ՊԷՅՐՈՒԹ Յակոբին ու Դիանայինՙ գերագոյն սիրով Ծովըդ ա՛լ չի խաղար մանուկներուդ հետ, Ծովանալով անոնց մանրիկ հետքերուն Եւ աւազին խորած խեփորներուն մէջ, Ուրկէ ցոլցըլալով ծովո՛վ մը աւելի, Կը հագնէիր բացուած գաղտակուրի փայլերՙ Ժպիտն ու ծիծաղը մանուկներուդ: Անմեղութիւնըդ ո՞վ դարձուց տարագիր Եւ ո՞ր այլուրներու բաբելոնեան բորբ ուռիներուն տակ, Քաղա՛ք իմ մանկունակ... Ահ, մի՛ պատմեր ինծի... Թէեւ հեռու քեզմէ, Բայց դժոխքիդ ճենճոտ ճարճատիւնն է ճայթեր Ճիչերուս մէջ անճար, Բորբոքելով մոծիրն ու մութն իմ գեհենիս, Եւ կուսօրէն կիզուող նարնջենիներուդ Կոկոններն են պայթեր, ստինքներու նման, Մղձաւանջիս կաւատ ու ներքինատիպ Խպլիկներուն կպչուն ու գիջաշաղախ ձեռնափերուն մէջ: Բայց քու անմեղութեանդ հեռաստաններէն, Փոխան մոխրոտ, սակայն իրենց մոխրացումով Բուն մոխրի համն առած ձիթաստաններուդ, Չունի՞ս ճիւղիկ մը գէթ, տերեւիկ մը գոնէ, Իբրեւ որպիսութեան ու վերադարձի Անխախտ առհաւատչեայ, քաղա՛ք իմ անմեղ: Ըմբռնէ՛ զիս սակայն. Ես չեմ եկած քեզի, որ օր մը օրանց Քու կործանած-կոտրածներուդ համար հաշիւի Մատեաններ բանամ: Ես ի՞նչ, ի՞նչ կրցայ ես ընել, Երբ իմ իսկ ոստանիս դիւաններուն մէջ Առհաւական, անանց մուրհակներս անգամ Կեղծ, կե՛ղծ հռչակուեցան, իսկ եսՙ կտականե՛նգ... Օ՜, քաղաք իմ, ի՜նչ բախտ, որ անթերաիաւատ Շօշափել քեզ կրնամ կրկին-կրկին Ու քեզ շօշափելով, գոչել դժուարստաց, Միա՛կ իմաստութեամբ. - Ճի՛շդ է, ճի՛շդ է ամէն կեանք ու ընթածիր, Միայն արդար ու ճի՛շդ... Ճի՛շդ էր, երբ չվառած գլանակըս դեռ քու գլանակէդՙ Փչեցի ես բոլոր լուցկիներըդ մէկէն, Կարծես անոնք գունեան մոմիկներ չըլլային Կարկանդակին վրայ տարելիցի մը, ուր ես կոչնական չէի: Ճի՛շդ էր, միմիայն ճի՛շդ, երբ կաղնիի բունի Օղակներուն վրայ եւ սարդոստայնօրէն Բոլորշի էին եւ գերզգայուն օրերը բոլոր Եւ գիշերներն, ինչպէս կրկներեւոյթներ անապատայինՙ Կորնթարդ ու խոր: Ճի՛շդ էր, երբ շաչելով հպանցեց դէմքըս ստուեր մը ցինի, Եւ ես չհաճեցայ նայիլ քու երկնքիդ, Ուր ձորերէդ ցայտած Կար բիլ ամպիկ մը միշտ, Ինչպէս արագիլ մէկ ոտքի վրայ... Եւ ճիշդ, ճի՛շդ է հիմա իւրաքանչիւր կեանք, ամէն ընթածիր, Երբ որ խորշակածեծ ծառի փչակին մէջ մտած հողմեր մոլեկան Կը սարսեն բունն արդէն Եւ կը սասանեն ուղէշ ու ոստեր: Ճի՛շդ է, ճի՛շդ ու արդար, որ քեզի պահ տուած Իմ յիշատակներուս խորանին վրայ Սուրբ շուշփայով բռնածՙ սկիհ չես ամբարձած, Այլ թոյլատրած ես, որ հաղորդութեան նման Մերկութիւններ իրենց գերարդիական աստուածները որսան, Մուգ ակնոցով յառած ամպ ու ալիքներուդ, Ինչպէս աստուածարեալ հնդկուհիներ իրենց մոռացօնքի ափին Կ՛ուռկանէին կանաչ ջրիմուռի տեսքով Պուտտայի չոր գանկեր: Եւ ճի՛շդ է տակաւին, Որ պատանեկան իմ տողերուս տեղ, Ուր կը մեռնէր կարծես կարապ մը հեզիկ, Նորեկ երգիչներըդ բարձրախօսներու ձիգ պատիճներով Կը թռցնեն խռպոտ խլահաւերու խառնախուժ տարմեր... Ինչո՞ւ, բայց ես ինչո՞ւ վերյիշեցի յանկարծ, Կ՛ըսեն, թէ շերտաւոր աքիսը Սիպերիոյ թաւուտներուն մէջ, Երբ ձմեռուան պաշար կերն իր թաքթաքուր Գողնան գող անծեղներ, Կ՛անջատէ իրարմէ զոյգ մը ճկուն ճիւղեր Եւ դնելով անոնց պինդ պրկութեան միջեւ Պարանոցն իրՙ մէկէն Լուռ կ՛արձակէ զանոնք: Թփրտոց մը խուլ: Անծեղներ խրտչած... Եսՙ գողցուած համակ, Կողոպտուած իսպառ, Ողբամ ու աւաղե՞մ հիմա Յոբի նման, Որ դրուժանօրէն Չեղայ այդ աքիսին չափ իսկ յուսահատ Եւ քու մէջդ եմ ահա, քեզի հետ եմ նորէն Քաղա՛ք իմ ծովանոյշ ու մանիշաբոյր: Բայց ծովդ ա՛լ չի խաղար մանուկներուդ հետ... |