրներու նման մենք ալ փոլիս, կամ պոլիս բառը չենք որդեգրած: Անմիջապէս լուծեցի հարցը, ապրի՛ մեր լեզուն, երեւի ոստիկան բառն ալ «Ոստան» բառերէն եկած է , որ մեծ քաղաք, կամ մայրաքաղաք կը նշանակէ: Մեզի ամենածանօթը ԿոստանդնուՊՈԼԻՍն է, որ Կոստանդին կայսեր հիմնած քաղաքն է, ոչ թէ թուրքերու:

Վերադառնամ վերը գրածիս. ուրեմն կէս ժամ ետք Ագաթանգեղոս փողոցի վրայ եմ եւ հանրակառքի կը սպասեմ: Դիմացս կանգնող ու անցնող փոքր երթուղայիններուն տեսքն ու վիճակը ուղղակի սարսափելի են, մասնաւորաբար երեկոյեան ժամերուն: Մենք առօրեայ մեր խօսակցականով ուղեւորները «Պաստրմա եղեր են կ՛ըսենք մէջի անբնական խճողումը տեսնելով, կամ ալ մեքենան «Սարտին տուփ»ի կը նմանցնենք: Դեռ աւելի խնդալիքը, երեւի քաղապետարանի պահանջքին անսալով, պատուհանին վրայ ալ ազդագիր մը կայՙ ոտքի կանգնած ճամբորդելը արգիլուած ըլլալը յայտարարող: Ի՜նչ «սոցիալական հեռաւորութիւն», ի՜նչ բան...

Պողոտայ մը, ուր վարակուելու հնարաւորութիւնը շատ հազուադէպ է, ոստիկան կայ դիմակները ստուգող, որմէ կը սարսափին մարդիկ, ոչ թէ ոստիկաններէն, այլ տուգանուելէն, մինչ այդ ոչ մէկ ոստիկանի նշոյլ այնտեղ, ուր վարակուիլը շատ աւելի հնարաւոր է:

Հիմա պիտի ըսէքՙ մարդիկը աշխատանքէ ետք տուն պիտի հասնին, ընտանիք ունին, երեխաներ... Շատ բարի, այդ բանը բոլորս գիտենք, իսկ քաղաքապետարանը չի՞ գիտեր, որ այդ խճողումի պահերուն կարգադրէ որ երթեւեկող փոխադրակառքերը կրկնապատկուին:

Երբ «տրանսպորտը» յանձնուած է անհատ մարդոց, կամ կազմակերպութիւններու, անոնք միայն իրենց շահը կը մտածեն, թքած ունին (այս ալ հոս սորվեցայ) մարդոց հանգիստին կամ առողջութեան վրայ:

Ճափոնի մէջ, շոգեկառքը պարտադիր կ՛անցնի շատ հեռաւոր գիւղէ մը, պարզապէս դպրոցական մէկ հատիկ աշակերտուհի մը քաղաք փոխադրելու համար: Շոգեկառքը պետական է եւ պետութիւնը պատասխանատու է իր քաղաքացիներուն ծառայելու եւ անոնց հանգիստը ապահովելու:

Ուրեմն, երկու չափ, երկու կշիռ ըլլալու չէ: Ոստիկանին համար հաճելի է ճեմիլ Հիւսիսային պողոտայով եւ «քէֆի» համար «որս» փնտռել: Սակայն հաճելի չէ կանգառներուն մօտ կանգնիլ եւ երթուղայինները ստուգել, կամ քաղաքացիներուն հետ հարց ունենալ եւ նոյնիսկ պատրաստ ըլլալ կռուելու, ոտքի կանգնելով, անհանգստութիւնն ու վարակուելու վտանգը աչքը առած ընտանիքի մը հօր, կամ մօր հետ:

Այնքան ծուռ ու սխալ բաներ կան քաղաքին մէջ, ուր ոստիկանի հետք չկայ: Բայց, ահա՛ աչքիս առջեւ չորս ճանապարհային ոստիկան, իրենց ծառայողական մեքենայէն իջած, մայթին վրայ կը ծխեն ու զովացուցիչ հիւթեր կը խմեն. Իրենք ալ մարդ են, չէ՞, իրենք ալ կը տաքնան ու կը քրտնին, չէ՞: Վերջացնեմ: Ես ալ քրտնեցայ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #29, 18-09-2020

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ